Կեդրոնական ամերիկեան խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու եւ գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ Տանիէլ Օրթեկա Հայոց ցեղասպանութեան 105¬ամեակին առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մըճանչնալով եւ դատապարտելով Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ գործադրուած ծանրագոյն ոճրագործութիւնը: Օրթեկայի յայտարարութեան բնագիրը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ, տարածած է Մեքսիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը: «105 տարի առաջ, այսօրուան նման օր մը, աշխարհը սարսափով տեղեկացաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ շուրջ 1,5 միլիոն հայերու կոտորածներուն մասին: Զինուորական պարտութիւններու իբրեւ հետեւանք ցնցումներ ապրող կայսրութեան ղեկավարները միացան Գերմանիոյ
Անթանթի դաշինքը դիմակայելու համար այնպիսի ժամանակ, երբ կայսրութեան զինուորական ղեկավարութեան քարոզչութիւնը կը ներկայացնէր կամ նպատակ կը հետապնդէր ի ցոյց դնել հայերըիբրեւ խառնակիչներ կամ ռուսերուն ծառայող հինգերորդ շարասիւն: «Իբրեւ հետեւանք
տասնեակ հազարաւոր հայեր սպաննուեցան կամ Անատոլուի շրջաններէն քշուեցան Սուրիոյ անապատներ, ուր կոտորուեցան Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ պատմութեան ամէնէն արիւնոտ էջերը կազմող արարքներուն ընթացքին, ինչ որ մինչեւ այսօր վերջինս կը ժխտէ, հակառակ ՄԱԿ¬ի 1948 թուականի Ցեղասպանութեան մասին ուխտի երկրորդ յօդուածի կետերուն», նշած է Օրթեկան:
Յանձնախումբի նախագահը յայտնած է, թէ կը միանայ Հայոց ցեղասպանու-թիւնը ճանչցած եւ դատապարտած պետութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն:
«Իբրեւ Կեդրոնական ամերիկեան խորհրդարանի Արտաքին յարաբերու-թիւններու եւ գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ, կը միանամ աւելի քան երեսուն պետութիւններուն, Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին, գիտնականներուն, մտաւորականներուն, անհատներունդատապարտելով Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ ցեղասպանութեան ոճիրը եւ մերժելով այս յանցագործութեան ու պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրման ուղղուած ժխտողականութեան որեւէ փորձ», շեշտած է Տանիէլ Օրթեկա: Ան նշած է, որ Օսմանեան կայսրութեան անկումը Թուրքիոյ մէջ աւելի լայնածաւալ դարձուցած է քրիստոնէական յառաջադէմ եւ պահանջատիրական համայնքներու դէմ ամբոխավարական արշաւը: «Հայաստան առաջին երկիրն էր, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն, հռոմէական տիրապետութեան ժամանակներէն ի վեր
դիմակայելով իսլամութեան տարածման, իրեն յարող տարածքներուն մէջ, բացառութեամբ ուղղափառ Վրաստանի: Օսմանեան կայսրութեան անկումը, պայ-մանաւորուած զինուորական շարունա-կական պարտութիւններով, սաստկա-ցուց քրիստոնէական յառաջադէմ եւ պահանջատիրական համայնքներու դէմ ամբոխավարական արշաւը:
«Թրքական անարդար օրէնքներու եւ բարձր հարկերու դէմ հայ ազգա-բնակչութեան բողոքներու եւ ապստամ-բութիւններու իբրեւ հետեւանք թուրք մահմետականներու շրջանակին մէջ հայերու հանդէպ անվստահութիւնը իտէալական իրավիճակ ստեղծած էր հայերը բնաջնջել ուզողներուն համար, որոնք փորձեցին կատարել ատիկավերը նշուած հետեւանքները արձանագրելով», նշած է Օրթեկան: Նշենք, որ Կեդրոնական ամերիկեան խորհրդարանը ստեղծուած է 1991 թուակա-նին, կեդրոնատեղին կը գտնուի Կուաթեմալայի մայրաքաղաք Կուաթեմալայի մէջ է: Մաս կը կազմէ Կեդրոնական ամերիկեան պետութիւններու համարկման համակարգին: Միապալատ օրէնսդիր մարմինը բաղկացած է անդամ պետու-թիւններու
Կուաթեմալայի, Սալվատորի, Հոնտուրասի, Նիքարակուայի, Փանամայի եւ Տոմինիքեան հանրապետութեան 120 պատուիրակներէն: Խորհրդարանին մէջ դէտի կարգավիճակ ունին Մեքսիքան, Փորթօ Ռիքոն, Մարոքը, Թայուանը եւ Վենեզուելան:
