Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր ըսած է, որ հայկական արտադրութեան «Քորոնա» ժահրի հաստատման PCR փորձարկիչները պատրաստ են:
Անոնք պիտի օգտագործուին Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ պետական պատուերով իրականացուող հետազօտութիւններուն համար:
«Ասիկա լուրջ յառաջընթաց է մեր բժշկագիտութեան եւ հիմնարար գիտութիւններու համար: Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Մոլեկուլային (մասնիկային) կենսաբանութեան հիմնարկինփորձարկիչները մշակելու եւ արտադրելու համար, ինչպէս նաեւ պարէտատան
անոնց մշակման համար անհրաժեշտ պարագաներն ու նիւթերը ձեռք բերելու եւ Հայաստան ներածելու համար»,- նշած է նախարարը:
