ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թուրքիոյ նախագահի Բարձրագոյն Խորհրդատուական մարմինը անց-եալ Երեքշաբթի հինգ ժամ տեւողութեամբ նիստ գումարեց՝ քննարկելու, թէ ինչ միջոցներով պէտք է արձագանգել 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ «անհիմն եւ հակաթրքական մեղադրանքներուն»: Խորհրդատուական մարմնին մէջ ընդգրկուած են նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, Իսմայիլ Քահ-րամանը (խորհրդարանի նախկին նախագահ), Պիւլենթ Արընչը (նախկին փոխ վարչապետ), Ճեմիլ Չիչեքը (խորհրդարանի նախկին նախագահ), Քէօքսալ Թոփթանը (խորհրդարանի նախկին նախա-գահ), Մեհմեթ Ալի Շահինը (խոր-հրդարանի նախկին նախագահ), Եըլտըրըմ Աքպուլութը (նախկին վարչապետ), նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մեթին Քըրաթլըն եւ նախագահի հանրային կապերու ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթունը։
Համայն հայութիւնը շատ գոհ է, որ թրքական կառավարութիւնը, մէկ դար շարունակ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ստելէ ետք, դիմելով արտակարգ միջոցներու՝ ինչպէս՝ տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս շանթաժի ենթարկել այլ երկիրներ, հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ ծախսելով լոպիիստական ընկերութիւններ վարձել եւ ժխտողական քարոզչութիւն տարածել, այժմ մեծ թիւով ժամեր կը յատկացնէ՝ մտածելով, թէ ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ «հայկական լոպիին»:
Ասիկա կը նշանակէ, որ 105 տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ բոլոր փորձերը ապարդիւն անցած են: Թուրքիա վատնած է ահռելի միջոցներ եւ ժամանակ՝ հերքելու անհերքելին…: Թուրքիոյ կառավարութիւնը թող կրկին փորձէ համոզել աշխարհին, որ այսպիսի Ցեղասպանութիւն չէ կատարուած: Ի վերջոյ, Թուրքիոյ ղեկավարները կը հրաժարին՝ տեսնելով, որ չեն կրնար համոզել մէկը, որ հաւատայ իրենց կեղծիքներուն: Կու գայ այն օրը, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խոստովանի, որ շատ աւելի դիւրին է ճշմարտութիւնը ըսել, քան շարունակել հիմնաւորուած պատմական իրողութիւնը աղաւաղելու ապարդիւն ռազմա-վարութիւնը: Թուրքիոյ շահերէն կը բխի հաշտուիլ Հայաստանի կառավարութեան ու անոր Սփիւռքին հետ եւ բանակցիլ Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին պատճառուած վնասի դիմաց պատշաճ հատուցման եւ իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ: Այն պահուն, երբ Թուրքիա կ՛ընդունի պատմական փաստերը եւ կը հատուցէ վնասը, այլեւս կարիք չի մնար անհան-գստանալու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին համայն աշխարհի կողմէ լսուելիք արձագանգով: Ընդհակառակն, թուրք ղեկավարը գովասանքի կ՛արժանանայ միջազգային հանրութեան կողմէփաստերուն հետ դէմ-յանդիման գալու եւ Թուրքիոյ անցեալի յանցագործութիւններու հարցին հետ ազնուութեամբ վերաբերելու իր կեցուածքին համար։ Իսկ մինչ այդ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը անմիտ յամառութեամբ մը կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման իր անյոյս արշաւը։ Անցեալ շաբաթ Բարձրագոյն Խորհրդատուական մարմնի հինգ ժամ տեւած դռնփակ նիստէն ետք, Էրտողանի աշխատակազմի հանրային կապերու ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն փոխանցեց նախագահի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Թշնամութեան սերմերը, որոնք փորձած են ցանել աղաւաղուած պատմական դէպքերու միջոցով, չեն կրնար ծլիլ արդարութեան հողին մէջ»։ Ան «հայկական լոպի»ն մեղադրած է՝ «օսմանեան բոլոր քաղաքացիներու վերապրած դժուարին ու ցաւոտ դարաշրջանը շահարկելուն համար՝ յանուն քաղաքական շահերու, ուժային զանազան խումբերու կողմէ յօրինուած կեղծիքներու եւ զրպարտութիւններու օգնութեամբ»: Աւելին, ան ըսաւ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «համապարփակ քայլեր»՝ կանխելու հայկական լոպիին կողմէ 1915ի իրադարձութիւններու օգտագործումը
«Թուրքիան եւ մեր ժողովուրդը անարգելու համար, ինչպէս նաեւ այս հարցը քաղաքական նպատակով շահարկող երկիրներու՝ իրականութեան հետ կապ չունեցող պնդումներու վրայ հիմնուած քարոզչութիւնը»։ Թուրքիոյ նախագահական նիստին նաեւ քննարկուած են շարք մը նախագիծեր եւ գործողութիւններ, որոնք կարելիութիւն կ՛ընձեռեն «լոյս սփռել»ու հարցերու վրայ՝ պատմական եւ իրաւական յատկանիշներով, նաեւ «զանոնք փաստերով ներկայացնելու թրքական եւ միջազգային հանրութեան», աւելցուց ան։
Ցեղասպանութեան ժխտման այս նոր ծրագիրը հաւանաբար պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Պալատին կողմէ անցեալ տարուան աշնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերով (405 թեր-11 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ) եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի միաձայն քուէարկութեամբ:
Հարցը այն է, թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ ղեկավարները Ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ հինգ ժամ քննարկում կը կատարեն այն ժամանակ, երբ երկրին մէջ կ՛ուժեղանայ թագաժահրի համավարակը, տնտեսութիւնը փլուզուած է, թրքական լիրան անկում կ՛ապրի, իսկ Էրտողան կը կորսնցնէ հասարակութեան աջակցութիւնը: Ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու՝ այս Էրտողանի մարտավարութիւնն է՝ շեղել թուրք հասարակութեան ուշադրութիւնը իր վատ կառավարումէն եւ աղէտներէն, ինչպէս երկրին ներսը, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս:
Անցեալ ամիս հեռատեսիլային ելոյթի մը ընթացքին, Էրտողան իր վրդովումը արտայայտելով կառավարութեան բազմաթիւ խնդիրներու մասին, ի շարս այլ հարցերու, դարձեալ յարձակեցաւ «հայկական լոպի»ին վրայ: Ան խոստացաւգ «Մենք պիտի չնահանջենք չար ուժերու դէմ՝ ո՛չ FETOի (Կիւլենի շարժումը), ո՛չ PKKի («Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւն»), ո՛չ հայկական ու յունական լոպիներու կամ Պարսից ծոցի թշնամական կեդրոններու»։
Հայաստանի կառավարութիւնը արագ արձագանգեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախագահ Էրտողանի կեղծիքներուն։ Ասիկա ողջունելի իրադարձութիւն է, քանի որ Հայաստանի նախորդ կառավարութիւնները կ՛անտեսէին թրքական նմանօրինակ բոլոր պոռթկումները: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան պատասխանեց. «Թուրքիոյ նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան արդարացման եւ անոնց զոհերը վիրաւորելու յայտարարութիւնները նորութիւն չեն եւ կը հանդիսանան ատելութեան խօսքի դրսեւորումներ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան այդ երկրին մէջ հայերու հանդէպ այլատեացութեան մթնոլորտի պահպանման եւ ամրապնդման վրայգգգ: Ժխտողականութիւնը ապագայ չունի, անկախ անկէ, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս կը փաթեթաւորէ զայն։ Որքան ալ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ջանքեր գործադրեն ճնշելու ճշմարտութիւնը, ամէն պարագայի ճշմարտութիւնը հարթած է եւ պիտի հարթէ իր ճամբան»։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը եւս յայտարարութիւն տարածեց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման Էրտողանի վերջին ծրագիրները անուանելով «թրքական իշխանութիւններու վտանգաւոր այլատեաց քաղաքականութիւն՝ ուղղուած Հայ Դատի գործիչներուն դէմգգգ: Ցաւօք, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ հայերու դէմ ատելութեան սերմանումը Թուրքիոյ մէջ պետական քաղաքականութիւն են»:
Աւելին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը, ասորական, յունական եւ հրէական կազմակերպութիւններու հետ միասին հանդէս եկաւ միացեալ յայտարարութեամբ՝ խստօրէն դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութեան հակադրուելու Թուրքիոյ կառավարութեան վերջին յայտարարութիւնըգ «Գիտակցելով, որ ժխտումը Ցեղասպանութեան վերջին փուլն է` ուժեղացնելու մարդկութեան պատմութեան եւ տառապանքներու ոչնչացումը, կոչ կ՛ընենք բարեխիղճ մարդոց տեղեակ պահելու Ցեղասպանութեան զոհերու անցեալի եւ ներկայի ծանր վիճակին մասին, այլեւ պատասխանատուութեան ենթարկելու անոնք, որոնք կը ձգտին խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնը, միաժամանակ հաւաստիացնելով, որ աշխարհը այլեւս
երբեք լուռ չի մնար, այնքան ատեն, որ տակաւին կը գործադրուի ցեղասպանութիւն»:
Իմ խորհուրդը նախագահ Էրտո-ղանին եւ անոր գործակիցներուն՝ հրաժարիլ Թուրքիոյ դարաւոր անյաջող ջանքերէն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերու ժխտման ուղղութեամբ, գիտակցիլ ճշմարտութեան եւ նա-խաձեռնել երկկողմանի համաձայնու-թեամբ ծրագիրի մը պատ-րաստութեան՝ հատուցելու համար Ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդին կրած կորուստները։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան