Եգիպտացի անուանի քաղաքական գործիչ Ամրօ Մուսա (արաբական լիկայի նախկին առաջին քարտուղար եւ եգիպտոսի նախկին արտաքին գործոց նախարար), որ օրեր առաջ խօսած է «սքայ նիւզ արապիք» կայանին ըսած է, որ այսօրուան դրութեամբ թուրքիան կը համարուի արաբական աշխարհի թիւ մէկ թշնամին։Մուսա մասնաւորապէս ըսած է՝ «թուրքիան ներկայիս արաբական աշխարհին համար մեծագոյն վտանգն է: Այս երկիրը վերջին օրերուն զինուորական քայլերու դիմեց արաբական աշխարհի երեք տարբեր կէտերու մէջ` հիւսիսային իրաքի մէջ օդային հարուածներու ճամբով, հիւսիսային սուրիոյ մէջ գետնի վրայ զինուորական ներկայութեամբ, լիպիոյ մէջ ցամաքային, ծովու, վարձկաններու եւ միլիսներու ճամբով»:
«Շրջանին մէջ կը դիմագրաւենք շատ վտանգաւոր զարգացումներ, որոնց նորագոյնը թուրքիոյ նոյն պահուն մէկէ աւելի վայրի մէջ գտնուելու կարողութիւնն է, ուստի թուրքիան իր ռազմավարական կարողութեան պատճառով արաբական աշխարհին համար աւելի վտանգաւոր է, քան իրանը, ինչպէս նաեւ անդամ է նաթօ-ին եւ ռազմավարական ու հսկայական յարաբերութիւններ ունի միացեալ նահանգներու, ռուսաստանի, ինչպէս նաեւ հասարակաց շահեր եւրոպական միութեան հետ»:
Մուսա կը կարծէ, թէ «կարելի պիտի չըլլար թուրքիոյ ընել ինչ որ կ’ընէ լիպիոյ մէջ, կամ անցնիլ միջերկրականի ջուրերը, կամ պարտադրել իր ռազմավարական ներկայութիւնը, վարձականներու եւ միլիցներու ճամբով առանց մեծ ուժերուն համաձայնութեան»,- աւելցնելով, որ անգարա անշուշտ որ օգուտ կը քաղէ այդ բոլորէն: Ան մատնանշած է, որ մեծ ուժերը ներկայ են լիպիոյ մէջ, ինչպէս՝ միացեալ նահանգներ, ռուսաստան կամ եւրոպական այլ երկիրներ: «պայման չէ որ այս երկիրներու շահերը համահունչ ըլլան, բայց բոլորն ալ կը ձգտին պահելու իրա-վիճակը ինչպէս որ է, մինչեւ յարմար կարգաւորում»:Ըստ Մուսայի, այս ուժերը « չեն ուզեր, որ Սարաժը՝ (Թրիփոլիի կառավա-րութեան նախագահը) տիրանայ ամէն ինչի, ոչ ալ Հաֆթարը (Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատարը) տիրանայ ամէն ինչի»:Ուշագրաւ է, որ Ամրօ Մուսայի այս աննախադէպ յայտարարութիւնը կը հնչէ եգիպտոսի նախագահ զօր. Ապտըլ ֆաթահ Ալի Սիսի բաւական ձիգ յայտարարութիւններէն առաջ, որոնց ընթացքին սիսի անուղա-կիօրէն ըսած էր, որ իրենք լիպիոյ հարցով վճռական են եւ դէմ պիտի դնեն արաբական շահերուն դէմ գործողներուն։
