Յովհաննէս Հաննէսեան՝
Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի յիշատակին

Հայրս… ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՆԷՍԵԱՆ։
Ծնած է Կիլիկոյ Հաճըն քաղաքը։ Հաճնոյ բարբառը իր մայրենի լեզուն էր։ Ուսումը… Մեսրոպեան տառերու՝ Ա.Բ.Գ.ի ճանաչողութիւնը, պարզապէս։ Կալուածատէր ու անասնապահ ընտանիքի զաւակ, ու այդ գծով ալ հովիւ մը՝ պարթեւ հասակով՝ Կիլիկեան լեռներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ։
Հայրս՝ հազիւ 18 տարեկան, իր խիզախ հօր Կարապետին, ֊֊ զոր Հաճընցիներ կ’անուանէին «Հաննէսոնց Կիյապետը»֊֊, ինը եղբայրներուն եւ 80 ընտանիք հաշուող մեծ գերդաստանի մը կռուողներուն հետ՝ քաղաքի ինքնապաշտպանութեան արուարձանային բլուրի մը վրայ՝ որ կը կոչուէր «Հաննէսեաններու ճակատ»՝ արիաբար դէմ կը դնէին ներխուժող նախայարձակ թուրքերուն՝ Հաճնոյ ութամսեայ հերոսամարտին։
Անհաւասար ուժերով, պաշտպանողական բնոյթով այս կռիւները կը վերջանան արծուեբոյն Հաճըն քաղաքի անկումով՝ 15 Հոկտեմբեր 1920ին։ Հայրս կը կորսնցնէ իր ութը եղբայրները, հայրը եւ իր գերդաստանը՝ գրեթէ ամբողջութեամբ։ Դառն ու դաժան պայմաններու տակ կը հեռանայ իր ծննդավայրէն. կը մտնէ գաղթի ճամբան, օր մըն ալ ինքզինք կը գտնէ Դամասկոսի մէջ։





Մայրս․․․ ՄԱՔՍԻՄ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ։ Ծնած է Կիլիկիոյ Սիս կաթողիկոսանիստ քաղաքը․ դուստրը՝ Աւետիքի եւ Թրֆանտայի։ Աւետիսեան գերդաստանի մակդիրը՝ սիսեցիներուն համար «Կէօշկէօշ» էր, այսինքն՝ «գաղթող»։ Ուստի՝ իր հայրը ծանօթ էր որպէս «Կէօշկէօշ Աւետիք», այն աւանդութեամբ թէ՝ Աւետիսեաններ Զէյթունէն եկած ըլլան Սիս քաղաքը։
«Կէօշկէօշ Աւետիք»ին դուստրը Մաքսիմ՝ աղջնակ մըն էր տակաւին, իր ծնողքին, երկու քոյրերուն եւ չորս եղբայրներուն հետ ձիակառքով կը կտրեն արաբական անապատները։ Շաբաթներ տեւող այս ճամբորդութեան ընթացքին կը մեռնի ձին, որու կը յաջորդէ կարաւանին առաջնորդ՝ հեղինակաւոր հօր մահը։ Բայց կարաւանը կը շարունակէ իր փշոտ ուղին՝ հասնելու համար Իրաքի Քիրքուք քաղաքը, ուրկէ շրջան մը ետք, կու գան Դամասկոս։
Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, հայրենազուրկ ու գաղթական դարձած հայրս ու մայրս, Յակոբն ու Մաքսիմը կը կազմեն հայ ընտանիք մը՝ մեղրալուսնային֊ամուսնական երդիք ունենալով վրան մը, որ մէկն էր այն վրաններէն՝ հայ գաղթականներով վրանաքաղաքի վերածուած։ Եւ ի՜նչ յուզախառն տխուր տարիներ․․․ որ կարճ ժամանակ մը ետք, հայրս ու մայրս պիտի հիւրընկալեն իրենց ամուսնական վրանէն ներս՝ ուրիշ նորապսակ Հաճընցի զոյգ մը, հօրս քեռորդին՝ Փանոսը եւ իր հարսը՝ Ովսաննան, որ միասնաբար կիսեն վարագոյրով մը բաժնուած վրանի մը պարգեւած բարիքները, որպէս ընտանեկան բոյն։
Այսպէս․․․ սերունդ մը ամբողջ ծնաւ անապատներու մէջ, եւ վրաններու տակ։ Կարճ ժամանակ ետք, հայրս իր յամար աշխատանքով վրաններէն անցաւ փայտաշէն ու ապա՝ քարաշէն տուներու մէջ։ Տարիներու ընթացքին, ան փոխեց իր թաղը, փոխեց քաղաքը, մի՛շտ դէպի լաւը։ Հայրս ու մայրս շրջան մը Դամասկոս ապրելէ ետք, կը տեղափոխուին Պէյրութ, ուր ծնունդ կու տան իրենց երրորդ զաւկին՝ Յովհաննէսին, 28 Յունուար 1929ին։
* * *
Մօրս գիտցած միակ լեզուն թրքերէնն էր։ Կը թուի թէ, իր ծննդավայրին մէջ, ան կարճ ժամանակով
գացած է դպրոց, սորված է միայն Ա․ Բ․ Գ․ը։
Մայր դառնալէ ետք, իր գիտցածը փոխանցեց զաւակներուն, այսինքն՝ մեզի։ Ան, խօսուած հայերէնը կը հասկնար, բայց քաջութիւնը
չունեցաւ խօսելու։ Տարիներ ետք, իր թոռնիկներուն
եւ ընտանի կենդանիներուն հետ կը փորձէր խօսիլ հայերէն՝ երբ առանձին մնար անոնց հետ։ Այս իսկ պատճառով, քոյրս՝ Անոյշը, եղբայրս՝ Կարապետը
եւ ես, մանկական մեր առաջին թոթովանքներն ու փոխասացութիւնները եղան թրքերէն։ Իսկ հօրս համար ցաւ էր, որ ո՛չ հայերէնը, եւ ոչ
ալ Հաճնոյ բարբառը՝ հաճընցերէնը կրցած էր դարձնել տան մայր լեզուն, յատկապէս մեր անչափահասութեան
շրջանին։
* * *
Նախնական կրթութիւնս կը ստանամ Պէյրութի հանրածանօթ Սահակեան Բարձրագոյն Ազգային Վարժարանին մէջ, վկայուելէ ետք Մանկապարտէզէն, նախակրթարանէն․ կ’աւարտեմ կրթական այս հաստատութեան ութնամեան 1945ին, որու տնօրէնն էր անզուգական մարդ մը՝ Բենիամին Ժամկոչեան։ Ապա, կը շարունակեմ ուսումս Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ, ուր Լեւոն Շանթ՝ որպէս տնօրէն, Նիկոլ Աղբալեան, Կարօ Սասունի, Գառնիկ Գիւզէլեան կը դասաւանդեն գրաբար, մատենագիտութիւն, գրականութիւն, Հայոց պատմութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն եւ այլ՝ հայաշունչ մթնոլորտի մը մէջ։ Ճեմարանի լսարանական երեք տարիներու ուսանողական շրջանը բոլորելէ ետք, 1948ին կ’աւարտեմ նաեւ Համազգաինի ա՛յս ճեմարանը։
Քարակոփ հօրս տկար տնտեսութիւնը հարկադրեց զիս, որ չընդառաջեմ ճեմարանի Տնօրէնութեան ցանկութեան, շարունակելու ուսումս Եւրոպայի մէջ, որպէս իրենց սանը։
Ուսանողութեանս յաջորդեց վեց տարուան ուսուցչութիւն, իմ առաջին կրթական հաստատութեան մէջ։ Ապա, տասը տարի «Լիբանանի Դաշնակցային Դրամատան» պաշտօնեայ՝ պատասխանատու պաշտօններով։
Ուսուցչութիւնը ձգելէ անմիջապէս ետք, մաս կազմեցի Սահակեան Բարձրագոյն Վարժարանի Հոգաբարձութեան, իսկ 1969ին, եղայ հիմնադիր անդամներէն մին՝ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (Հ․Կ․Բ․Մ․ի)։
1952ին, Պէյրութի հայահոծ շրջանին մէջ, Նահր պողոտայի վրայ, եղբօրս՝ Կարապետին հետ հիմը դրինք «Շիրակ» հրատարակչատան֊տպարանի, եւ գրատան։
Այս հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ ու խմբագրումով լոյս տեսան այլազան բովանդակութեամբ շուրջ հարիւրէ աւելի գիրքեր։ Այսպէս, բազմալեզու բառարաններ, համագաղութային ընդունելութեան արժանացած «Շիրակ Երգարաններ», գրական, պատմական, լեզուական, մանկական հրատարակութիւններ, գրավարժութեան֊գեղագրութեան տետրակներ, դասագիրքեր․․․ որոնք գնահատուեցան ու փնտռուեցան եւ ուսանողներու կողմէ՝ անցնող աւելի քան երեսունհինգ տարիներու ընթացքին։
Բացի «Շիրակ Հրատարակչատան» վերոյիշեալ հատորներէն, «Շիրակ» որպէս տպարան՝ հայ հեղինակներու պատուէրներով լոյս ընծայեց բազմահարիւր գիրքեր, եւ պարբերական մամուլ՝ տասնեակներով։
«Շիրակ»ի բոլոր հրատարակութեանց մէջ ներդրած եմ անձս՝ որպէս խմբագրող, վերստուգող կամ սրբագրիչ։ Քաջալեր հանդիսացած եմ շատերուն՝ մղելով զանոնք դէպի գիր ու գրականութիւն, որ դառնան հեղինակ։
Հրատարակչատան բեղուն աշխատանքներու զուգընթաց, գլխաւոր մտահոգութիւններէս մին եղած է նոր սերունդի հայեցի կրթութիւնը, եւ առ այդ, յարաճուն կապ հաստատած եմ սփիւռքահայ բոլոր վարժարաններուն հետ։
1975ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով, տասը տարի տեղահան ապրելէ ետք, 1984ին, կնոջս՝ Սօսիին, եւ երկու զաւակներուս՝ Շահէին եւ Հրաչին հետ հաստատուեցայ՝ հայ գաղթօճախներու պատմութեան մէջ շոնղալից կերպով մուտք գործող Լոս Անճելըս քաղաքը։
Անցնող տասնամեակներուն «Շիրակ»ի կողմէ լոյս ընծայուած հարիւրաւոր գիրքերու անհաշուելի տպաքանակը ու անոնց կատարած դերը՝ ապահովեցին «ազգային վաստակ մը ու բարի համբաւ» հրատարակչատանս, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայրենիքի մէջ։
Հակառակ ասոր, մուտք գործելու համար նոր երկրէ մը, եւ նոր գաղութէն ներս, առօրեայ կեանքը կը պահանջէր գերագոյն լարում բոլոր ուժերուդ, ֊֊ նիւթական, մտաւոր եւ հոգեկան, ֊֊ ոտքի կանգնելու համար նախ անձդ֊եսդ, ու ապա՝ գործդ։
1984-1989 հնգամեակը՝ ինծի համար, եւ
«Շիրակ»ին՝ հանդիսացաւ վերակառուցումի֊ինքնահաստատումի նոր շրջան մը։ 1990ի սեմին, «Շիրակ» հրատարակչատուն֊տպարան֊գրատունը
կենսունակօրէն շարունակեց իր աւանդութիւնը՝ նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ։
* * *
Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէս ի վեր, ապրեցայ ու գործեցի հայահոծ Հոլիվուտի մէջ, որ սիրտն է կարծես Լոս Անճելըսի հայ զանգուածին, ինչպէս Պուրճ Համուտը՝ Պէյրութի։
Հայ մարդն ու ազգային կեանքը յուզող առաջնահերթ մտահոգութիւնը մեր բոլորին տեղաշարժն է, յատկապէս վերջին տասնամեակին։ Տագնապին խորութիւնը արձագանգ գտած է գրեթէ բոլոր գրութիւններուս մէջ, որոնք օրին լոյս տեսան սփիւռքահայ մամուլին մէջ։ Այդ բոլորը, ու նոր գրութիւններ կազմեցին միջուկը «Գաղթը Վէրքով Ու Երգով» գիրքիս, որ վկայութիւն մըն է մեր ժամանակներուն, եւ վերջին հարիւրամեակին։
1989ի Փետրուար ամսուն հրապարակ ելած «Գաղթը Վէրքով Ու Երգով» գիրքը, թէ՛ ընթերցողներուն եւ թէ գրողներուն ու մտաւորականներուն ուշադրութեան արժանացաւ։ Գրող՝ Պօղոս Գուբելեան, 20 Հոկտեմբեր 1989ին, «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթին մէջ կը գրէ․
«Շատ գրուեցաւ Յ․ Հաննէսեանի վերջերս հրատարակուած այս գիրքին մասին։ Սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ քիչ կը պատահի, որ հատորի մը հրատարակութիւնը ֊֊ որ ոչ վէպ է, ոչ ալ պատմուածքներու հաւաքածոյ ֊֊ այսքան հետաքրքրութիւն ստեղծէ ու մեծ թիւով գրախօսականներու արժանանայ։ Այդ բախտին երբեմն կ’արժանանան միայն կուսակցական գրողներ ֊֊ անկախ իրենց արժանիքէն եւ անոնք՝ որոնց ետին կազմակերպութիւն մը կանգնած է»։
Հետեւեալ գրողները հայ մամուլին մէջ գրախօսականով արտայայտած են Յովհաննէս Հաննէսեանի «Գաղթը վէրքով ու երգով» գիրքի մասին՝ Վահէ Օշական, Գոհար Թէօլէլեան, Արսէն Պաղտոյեան, Մօ․ Եդուարդ Յակոբեան, Պօղոս Գուբելեան, Նշան Շահէն, Գրիգոր Գեղունի, Վանիկ Սանթրեան, Օշին Քեշիշեան, Ժան Աբոյեան, Թորոս Թորանեան, Սուրեն Պապաեան, Վարազդատ Դոդորեան, Ջանիբեկ Ջանիբեկեան, եւ Անահիտ Մէյմարեան․․․
Յովհաննէս Հաննէսեան
Փոխան Ինքնակենսագրականի
1929-1989
Քարտէզներու Պատրաստութիւն՝ Հրաչ Հաննէսեան