ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Հիանալի գաղափար մը՝ Քալիֆոռնիոյ Ամերիկահայ Թանգարանն ու Մշակութային Կեդրոնը ստեղծուած է քանի մը տարի առաջ: Սակայն մինչեւ օրս ան չունի թափանցիկութիւն եւ հաշուետւողականութիւն:
Քանի մը օր առաջ ընթերցող մը «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ին՝ գրեց ըսելով. «Վատ հոտ կուգայ, երբ խօսքը կը վերաբերի Քալիֆոռնիոյ Ամերիկահայ Թանգարանի ֆինանսներուն»: Այդ անձը նաեւ քանի մը տեղին հարցումներ ուղղեց, ինչպիսիք են.
«Ինչպէ՞ս բաշխուեցաւ համայնքի նուիրատուներու կողմէ տրուած գումարները»:
«Ինչո՞ւ անոնց ֆինանսները թափանցիկ չեն, եւ որեւէ ֆինանսական հաշուետւութիւն հրապարակուած չէ որեւէ տեղ հանրութեան համար»:
«Որքա՞ն անոնք վճարած են աշխատավարձերու համար, կազմակերպութենէ մը ներս որ գոյութիւն չունի, բացի միայն թուղթի վրայ ըլլալէն»:
«Ո՞վ կը վերահսկէ գործընթացը»:
Մտահոգուած հայերը կը հետաքրքրուին. «Կա՞ն արդէօք սահմանափակումներ եւ հակակշիռներ անոնց ֆինանսներու վրայ: Կամ արդէօ՞ք անոնք (յանձնաժողովը, ներառեալ Արեւմտեան Թեմը եւ Արեւմտեան Առաջնորդարանը) ազա՞տ են ծախսել գումարներ՝ վճարելով հրեշաւոր աշխատավարձեր նախագծի մը համար, որը գոյութիւն ունի միայն ամպերու մէջ»:
Փորձելով օգնել համայնքին պարզաբանելու վերոյիշեալ թանգարանի ֆինանսական գործարքները, այս յօդուածագիրը Ուրբաթ‘Յուլիս 10-ին, ժամը 02:07 (Լոս Անճելոսի ժամով) ուղարկած է լրատուական հետազօտութեան հարցարան մը՝ թանգարանի գործադիր նախագահ Պերճ Կարապետեանին հարցնելով. «Արդէօ՞ք Քալիֆոռնիոյ Ամերիկահայ Թանգարանը հրապարակած է որեւէ ֆինանսական հաշուետւութիւն: Կրնա՞ք տրամադրել այդպիսի հաշուետւութիւն, եթէ անիկա գոյութիւն ունի»: Ուրբաթ, կէսգիշերին ժ. 12-ի դրութեամբ, պարոն Կարապետեանի կողմէն արձագանք չէ եղած: Վաւերացուած ֆինանսական հաշուետւութիւնը տրամադրելուն պէս, այս թերթը ուրախութեամբ կը հրապարակենք զանոնք մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը դարձնելով:
Արդէօ՞ք ամերիկահայերը կը ցանկանան տեսնել, որ Թանգարանը յաջողի:
Անշուշտ!
Արդէօ՞ք ամերիկահայերը անհրաժեշտ կը նկատեն վերահսկողութիւն տեղադրելու արգելք ըլլալու դրամներու հնարաւոր չարաշահման դէմ:
Իհարկէ: Անոնցմէ շատերը անհանգստացած են ղեկավար պաշտօններու վրայ կասկածելի կերպարներու առկայութեամբ:
«Ասիկա չափէն աւելի կարեւոր ձեռնարկ է հայ համայնքի համար: Այլեւս մենք չենք կրնար շարունակել մեր կեանքը իբրեւ թէ ամեն ինչ բնական է: Կþառաջարկեմ համայնքի բոլոր ներկայացուցիչներուն անցնել ստուգում / քուէարկութիւն‘ մասնակցելու համայնքի այս աշխատանքներուն: Համայնքի տարբեր ոլորտներու իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ կրնայ ծառայել ազգընտիր նորաստեղծ Կառավարիչներու Խորհուրդէն ներս: Անոնք կրնան քուէարկել այն բոլոր հարցերու շուրջ, որ պէտք է լուծուին առաւելագոյնս համայնքի շահերը ապահովելով: Ամենակարեւորը‘ հաստատուած եւ որակաւորուծ հաշուապահական ընկերութիւն մըն անհրաժեշտ է հաշիւներուն հսկելու, այս նախաձեռնութիւնը մեր ժողովրդի գոհարը դարձնելու համար: Այս պահին այս նախաձեռնութիւնը կը գտնուի խարխուլ հիմքերու վրայ, ստուերային մարդոց մասնակցութեան պատճառով», – մեկնաբանած է համայնքի մէկ այլ անդամ մը:
Շատերու համար անհանգստացնող է ինքնակոչ Կառավարիչներու Խորհրդի շարքերու մէջ որոշակի անհատներ տեսնել որոնք վարկազրկուած են: Ահաւասիկ Քալիֆոռնիոյ Ամերիկահայ Թանգարանի մէջ ներգրաւուած կասկածելի կերպարներէն քանի մը հոգի.
- Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ ԱՄՆ-ի դատարանի մէջ բռնուած է բազմաթիւ անօրինական գործողութիւններու մէջ, ինչպիսիք են գողութիւնը, խարդախութիւնը, զեղծարարութիւնը եւ սուտ վկայութիւնը:
- ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավար Սինան Սիանեան որ ներգրաւուած է եղած է շարք մը անօրինականութիւններու եւ ստուերային գարծարքներու մէջ։
- Nor Or Բարեգործական Հիմնադրամ որ կապ ունի Թէքէյեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ)ի հետ, որ մենաշնորհը դարձած է միահեծան Էտմոն Կէօտալազեան Ազատեանի կողմէ, որ ներգրաւուած եղած շարք մը անօրինականութիւններու մէջ, ինչպիսիք են Լոս Անճելոսի մէջ գտնուող ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան հայկական վարժարանի անհիմն փակումը եւ մօտ 15 միլիոն տոլարի անշարժ գոյքի վաճառքը: Ոչ ոք չի գիտեր, թէ ուր են գումարները:
Կազմակերպութեան կայքի մէջ կը նշուի, որ իր Կառավարիչներու Խորհուրդը բաղկացած է «տասը նշանաւոր մշակութային, բարեգործական եւ կրօնական ոչ առեւտրային հաստատութիւններէ», ներառեալ՝
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմը
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ազգային Առաջնորդարանը
Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւնը
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Միութիւն
Հայ Մշակութային Հիմնադրամը
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջան
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Օգնութեան Միութիւն
Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Նոր Օր Բարեգործական Հիմնադրամ
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն
Շարք մը այլ լուրջ մտահոգութիւններու շարքին են անեւ.
1) Հողատարածքն իրականութեան մէջ թանգարանին չի պատկանիր: Ան կը պատկանի Կլենտէյլ քաղաքապետութեան: Կլենտէյլի քաղաքապետութենէն այն կը վարձակալուի տասնամեակներու երկայնքին՝ տարեկան 1 տոլարով: Վարձակոլւթեան աւարտին հողը ետ կը վերադարձուի քաղաքապետութեան։ Ինչու՞ մեր համայնքը պէտք է աւելի քան 50 միլիոն տոլար ծախսէ թանգարանի շէնքի կառուցման համար վարձակալուած հողի վրայ՝ ոչ շահութաբեր ծրագրի մը համար: Ինչո՞ւ չգնել հողը եւ ապա կառուցել այդպիսի մեծածախս համալիր մը սեփական հողի վրայ:
2) Ինչո՞ւ է Քալիֆոռնիոյ Ամերիկահայ Թանգարանը անդամակցութեան վրայ հիմնուած կազմակերպութիւն չուզեր ըլլալ, որ ղեկավարուի ընդհանուր անդամակցութեան միջոցով: Հիմնական ամերիկահայ ոչ-առեւտրային կազմակերպութիւնները անդամներով կը կառավարուին: Ինչո՞ւ թանգարանը՝ ոչ: Լիազօրուած անդամները կրնան ապահովել արդիւնաւետ կառաւարում՝ լիարժեք պատասխանատւութեան եւ թափանցիկութեան ներքոյ: Տեղ մը բան մը սխալ է։
3) Թանգարանի բոլոր ինքնակոչ կազմակերպութիւններու ընդհանուր անդամութիւնը բաղկացած է Քալիֆոռնիոյ նահանգի՝ 1-1,5 միլիոն հայ բնակչութեան միայն կէս տոկոսը կը կազմէ: Ասիկա նախաձեռնող կազմակերպութիւններուն թոյլ չի տար պարծենալ, որ անոնք կը ներկայացնեն ամբողջ համայնքը:
Թէեւ համայնքի բազմաթիւ անհատներ մեծ յարգանք կը տածեն հասարակական եւ կրօոնական բոլոր կազմակերպութիւններու նկատմամբ, անոնք կը զգուշանան որոշ կոռումպացուած կազմակերպչական առաջնորդներէն, ինչպիսիք են Արեւմտեան Թեմի Յովնան արք.Տէրտէրեանը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան-ՀԲԸՄ-ի Սինան Սինանեանը եւ ԹՄՄ Թէքէյեան Մշակութային Միութեան մէնատէր Էտմոն Կէօտալազեան Ազատեանը եւ անոր կամակատար անձինք Լոս Անճելոսի մէջ:
Անցած են Օսմանեան դարաշրջանի «Միլլեթ» համայնքային ներկայացուցչութեան արեւանգման համակարգի հին օրերը։ Հիմա նոր ժամանակներու հրամայականն է ժողովրդավարական սկզբունքներով առաջնորդուելու համաժողովրդական ընտրութիւններու միջոցով որ հիմնուած է «մէկ անձ եւ մէկ քուէի» հասկացողութեան վրայ:
Իմաստուն խորհուրդ: ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ. Այս պահի դրութեամբ հաշուետւութեան եւ թափանցիկութեան պակաս կայ:
- Քալիֆոռնիոյ Ամերիկահայ Թանգարանի նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն կ՛առաջարկուի սառեցնել նուիրատւութեան միջոցները՝ այնքան ատեն որ վաւերացուած ֆինանսական հաշուետւութիւնը բացակայ է։
- Անոնց նաեւ խորհուրդ կը տրուի չմասնակցիլ որեւէ նախաձեռնութեան կամ ձեռնարկի, որ կը ներգրաւէ հեղինակազրկուած ստվերային կերպարներ, ինչպիսիք են, օրինակ, Արեւմտեան Թեմի Յովնան արք. Տէրտէրեանը, ՀԲԸՄ-ի Սինան Սինանեանը, ԹՄՄ-ի Էտմոն Կէօտալազեան Ազատեանը: