ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր», «Նիուզ».- Պոլսոյ Հայոց պատրիար-քութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, 23 Մայիսին, այս անգամ Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Գուզկունճուք թաղամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկե-ղեցւոյ վրայ յարձակում մը կատարուած է։
Հակառակ անոր, որ փողոց իջնելու արգելք կար այդ շաբաթավերջին, անծանօթ անձ մը եկեղեցւոյ արտաքին դրան վրայ բարձրանալով՝ կոտրած է այդտեղ գտնուող մետաղեայ խաչը, գետին նետած է զայն եւ փախուստ տուած է։ Յարձակումը կարելի է դիտել https://news.am/eng/news/581508.html կայքէջին վրայ։
Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը 27 Մայիսին տեղեկանալով դէպքին մասին՝ դիմեց ապահովութեան տնօրէնութեան եւ կարելի եղաւ ձերբակալել յանցագործը։
Յիշեցնենք, թէ նման դէպք մը պատահած էր 8 Մայիսին, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածինի եկեղեցւոյ առջեւ, ուր անծանօթ անձ մը փորձած էր հրկիզել եկեղեցւոյ արտաքին դուռը, ապա փախչած էր. յանցագործը ձերբակալուեցաւ։
Նոր յարձակումէն ետք, հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանին միջոցաւ յստակացումներ պահանջեց Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայէն՝ հարցնելով. «Եթէ յարձակումը եկեղեցւոյ մը փոխարէն մզկիթի մը վրայ ըլլար, լուռ կը մնայի՞ք»։
Աւելի ուշ, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտթ Կիւլ դատապարտեց յարձակումը։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *