Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 8 յուլիսին որոշում տուած է մերժել Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի 3 նախկին դատաւորներու եւ Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Հրայր Թովմասեանի դիմումը Հայաստանի դէմ, որով անոնք, այլ հարցերու կողքին, պահանջած էին որպէս միջանկեալ միջոց կասեցնել Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու իրագործումը:
Դատարանը որոշած է մերժել հայցըայն պատճառաբանութեամբ, որ անիկա դատարանի կանոնակարգի 39-րդ դրոյթի կիրարկման դաշտին մէջ չէ, քանի որ անիկա չ՛ենթադրեր լուրջ եւ անուղղելի վնասներու վտանգ համաձայն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *