Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ ապրող երեխաներուն գիտար-ուեստական սարքերով ապահովելու նպատակով Մայիս 6-էն երեք օր շարունակ տեղի պիտի ունենայ բարեգործական առցանց համերգ«Վայելէ՛ երաժշտութիւն & աջակցի՛ր երեխաներուն» խորագիրով:
Երաժշտական կատարումները հնարաւոր պիտի ըլլայ ունկնդրել Eworld Kids Foundation / Իվորլդ Մանկական Հիմնադրամի «Ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջին վրայ
Մայիս 6-ին, 20:30-էն սկսած:
«Եռագոյն»-ի փոխանցմամբ այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը։
Համերգին նպատակն է զարգացնել առցանց ուսուցումը մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ խրախուսել մարզերու երեխաներունբացայայտելու եւ կիրառելու առցանց հարթակի կրթական բազմատեսակ հնարաւորութիւնները:
Ծրագիրը բացառիկ է, քանի որ նախաձեռնողները մարզերու երեխաներն են: Անոնք պարբերաբար դիմած են վերոնշեալ հիմնադրամին, որպէսզի գիտարուեստական սարքաւորումներու աջակցութիւն ստանան իրենց հարեւան գիւղերու ընկերներուն համար: Արդիւնքով կազմակերպուած է վերոնշեալ համերգը: Հաւաքուած սարքերը իրենց գիւղի ընկերներուն պիտի բաժանեն այն երեխաները, որոնց նախաձեռնութեամբ կ՛իրականացուի առցանց համերգը:
Համերգային ծրագրին միացած են Ռոպերթ Ամիրխանեանը, Վահագ Ռաշը, Միքայէլ Ոսկանեանը, Անտրէ Սիմոնեանը, Քրիստինա Սահակեանը, «Բամբիռ», «Լաւ էլի», «YellowStones», «Ոստան հայոց», «Նուրի» խումբերը, Project LA-ը, Արամ MP3-ն, Լիլիթ Բլէեանը, Գարիկ Հայրապետեանը, InRock Quintet-ը, FIX Freedom Is Expensive-ը եւ այլք:
Անոնք, որոնք կը ցանկան աջակցիլ երեխաներուն, կրնան որեւէ գումար փոխանցել Ամերիա դրամատան 1570058629070100 հաշուեհամարին: Ստացող
«Իվորլդ Մանկական Հիմնադրամ»: Նպատակը` օգնել երեխաներուն տեխնիկական միջոցներով:
Կրնան նուիրաբերել նաեւ համակարգիչ, հեռախօս, պլանշետ (եթէ աշխատող չեն, կը վերանորգուին):
Նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացնեն Eworld Kids Foundation / Իվորլդ Մանկական Հիմնադրամը եւ «Մարզերի երեխաները մարզերում» ծրագրի մարզաբնակ աշխոյժ երեխաները:
