23/05/2020
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» Շաբաթաթերթ (Ֆրանսա)
Գաղութիս ծանօթ դէմքերէն, երկար տարիներ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սպասարկած Սահակ սարկաւագ Սուքիասեան նամակ մը յղած է ֆրանսահայ մամուլի երեք անուններուն՝ «Նուվէլ տ՚Արմենի»-ին, «Ֆրանս-Արմենի»-ին եւ «Նոր Յառաջ»-ին։ Ան այդ նամակին մէջ կը յայտարարէ, թէ վրդոված՝ կը քաշուի եկեղեցական կեանքէն եւ կը բացատրէ այդ վրդովումին պատճառները. նամակին կցած է նաեւ սոյն որոշումին առնչուող որոշ փաստաթուղթեր։
Ստորեւ, ֆրանսերէնէ թարգմանաբար՝ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք Սահակ Սուքիասեանի նամակը.-
Պարոնայք,
Արդէն երկու ամիս է, որ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեան լքած է թեմը ու հեռացած։
Կարծեմ հարկ չկայ նշելու՝ պատիժը պիտի ըլլար անմիջական, եթէ ան որեւէ հօտի «սովորական հովիւ» մը ըլլար։ Ներկայի բացառիկ պայմաններուն մէջ՝ Հայ Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ կաթոլիկ, աւետարանա-կան կամ ուղղափառ մեր քոյր եկեղեցիներու պատասխանատուները իրենց պաշտօններուն գլուխն են։
Շատեր բարձրաձայնեցին այս մասին ու յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնը։ Ի պատասխան՝ թեմական պատասխանատուները նախ մնացին խոր լռութեան մէջ, ապա ծածկելու համար առաջնորդին փախուստը՝ տուին որքան անհեթեթ, ա՛յնքան ալ արհամարհական պատասխան մը, ֆրանսական ասացուածքով՝ «ցրուեցէ՛ք, տեսնելու բան չկայ»-ի շեշտով։
Դժգոհութեան ահագնացող ալիքին գիտակից՝ եպիսկոպոսը եւ Թեմական խորհուրդի նախագահը այսօր իսկ (Մայիս 19 – «ՆՅ») հրապարակեցին «արտակարգ ընդհանուր ժողով»-ի հրաւէր մը՝ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 12-ին համար, բնականաբար պայմանաւ՝ որ համաճարակը թոյլ տայ։
Այս նամակը թէ՛ իր բովանդակութեամբ, թէ՛ ալ իր ոճով նո՛յնքան գերիրատեսական է, որքան իմ հարցադրումներուս որպէս պատասխան՝ Թեմական խորհուրդին կողմէ Ապրիլ 26-ին ինծի ղրկուած նամակը։
Տրուած ըլլալով՝ որ անտեսուած են իմ մտահոգութիւնները, ինչպէս քանի մը ամիս առաջ պարոն Արամ Քերովբեան, ինչպէս ուրիշներ գաւառը կամ Փարիզ, այսուհետեւ ես ալ կը քաշուիմ եկեղեցական կեանքէն, մինչ լաւագոյն օրեր։
Յարգանօք՝
ՍԱՀԱԿ սարկաւագ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ