Վերջերս Հոլիվուտի միայն թուղթի վրայ գոյութիւն ունեցող Սբ. Յովհաննու Կա-րապետ եկեղեցւոյ հովիւ Մանուկ քհն. Մարգարյան բողոքեց. ««Բիզնես» բառը տհաճ բառ է եկեղեցու վերաբերեալ, երբ որ ամէն անգամ դուք ասում էք: Ի՞նչ նկատի ունէք, երբ ասում էք «եկեղեցին բիզնես է»։
Մանուկ քհն. վերջապէս թէկուզ ակամայ ընդունեց որ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ շաբաթա-թերթի մէջ հրատարակուածները համատարած կարծիքը արտացոլող յօդուածներ են:
Երբ ան կը պնդէ որ «եկեղեցին բիզնես չէ» ինքիրեն հակասած կþըլլայ:
Ինչու՞։ Որովհետեւ ան յաճախ կը կրկնէ որ թաղումը իր «բիզնեսն է»:
Մանուկ միայն եկեղեցազուրկ չէ այլ նաեւ հաւատազուրկ է որ զինք թիրախ կը դարձնէ փիլոնազրկման: Ան գողութեամբ, զեղծարարութեամբ զբաղուած է:
Ստախօսութեան հանցանքի վրայ բռնուած է ամերիկեան դատարանէ ներս իր զինակից եւ կլանակից՝ Արեւմտեան թեմի Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ:
Արեւմտեան թեմէ ներս եկեղեցազուրկ Մանուկ քհն. իր ժամերը շատ յաճախ կþանցնէ Արեւմտեան Թեմէն ներս թաղումի «բիզնես» որսալու: Եւ ուրիշ քահանաներն ալ իրմէ «կշտացած՝ յաճախ կը բողոքեն ըսելով՝ «երբ այս մարդուն ձեռքէն պիտի ազատուինք»:
Նաեւ զրուցակիցներ ըսած են ՀԱՅ ԿԵԱՆՔին որ «Մանուկ մեռելներուն երեսին անգամ չի կրնար նայիլ»: Արդէօ՞ք գող, սիրտը՝ թող, կը վախնայ որ հանկարծ անոնք իրեն պատժեն իր բազում «սխրագործութիւններուն» համար:
Միայն թաղում չէ.. հարսնիքի «բիզնես» ալ կ՛որսայ: Ամուսնացող երիտասարդ զոյգերէ կը պահանջէ երկու հազար տոլար բայց յետոյ կþաւելցնէ ըսելով. «եթէ որոշ catering-ի հաստատութեան մօտ ձեր հասրսնիքի ընդունելութիւնը ընէք մենք ձեզմէ այդ երկու հազարը չենք վերցներ» Ըստ երեւոյթին catering-ի հաստատութեան հետ ըրախ «բւսնես»ը աւելի մեծ պատառ ըլլալու է….։
Բայց երանի թէ Մանուկ ճիշտ ձեւով գիտնար «բիզնես» ընել: Ան «բիզնես»ի բառին բարի անուանը կը վարկազրկէ կարծելով որ «բիզնես»ի անուան տակ կրնայ գողութիւն ընել ինչպէս որ Հոլիուտի նախկին աւագ քհն. Տէր Վարդանը զինք բազմիցս գողութեան վրայ բռնած է։
Մանուկին «գործընկերներէն» մէկն ալ հանրայայտ Յովնանն է որ ան ալ «բիզնես» կ՛ընէ օրինակի համար տպարան կը բանեցնէ։
Ա. Չափարեան

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *