ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արեւմտեան Այտըն նահանգի Նազիլլի շրջանին մէջ, զբօսայգիի մը կառուցման աշխատանքներուն ընթացքին, հայկական երկու գերեզմաններ յայտնաբերուած են: Տապանաքարերուն մասին տեղեկացուցած են Այտընի թանգարանի ղեկավարութիւնը եւ Նազիլլիի քաղաքային իշխանութիւնները:
Ըստ Այտընի թանգարանի տնօրէնին՝ գերեզմանաքարերուն վրայ կան հայերէն գրութիւններ եւ կը կարծուի, որ անոնք 17րդ դարէն մնացած են։
Այժմ տապանաքարերը զետեղուած են շրջանի Սիւմեր կոչուող զբօսայգիին մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *