Ամէն երկիր երբ բարեւեն
Մարդիկ կըսեն «այսօր լաւ ես»: Լիբանանի մէջ մենք կ
ըսենք
«լաւ չմեռար, դուն կապրի՞ս դեռ»: Հոս ապրիլը յանցանք է դառն, Իսկ մեռնիլը շատ բնական
Երբ նստած ես սենեակիդ մէջ,
Գործիդ ճամբան երբ կը քալես
Կամ կը լոգնաս ճիշդ ինծի պէս,
Կը զգաս շէնքը պար կը պարէ,
Կը ստիպէ քեզ մասնակցելու,
Գինովի պէս խարխափելու:
Ապակիներն պատուհանին
Թռիչք կառնեն,կը փշրուին: Ուժգին պայթում մը կը լսես, Դուրս կը փախչիս մերկ մութին մէջ
Դժոխք` բաղնիքէն արիւնահեղց,
Բայց դէպի ուր Աստուած գիտէ:
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
27/8/2020 | ԼԻԲԱՆԱՆ