«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կը յայտարարէ նոր մրցանակ մը հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու համար:
Աշխարհի տարբեր ծագերուն, պսակաձեւ ժահրին հետեւանքով, հայերէնի ուսուցիչները ստիպ-ուած կ՛ապաւինին առցանց ուսու-ցման։ Ճիշդ է, որ առցանց ուսու-ցումը մանկավարժական, ինչպէս նաեւ հոգեբանական մեծ բեռ մըն է շատ մը ուսուցիչներու համար, սակայն նկատելի է, որ այսօր Սփիւռքի դպրոցները հետզհետէ կը դիմեն դասաւանդումի նո-րարար ձեւերու։
Այս առումով, տարբեր հնա-րամիջոցներ գործածող ուսու-ցիչներ իրենց առցանց դասարան-ներուն մէջ կ՛որդեգրեն ուսուցման նոր ձեւեր եւ կը դիմեն արհեստագիտական նոր միջոցներու։ Գնահատելու համար անոնց ջանքերը եւ նկատի ունենալով մեր առաջնահերթութիւնները՝ յատկապէս արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կը փափաքի քաջալերել հայերէնով դասաւանդող Սփիւռքի ուսուցիչներու համացանցային նախա-ձեռնութիւնները, մրցանակներ շնորհելով մշակուող եւ կիրարկուող ամէնէն նորարար, իւրայատուկ եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներուն։
Այս ծրագիրներուն շարքին կրնան ըլլալ տեսանիւթերը, դասերու նախագիծերը, թուային գիրքերը, համացանցային դասարաններու ձեւաւորումը, եւ մանկավարժական այլ նիւթեր՝ պատրաստուած ուսուցիչին կողմէ՝ իբրեւ առցանց ուսուցման միջոց։ Նիւթերուն պարունակութիւնը պէտք է ըլլայ հայերէն, բայց պարտադիր չէ, որ անոնք վերաբերին միայն հայերէնի դասապահերուն, այլ ինչո՞ւ չէ՝ թուաբանութեան, գիտութեան, աշխարհագրութեան, եւ հայերէնով դասաւանդուող որեւէ ուրիշ նիւթի։
Գնահատումը պիտի կատարուի երկու շաբաթը անգամ մը, մինչեւ Մայիսի վերջը. մրցանակակիրները պիտի ստանան 500 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ նպաստ մը (նոյն անհատը կամ խմբակը երկու անգամէն աւելի չի կրնար մրցանակակիր դառնալ)։
Դիմումները եւ հարցումները պէտք է ուղղուին
armonlineteachingprize@gulbenkian.pt հասցէին, մինչեւ 31 Մայիս։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունք

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *