ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Թիւ 1755, Նոյեմբեր 13-19

Հայաստանն ու Արցախի Հանրապետութիւնը ջախջախեցին Թուրքիային,Ատրպէյճանին եւ Իսլամական Պետութեան ռազմաքաղաքական շախմատային խաղի մէջ
ՈՒՐԲԱԹ ՆՈՅ. 13, 2020 թ., 23:59 (Pacific Daylight Time – Los Angeles)
Ռազմաքաղաքական շախմատ. ՄԱՍ 1
Սեպտեմբեր 27-ին Թուրքիան, Ատրպէյճանն ու ՙՏԱԻՇ՚ Իսլամական Պետութիւնը անսպասելի ռազմական յարձակում ՙագրեսիա՚ իրականացուցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ: Անգարան եւ Պաքուն կը պարծենային, որ 48 ժամէն ալ պակաս ժամանակի մէջ անոնք կը վերացնեն հարիւր հազարաւոր հայերու եւ կը գրաւեն Արցախի Հանրապետութիւնը: Թուրքիոյ խելագար նէօ-օսմանցի Նախ. Ռեճէփ Թայիփ Էրտօղան մի քանի ամիս առաջ կը պարծենար, որ Թուրքիան պիտի գործադրէ հայերու դէմ իր մեծ ծնողներու ցեղասպանական ՙանաւարտ առաքելութիւնը՚:
Ի զարմանս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը դիմեց մաշեցման պատերազմի: Հակառակ այն փաստին, որ հայերը կրեցին հսկայական մարդկային եւ այլ կորուստներ ու ենթարկուեցան անհամար ռազմական հանցագործութիւններու, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ձեռամբ, համատեղ Ատրպէյճանա-թրքական կայծակնային պատերազմը ձախողեցաւ: Պատերազմը տեւեց 45 օր, եւ հայերը փակուղիի մէջ մտցուցին թուրքերուն, ատրպէյճանցիներուն եւ ՙԻսլամական պետութեան՚ ահաբեկչական վարձկաններուն:
Նոյեմբեր 9-ին, Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Ռուսաստանը ստորագրեցին մոսկովեան համաձայնագիրը, որ կոչ կ՛ընէր զինադադար հաստատել Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի ու ՏԱԻՇ Իսլամական Պետութեան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ ՙագրեսիայի՚ 45-րդ օրը:
– ԵՂԵԼՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 1. Նոյեմբերի 10-ին, Նոյեմբերի 9-ի Մոսկուայի համաձայնագրի յաջորդ օրը, հայերու՝ Արցախի հայկական ինքնութիւնը պահելու վճռական նուիրուածութեան խորհրդանշականութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրաւիրեց մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, խորհրդարանական տարբեր խմբակցութիւններ խորհրդակցութիւններ կայացնելու համար: Ան չի գնաց Երեւան: Ան անոնց ընդունեց Արցախի մէջ, ուժեղ ազդանշան ուղարկելով համայն աշխարհին, որ հայկական Արցախն այստեղ է՝ եւ շարունակելու մնալ դարեր եւ հավերժօրէն: Ան ապահովեցուց, որ 17 ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններու խմբակցութեան կողմէ ինքնանպարտուողական հռետորաբանութիւնը անպայման հերքուի:
– ԵՂԵԼՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 2. Նոյեմբերի 10-ին, Ատրպէյճանի Նախագահ Ալիեւը հեռաձայեց Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին` ՙպահանջելով‘ մուտք դէպի Շուշի: Փութին նոյնիսկ չի ալ պատասխանեց: Փութինի օգնականը Ալիեւին տեղեկացուցած է, որ փոխարէնը Անգարայի հետ կապ թող հաստատէ իր ՙաշիրեթական՚ ղեկավար՝ Ռէճէփ Թայիփ Էրտօղանի հետ ՙպարզաբանելու՚, որ Պաքուն պարտուած է Հայաստանի դէմ շախմատային խաղի մէջ: Ալիեւի համար պարզ դարձաւ նաեւ, որ քանի որ Մոսկուայի համաձայնագիրը յստակօրէն կը սահմանէ, որ Նոյեմբերի 10-ին, ժամը 12: 00-ին, ՙպատերազմող կողմերը կը մնան իրենց պահպանած դիրքերու մէջ՚: Պաքուն նոյնիսկ ոչ մէկ կերպ մօտիկացած չէր Շուշիին: Թուրքիա-Ատրպէյճան-ԴԱԻՇ նախայարձակ խմբաւորումը կը գտնուէր Շուշիի մատոյցներու մէջ՝ փոսային եւ ցածրադիր հովիտի մէջ, ժայռերու ստորոտին, առանց որեւէ մուտք ունենալու դէպի քաղաք: Ռազմական իսկական փակուղի՛: Ասոր յաջողութիւն կ՛ըսու՞ի:
– ԵՂԵԼՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 3. Թուրքիան ՙպահանջեց՚ Մոսկուայէն, որ իր խաղաղապահ ուժերը տեղակայուին Ստեփանակերտի մէջ` Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու կողքին: Նախագահ Փութին կոշտ պատասխանեց, որ Մոսկովեան համաձայնագիրը նման տրամադրութիւն չարտացոլեր: Պաշտօնական Մոսկուան ապահովեցուց, որ Թուրքիոյ Էրտօղանը մեկուսացուած ըլլայ եւ այնպէս մը ըրաւ որ ան ձեռունայն ՙտուն վերադառնայ՚:
Այժմ մենք գիտենք, թէ որքանով Թուրքիան իսկապէս անճարակ դարձած է միջազգային քաղաքական բարդ շախմատի խաղի մէջ ընդդէմ Հայաստանի եւ Արցախի:
Թուրքիոյ արեւմտեան քաղաքական շախմատի վարպետները եւ անոնց օրինա-լարախաղացութիւնը դժբախտաբար ձախողած են հայ-ռուսական քաղաքական շախմատի վարպետ խումբի դէմ: Թէ՞ պարզապէս ԱՄՆ եւ Ֆրանսան լռելեայնօրէն թոյլ տուին որ Էրտօղան խայտառակ ռազմա-քաղաքական պարտութիւն կրէ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ:
Արդէօ՞ք կարելի է, որ Թուրքիան եւ անոր Արեւմտեան-ՆԱՏՕ-ի շախմատի վարպետները պարզապէս իրարմէ բաժանուած են, եւ որ ՆԱՏՕ-ի արեւմտեան հովանաւորները պարզապէս լքած են Թուրքիան հայկական առիւծներու եւ ռուսական արջերու թաթերուն մէջ:
Արդէօ՞ք աւարտած է Թուրքիայի պիտանիութիւնը ՆԱՏՕ-ի համար: Արդէօ՞ք այդ ալ այն պատճառով է, որ Թուրքիան եւս մէկ անգամ ապացուցեց, որ ոչ այլ ինչ է, քան սնանկացած քաղաքական պոռնիկ որ կ՛երթեւեկէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ:
Թուրքիոյ խելագար նախագահ Ռէճէփ Թայիփ Էրտօղանի անփոյթ քաղաքական թափառումը Ռուսաստանի եւ ՆԱՏՕ-ի միջեւ անդառնալի կորուստ բերած է Թուրքիոյ հեղինակութեան ՙիմիջին՚ համաշխարհային ասպարէզէ ներս:
Մէկ կողմէ, Թուրքիան զայրացուց իր արեւմտեան / ՆԱՏՕ-ի հովանաւորներուն, իսկ միւս կողմէ` Անգարային վարկազրկեց եւ ծիծաղի արարկան դարձուց տարածաշրջանային մակարդակով՝ Փոքր Ասիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրասիայի մէջ:
Թուրքիան ոչ միայն պարտուեցաւ Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Արեւելեան Միջերկրական ծովի մէջ, այլեւ կորսնցուց Եւրասիան: Անոր շատ գովաբանուող եւ շեփոռահարուող Թրքական լեռանային յատուկ ջոկատներու գործողութիւնները ձախողեցան եւ անոնք բառացիօրէն մորթուեցան հայկական պաշտպանութեան ուժերու կողմէ, Շուշիի ծայրամասի մէջ գտնւող ՙԴժոխքի հովիտի՚ մէջ (Ի սէր Աստուծոյ դադարեցէ՛ք օգտագործել ՙՇուշա՚ թրքացուած բառը):
Քաղաքական բազմաթիւ դիտորդներ ճիշտ են, երբ կը պնդեն, որ ՙԹուրքիան այժմ կրնայ հրաժեշտ տալ իր համաթուրանական երազանքներուն՝ գոնէ տեսանելի ապագայի համար՚:
Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն ճշգրտօրէն կը բնութագրէ նախագահ Էրտօղանի համաշխարհային բեմի վրայ քաղաքական աղիտալի գործունէութիւնը: Վերջին 168 ժամուայ ընթացքին թրքական լիրան եւս մէկ անգամ անկում կրեց, այնքանով, որ ներկայիս տնտեսական ծանր վիճակը կը յիշեցնէ Թուրքիոյ տնտեսական իրավիճակը 1960-ականներու վերջին եւ 1970-ականներու սկզբին, երբ Թուրքիոյ առաջատար քաղաքական գործիչներ կը դժգոհէին, որ իրենց ՙազգային պարտքերն այնքան բարձր են, որ նոյնիսկ մեր երկնքի մէջ թռչող թռչուններուն պարտք ունինք՚ (թրքերէն.§ulusal borçlarýmýz o kadar yüksek ki, bugünlerde göklerimizde uçan kuþlara bile borçluyuz¦).
Ճիշտ այնպէս, ինչպէս ես կանխատեսած էի 2012-ին, Սուրիոյ պատերազմէն ներս Թուրքիոյ ռազմական ներգրաւման սկզբնական փուլին մէջ Սուրիան դարձաւ Թուրքիոյ Վիետնամը:
Այժմ Հայաստանն ու Արցախի Հանրապետութիւնը դարձան Թուրքիայի նորագոյն Վիետնամը: