ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի խմբագրութիւնը 16 Դեկտեմբեր 2019ին հարցազրոյց կատարած է Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտընի հետ։ Պայտըն իր հար-ցազրոյցին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը կոչած է «բռնակալ», զայն «մեկուսացնելու» կոչ ըրած է եւ յաջորդ ընտրութիւններուն համար ձգտած է Էրտողանի «պարտութեան»:
Թէեւ հարցազրոյցը տեղի ունեցած է ինը ամիս առաջ եւ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի կողմէ հրապարակուած է 17 Յունուար 2020ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնն ու լրատուական միջոցները օրին որեւէ ձեւով արձագանգ չեն հանդիսացած։ Մէկ շաբաթ առաջ, հարցազրոյցի հրապարակումէն ամիսներ անց, Թուրքիոյ մէջ ջղագարային (հիսթերիք) յարձակումներու շարք մը սկսաւ՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ լոյս տեսած Պայտընի մեկնաբանութիւններուն առիթով։
Սկսինք անկէ, թէ ի՛նչ ըսած է Պայտըն «Նիւ Եորք Թայմզ»ին, անցեալ տարուան Դեկտեմբերին.
«Ես շատ ժամանակ անցուցած եմ անոր (Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի) հետ: Ան բռնակալ մըն է։ Ան Թուրքիոյ նախագահն է եւ շատ աւելին: Այն, ինչ որ կը կարծեմ, որ պէտք է ընենք, ներկայիս այլ մօտեցում որդեգրելն է անոր նկատմամբ՝ հասկցնելով, որ մենք կ՛աջակցինք ընդդիմութեան ղեկավարութեան: Հասկցնելով, որ կը գտնուինք այնպիսի իրավիճակի մէջ, երբ մեր ունեցած ուղիով, որ որոշ ժամանակի մը համար արդիւնք տուած է՝ միաւորելու քիւրտ բնակչութինը, որ փափաքած է իր խորհրդարանի գործընթացին մասնակցիլ եւ այլն: Որովհետեւ պէտք է խօսինք այն մասին, ինչ որ իրականութեան մէջ կը նկատենք սխալ։ Ան պէտք է սուղ վճարէ։ Ան պէտք է սուղ վճարէ, թէ արդեօ՞ք պիտի շարունակենք իրեն կարգ մը զէնքեր ծախել, թէ ոչ: Իրականութեան մէջ, եթէ ան ունի (Ռուսիոյ) հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը, որով այդ զէնքերը կը թռչին F-15-երով, ապա անոնք կը փորձեն յստակացնել, թէ ինչպէս այդ պիտի ընեն»։
Պայտըն շարունակեց. «Այսպիսով, ես շատ մտահոգուած եմ: Ես շատ մտահոգուած եմ։ Բայց ես դեռ այն կարծիքը ունիմ, որ եթէ մենք պէտք է ուղղակիօրէն ներգրաւուէինք այնպէս, ինչպէս ես կ՛ընէի անոնց հետ, որպէսզի կարենանք աջակցիլ Թուրքիոյ ղեկավարութեան տակաւին գոյութիւն ունեցող տարրերուն, եւ անոնցմէ աւելին ստանանք ու խրախուսենք զիրենք, որպէսզի անոնք կարենան ստանձնել Էրտողանը եւ յաղթել անոր: Ո՛չ թէ յեղաշրջմամբ, ո՛չ թէ յեղաշրջմամբ, այլ ընտրական գործընթացով: Ան կործանեցաւ։ Ան կործանեցաւ Սթամպուլի մէջ (քաղաքապետի ընտրութիւններու ժամանակ): Ան կործանեցաւ իր կուսակցութեան մէջ։ Իսկ հիմա մենք ի՞նչ կ՛ընենք։ Մենք պարզապէս հոն նստած ենք եւ զիջած։ Եւ վերջին բանը, որ ես կ՛ընէի՝ քիւրտերու հարցով, անոր զիջիլն էր։ Բացարձակապէս վերջին բանը…»։
Պայտըն եզրափակեց. «Ես քանի մը հանդիպում ունեցած եմ անոր հետ քիւրտերու հարցով, եւ այդ ժամանակ անոնց չէին ճնշած։ Մենք պէտք է յստակացնենք, թէ անոնք ի՞նչ կ՛ուզեն, քանի որ, վերջ ի վերջոյ, Թուրքիա չի փափաքիր յոյսը դնել Ռուսիոյ վրայ: Անոնք շատոնց «խածած են այդ խնձորէն»։ Բայց նաեւ պէտք է հասկնան, որ մենք չենք պատրաստուիր շարունակել խաղալ իրենց հետ նախկինին պէս։ Այնպէս որ, ես շատ մտահոգուած եմ: Ես շատ մտահոգուած եմ: Ես շատ մտահոգուած եմ մեր օդակայաններուն գծով (Թուրքիոյ մէջ), նաեւ անոնց հասանելիութեան համար։ Եւ կը կարծեմ, որ ահռելի աշխատանք պէտք է տանիլ, որպէսզի կարենանք համախմբուիլ մեր դաշնակիցներուն հետ տարածաշրջանին մէջ եւ պարզել, թէ ինչպէ՞ս կրնանք մեկուսացնել անոր գործողութիւնները տարածաշրջանին մէջ, յատկապէս Արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ՝ քարիւղի եւ ամբողջ շարք մը այլ բաներու հետ կապուած, որոնք շատ ժամանակ կը պահանջեն այդ մասին խօսելու համար։ Սակայն պատասխանս է՝ այո, ես անհանգստացած եմ»։
16 Օգոստոս 2020ին «Երուսաղէմ Փոսթ» յայտնեց, որ ի պատասխան Պայտընի վերոյիշեալ մեկնաբանութիւններուն, Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Իպրահիմ Քալին քննադատեց Պայտընը՝ զայն մեղադրելով տգիտութեան, ամբար-տաւանութեան եւ կեղծաւորութեան մէջ: «Աւարտած են Թուրքիոյ հրամայելու օրերը», գրեց ան Թուիթըրի մէջ։ «Բայց եթէ դուք դեռ կը կարծէք, որ կրնաք, եղէ՛ք մեր հիւրը։ Դուք սուղ կը վճարէք»։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յարձակեցաւ Պայտընի վրայ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ ունեցած տեսակցութենէն ետք՝ դեմոկրատներու նախագահի թեկնածուն անուանելով տգէտ։ Խօսելով Պայտընի մեկնաբանութիւններուն մասին, Չաւուշօղլու ըսաւ. «Տարօրինակ է, որ նման ապատեղեկացուած մը կը փափաքի ղեկավարել երկիրը»:
Հասկնալի է, որ Թուրքիոյ ղեկավարները վրդոված են Պայտընէն՝ Թուրքիոյի նախագահը պաշտօնէն հեռացնելու մասին ըրած խօսքերուն համար։ Աւելին, հաշուի առնելով Էրտողանի ջերմ յարաբերութիւնները նախագահ Թրամփի հետ, հասկնալի է նաեւ, որ Թուրքիոյ ղեկավարները չեն ուզեր, որ Թրամփ փոխարինուի Պայտընով: Քանի մը օր առաջ Թրամփ Fox Newsին ըսած է, որ Էրտողան զինք կը լսէ։ Իրականութեան մէջ հակառակն է՝ Թրամփն է, որ լսէ Էրտողանը եւ կը կատարէ անոր հրամանները։
Այսուամենայնիւ, թուրք ղեկավարները աւելի խորունկ պատճառներ ունին, որպէսզի իրենց հանրութիւնը Պայտընի դէմ կատաղութեան աստիճանի հասցնեն: Էրտողան զբաղած է իր նախընտրած քաղաքական հնարքով՝ իր ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղելու համար անոր դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային զրկանքներէն՝ մեղադրելով օտարերկրացին՝ Պայտընըգգգ: Էրտողան կը յենի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ քրիստոնէութեան նկատմամբ թրքական վաղեմի թշնամանքին վրայ: Էրտողան վարժ է իր անկիրթ հետեւորդներուն զգացումները բորբոքելու, որպէսզի աջակցին իրեն՝ անկախ իր վատ աշխատանքէն։ Փոխարէնը՝ Էրտողան յարմար կերպով թեքած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմը՝ հակառակ իր երկրին ՆԱԹՕի անդամակ-ցութեան…
Եթէ Պայտըն յաղթէ նախագահական ընտրութիւններուն, դեռ յայտնի չէ այն, որ արդեօք ան կը պահպանէ՞ իր կոշտ մօտեցումը Էրտողանի եւ Թուրքիոյ հանդէպ։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *