ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 11 Հոկտեմբերին, Արեւ-մտեան Ամերիկայի Համահայկական խոր-հուրդին կազմակեր-պած «Յաղթանակի քայլարշաւ» բնաբանով բողոքի հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտաւորապէս 150,000 հայորդիներ՝ դատա-պարտելով Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ատր-պէյհճանի եւ Թուրքիոյ համակարգուած յար-ձակումները։
Քայլարշաւը սկսաւ կ.ե. ժամը 3ին, Լոս Անճելըսի «Փեն Փըսիֆիք» զբօսավայրէն, ուրկէ ցուցարարները քալեցին դէպի Պեվըրլի Հիլզ փոխադրուած թրքական հիւպատոսարանը։
«Արցախը Հայաստան է», «Հայաստանը խաղաղութիւն կ՛ուզէ», «Թուրքիան պատերազմական ոճիրներ կ՛իրականանցէ» եւ այլ կոչեր կատարող ցուցարարները բարձրացուցած էին Հայաստանի եւ Արցախի տասնեակ հազարաւոր դրօշակներ։
Համայնքային ղեկավարներ եւ պետական պաշտօնատարներ թէ՛ զբօսայգիին եւ թէ հիւպատոսարանին առջեւ ելոյթներ ունեցան ցուցարարներուն առջեւ, զօրակցելով Արցախի ժողովուրդին մղած ինքնոշման պայքարին եւ դատապարտելով Պաքուի եւ Անգարայի կողմէ զինադադարէն ետք իսկ շարունակուող ոճիրները։
