Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան տօնի նախօրէին նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին, կը յայտնէ նախագահի աշխատակազմը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող շարունակական օժանդակութեան եւ յատկապէս «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած այս բարդ շրջանին մէջ աջակցութեան համարմիաժամանակ նշելով, որ իսկական բարեկամութիւնը կ՛երեւի դժուար ժամանակներուն մէջ: Դեսպան Թրէյսի նշած է, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն օգնել Հայաստանին ժողովրդավարութեան զարգացման, փտածութեան դէմ պայքարի, տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու, ներդրողներու համար գրաւիչ գործարար միջավայրի ձեւաւորման հարցերուն մէջ:
Դեսպանին խնդրանքով հանրապետութեան նախագահը անդրադարձած է Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն եւ սահմանադրական բարեփոխումներուն առնչուող հոլովոյթին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *