ՌԱԿ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ
Յակոբ Անդրէասեան, Երուսաղէմ

Երուսաղէմէն տիար Յակոբ Անդրէասեան, վերջերս գրած իր յօդուածին մէջ ի միջի այլոց կþըսէ.
«Իսկ Տիար Ոսկան Մխիթարեանին բարեկամաբար պիտի յիշեցնեմ թէ ՌԱԿ-ի յայտարարութիւնը օգտագործելով յարձակումներ չ’կատարէ ՌԱԿ-ի նախկին ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանին դէմ, որ կը մնայ մեր յարգելի ընկերը»:
Ու ապա կ’աւելցնէ. «Այն փորձերը, որոնց միջոցով կը փափաքին միամիտ կամ պատեհապաշտ մարդիկը համոզել թէ «վեհին» կամ «վեհափառին» (Գարեգին Բ.ին) «դպնալը» նոյն է թէ մեր Սուրբ Հաստատութիւնը հարուածել, ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ միտումնային, կանխակալ եւ իրականութիւնը թաքցնելու խղճուկ փորձեր են: Ո՛Չ եւ հազար անգամ Ո՛Չ, որովհետեւ առնուազն տգիտութիւն է եւ պատմութեան տրամաբանութենէն անտեղեակ անճարակ փորձեր»:
Նոյն յօդուածին մէջ, տիար Անդրէասեան, մէկ նալին կը զարնէ, մէկ ալ քամին: Այլ խօսքով, իր յօդուածով ինքզինք կը հակասէ, երբ կը փորձէ պաշտպանել, ՌԱԿ-ի նախկին ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանին:
Երեւի թէ, տիար Անդրէասեան կամ չէ՛ կարդացած իր նախկին ատենապետին «Մայր Աթոռն ու անոր Գահակալը», տիար Ոսկան Մխիթարեանի խօսքերով՝ «տխրահռչակ եւ, ինչո՞ւ չէ, իր բովանդակութեամբ այլանդակ յայտարարութիւնը»:
Եւ կամ ալ, տիար Անդրէասեանի համար նախկին ատենապետի հասցէին ուղղուած որեւէ քննադատութիւն «Կարմիր Գիծ» է: Եթէ այսպէս շարունակենք մտածել, կարմիր գիծերու շարքը պիտի երկարի:
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *