Գրեց՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Հայ Ազգային/Եկեղեցական կեանքին մէջ, վերջին հարիւր-ամեակին, ընտրութիւն/վեր-ընտրութիւն բնորոշումները վե-րածուած են անհեթեթութեան, չըսելու համար ծիծաղելի։
Հայ մամուլին, դիմատետրին հետեւող որեւէ անհատի ուշադրու-թենէն չի կրնար վրիպիլ այն յաճա-խակի հաղորդագրութիւններն ու յայտարարութիւնները, որոնք կու գան իրազեկ դարձնելու հանրութիւնը կատարուած այս կամ այն ընտրութեան/վերընտրութեան արդիւնքներու մասին։
Երբ կը խօսինք Ազգային կեանքի մէջ, կուսակցական, միութենական, Հայ վարժարանի վերին մարմիններու «ընտրութիւն/վերընտրութիւն»ը, եւ, եկեղեցական մարմիններու «ընտրութիւն/վերընտրութիւն» բնորոշումներու մասին, լաւ պիտի ըլլար, եթէ զանոնք փոխարինուէին նշանակուած/վերանշանակուած բնորոշումներով։
Եկէք իրար վրայ չխնդանք։ Ազգային քաղաքական բորոր կուսակցութիւններու կեդրոնական մարմինները կը նշանակուին վերին մարմնի կողմէ։ Շրջաններու մարմինները՝ կեդրոնական մարմիններու։ Մնացեալը ձեւակերպութիւն է։ Նոյն է պարագան յարակից մարմիններուն։
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պարագան այլ չէ։ Թեմի առաջնորդը կը «ընտրուի» ոչ թէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու քուէներով, այլ կը նշանակուի, «Ազգային Երեսփոխանական/Պատգամաւորական Ժողովներու» կողմէ, որոնց մեծամասնութիւնը երբէք կապ չունի եկեղեցւոյ հետ, առաւել եւս չեն ընտրուած պատկան Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներուն կողմէ, իրենք ալ իրենց կարգին նշանակուած են։
Գալով թեմի մը սահմաններուն մէջ գտնուող Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու երեսփոխան(երու), հոգաբարձուներու, ընտրողական յանձնախումբի ընտրելի անդամներուն անունները ծանօթ կը դառնան, եկեղեցւոյ անդամական ընդհանուր ժողովի թուականէն վեց ամիս առաջ։ Այսինքն, վեց ամիս առաջ, եկեղեցւոյ հովիւը գիտէ, թէ որոնց հետ գործ պիտի ունենայ յառաջիկայ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք։
Իսկ ինչ կը վերաբերի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի նշանակումի ու արձակումին, այն կը կատարուի ի հեճուկս եկեղեցւոյ հաւատացեալներու ջախջախիչ մեծամասնութեան։ Ո՞ւմ հոգն է։
Դժբախտաբար՝ նոյն է իրողութիւնը թեմի մը առաջնորդի «ընտրութեան» պարագային:
Սոյն յօդուածի առիթով, կարելի չէ մեղադրել աթոռամոլները, այլ՝ բոլոր անոնք որոնք հեռու կը մնան Հայ Ազգային/Եկեղեցական կեանքէն «ինծի ի՜նչ» ըսելով:
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
