Անցնող շաբթուայ ընթացքին Ատրպեճանա-Թուրքական անկանխատեսելի համատեղ յարձակումը Արցախի եւ Հայաստանի վրայ՝ բուռն մագլցում արձանագրեց, գնդակոծելով շրջանի քաղաքները, ենթակառուցուածքները եւ եկեղեցիները։ Զոհերու եւ աւերուածութիւններու թիւը անպատկերացուած մակարդակի կը հասնին 1991-էն ի վեր՝ երբ Արցախ հռչակեց իր անկախութիւնը՝ հետեւելով իր ազատ ինքնորոշման իրաւունքին եւ ժողովրդավարական հանրաքուէին։
Իրավիճակի հրատապութիւնը հասկացողութենէ վեր է, որու արդիւնքը` մարդկային ծանրակշիռ աղէտ։
Գիտակից վերեւ նշուածին եւ վերահասու Հայաստանի ու Արցախը գոյատեւման պայքարին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը մեկ միլիոն ԱՄՆ տոլար ($ 1.000.000 ԱՄՆ տոլար) կը յատկացնէ Արցախի, որպէս մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն, որ կը փոխանցուի ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամի միջոցաւ:
Աւետարանչականը կը շարունակէ իր հանգանակութիւնը, ապահովելու իր հսկայածաւալ գործողութիւններու պարտաւորութիւնները, ի նպաստ իր ծրագիրներուն ու ծառայութիւններուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ՝ սկսած 1988-ի երկրաշարժէն ի վեր։