Թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Սփիւռքը մնացած են պարագայական նախաձեռնութիւններու սահմաններուն մէջ։ Այս մասին, ըստ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի, Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս։
«Ցարդ, Հայաստանը չէ կրցած ճիշդ ու ամբողջական կերպով օգտագործել Սփիւռքի ներուժը։ Միւս կողմէ, Սփիւռքը չէ կրցած իր ներուժը համախմբել ու ներդաշնակել. եւ այսպէս, թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Սփիւռքը մնացած են պարագայական նախաձեռնութիւններու սահմաններուն մէջ։ Այս կացութիւնը կարելի է շրջել համահայկական օրակարգի մը մշակումով՝ Սփիւռքը մասնակից դարձնելով համահայկական այս գործընթացքին»,- գրած է Արամ Ա. Կաթողիկոս։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *