Պահն է տալու մեր սերունդի սրբազան տուրքը: Պահն է հերոսանալու եւ մեր բազուկի ուժը ցոյց տալու ռազմաճակատի վրայ:
Նո՛յն թշնամին է միշտ՝ Թուրքիան, նո՛յն արիւնարբուն, որ հերթական անգամ կը սպառնայ հայու գոյութեան: Մեր յոյսը մե՛նք ենք եւ վերջ: Եկած է ժամը որ ամէն մէկ սփիւռքահայ իր կիզակէտը բեւեռէ հայրենի սահմաններու վրայ եւ ամէն կարող երիտասարդ եւ երիտասարդուհի անյապաղ մեկնի ռազմաճակատ: Մեր հայրենի եղբայրներն ու քոյրերը, մեր անկոտրում բանակն ու աշխարհազօրայինները մեզի կը սպասեն:
Հայրենիքը վտանգուած է. թշնամին ո՛չ մէկ տարբերութիւն կը դնէ մեզ ոչնչացնելու միջոցներուն մէջ, իսկ «համաշխարհային հանրութիւնը» ինքզինք դատապարտած է չէզոքութեան: Մեր միակ վստահելի զինակիցը մե՛նք ենք:
Օ՛ն, դէպի հերոսացում:
«Գեղարդ», 17 Հոկտեմբեր 2020

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *