«Ազդակ», 21-5-2020
***Իսրայէլացի Միջին Արեւելքի հարցերու մասնագէտ լրագրող Ճաքի Հուճի…(էջ 4):
—Միջին Արեւելքը չէ, որ իսրայէլացի է, այլ լրագրողը:
Ուրեմն՝ «Միջին Արեւելքի հարցերու մասնագէտ իսրայէլացի լրագրող Ճաքի Հուճի»:

***նախորդ 24 ժամուան… (էջ 1):
—Չենք կրնար ըսել «նախորդ 24 ժամը», այլ հայերէնը կը պահանջէ որ ըսենք .«Նախորդ 24 ժամերը»: Ուրեմն նաեւ՝ «նախորդ 24 ժամերուն»:

***Տիապ այսօր պիտի փոխանցէ պատգամ մը (էջ 1):
—Պատգամը կը յղեն, կ’ուղղեն, կու տան,– չեն փոխանցեր:
Ան ոչ աղաման է, ո՛չ սոխի գլուխ է, ո՛չ ֆութպոլի գնդակ է, նոյնիսկ եթէ այսպիսիները շփոթողներ գտնուին:

*** «Անոր անձնակազմը Իսրայէլի մէջ պիտի չմնան» (էջ 4):
—Անոր անձնակազմը Իսրայէլի մէջ պիտի չմնայ:

***Միացեալ Նահանգներ՝ եզակի՞,թէ՞ յոգնակի
ա) Էջ 1.
— յատկացուցած են յոգնակի
— կ’ուղարկեն յոգնակի
— կ’արգիլեն յոգնակի
բ) էջ 4.
— ստացած է եզակի
— տրամադրած է եզակի
— պիտի մատակարարէ եզակի
— կը կատարէ եզակի
— կը գրաւէ եզակի

Ուրեմն այս երկիրը ունի քերականական որ ձեւէ. թիւ մը.
—Ան 62,5 % յոգնակի է:
—Եւ 37,5 % եզակի է:

Յ. Գ.  - Պէտք է այս հազուագիւտ գիտելիքը  յանձնել հայկական կրթական հաստատութիւններու  բարձր ուշադրութեան, որպէսզի ճիշդ ուսուցեն  քերականական թիւ ըսուած գիտութիւնը, որ միշտ սորվելիք բան մը ունի մամուլէն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *