ԳՐԵՑ՝ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո՚չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զար-գացման գանձարանը: Ուստի աններելի կը գտնենք մեր այսօրուան «ղեկա-վարութեան» անտարբերութիւնն ու ենթակայութիւնը:
Մեր ժողովուրդի առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ են, որոնք յաճախ դիտաւորեալ կերպով ստեղծուած են մեր կեանքը բարդացնելու համար: Սակայն՝ մեզի կը պակսին այդ խոչընդոտները յաղթահարելու կամքն ու կորովը եւ ընկղմած ենք համատարած անտարբերութեան մէջ, որովհետեւ դադրած ենք հաւատալէ որ Եկեղեցին էական դեր ունի կատարելիք մեր ազգային կեանքին մէջ:
Վերջին հարիւրամեակի քաղաքական հալածանքները, տեղահա-նութիւններն ու գաղթական կեանքը՝ իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնն ու դրոշմը բերին մեր ժողովուրդի ընդհանուր աշխարհայեացքին վրայ, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ուր ազգովին կլանուեցանք նոր բարքերու յորձանուտին մէջ: Պայմաններու բերումով, մերազգային կեանքին մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւնները նոր հանգրուանի մը առջեւ դրին Հայ ժողովուրդի ընկերային-հասարակական կեանքը, մասնաւորաբար գաղթավայրերու մէջ, ուր ամբող-ջութեամբ ենթարկուեցանք միջավայրի պայմաններուն, երբեմն ալ մեր աւանդութիւններուն հակոտնեայ սկզբունքներու, ստեղծելով այնպիսի պայմաններ՝ ուր եղծուեցան մեր ազգային բոլոր սկզբունքներն ու նկարագիրը:
1.- «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութեան սպառնացող եւ ներսէն նիւթուած փոթորիկներուն» գլխաւոր պատճառները նոյն ինքն եկեղեցականներն են, որոնք կը տառապին կղերապետութեան անյագ ախորժակներէ, եւ ուրիշներ՝ ստրկական հոգեբանութենէ, չզրկուելու համար իրենց աթոռներէն եւ ամսականներէն: Եթէ պատուախնդիր ըլլայ Հայ եկեղեցականութիւնը (բացառութիւնները միշտ յարգելի) Եկեղեցին խաղալիկ չի կրնար ըլլալ ո՚չ մէկ կազմակերպութեան ձեռքը:
Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք, թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ, ներառեալ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու, եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Ինչո՞ւ չեն սանձեր. որովհետեւ կազմակերպութեանց հաշւոյն կու գայ, որ այդ դժբախտ եւ տխուր իրողութիւնը շարունակուի եւ իրենք կարենան գործել եւ շահագործել` ի հաշիւ իրենց կազմակերպութեան եւ նաեւ անհատական շահերուն: Հայց. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է Հայ Ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը դիմագրաւէ նաեւ նոր տագնապներ՝ Փարիզէն, Նիսէն մինչեւ Ժընեւ, Գանատայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Պուլկարիայէն մինչեւ Հնդկաստան: Այժմէական Կանոնագրութեան մրբացակայութիւնը առիթ տուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ չարաշահելու իր դիրքն ու հեղինակութիւնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր իշխանութիւնը եկեղեցականութիւնն է, եւ սակայն վարչական-ժողովական կեանքի մէջ՝ կաթողիկոսներ, պատրիարքներ եւ առաջնորդներ գործադիր իշխանութիւնը կը ներկայացնեն եւ որեւէ օրէնսդրական յաւակնութիւն չեն կրնար ունենալ, եւ պէտք չէ ունենան, որովհետեւ օրէնքէ վեր ոչ մէկ իշխանութիւն գոյութիւն ունի, եւ ուրեմն որեւէ հանգամանք պէտք չէ զիրենք մղէ ինքնիշխան դառնալու յանձնապաստանութեան:
Կաթողիկոսներ կը կարծեն որ իրենք են օրէնքը եւ հետեւաբար կրնան անիրաւել եւ բռնաբարել մարդկային ազնիւ զգացումները, որովհետեւ իրենք ամէն օրէնքէ վեր կը մնան: Այս մտածելակերպը մեզ առաջնորդած է քաոսային ողբալի վիճակի մը: Ինչպէ՞ս կարելի է սպասել, որ Եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորութեան թեկնածուներ յանձն առնեն մուտք գործել սեմէն ներս այնպիսի հաստատութեան մը, ուր կը բացակայի «սիրոյ, շնորհքի, արդարութեան քաղցր մթնոլորտը», եւ ուր, ըստ պարագայի, երկի՛ցս եւ երի՛ցս Ս. Հոգւոյ շնորհներուն օծումը ստացած իշխանաւորներ՝ ստորադասներու հանդէպ լոկ սարսափի ու նուաստացման ապաշնորհ վարքագիծի մը մէջ կ՛ըմբռնեն իրենց «հոգեւոր հայրութեան» դերակատարութիւնը….:
Հոն, ուր օրէնք չկայ, այնտեղ կայ կամապաշտութիւն եւ անտառային օրէնք, որոնց հետեւանքով կը կորսնցնենք ժողովուրդը լսելու մեր ունակութիւնը՝ յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը անոր, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդներուն, որոնք ականատես եւ ականջալուր վկաներն են մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին ուծացման եւ սնանկութեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *