ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Երբ որ սպանուեցաւ Վազգէն Սարգսեանը, ինչո՞ւ ազգը չելաւ ոտքի եւ սպանողներուն չի դատապարտեց: Չէին գիտե՞ր, թէ ով է մեղավորը:
Որպէս հետեւանք՝ ազգադավերը եկան, նստեցան իշխանութեան գլխին: Իսկ ժողովուրդն ալ իրենց մի քանի տոլարի համար բոլոր քուէները տուին անոնց իմանալով, թէ իրականութեան մէջ անոնք ովքեր էին: Դեռ մինչեւ հիմա պարզուած չէ, թէ ով է իրական հանցագործը:
Միթէ՞ ժողովուրդը չէր գիտեր, որ 1999-ի Հոկտեմբեր 27-ի այդ անառակ օրէն յետոյ ինչ կատարուեցաւ հենց այդ նոյն օրը՝ կաթողիկոսի ընտրութիւնը: Բոլորն ալ գիտէին, որ անոր ընտրութիւնը եղաւ առեւտուրով եւ կաշառքով, ճի՞շտ է…
Եւ բացի ատորմէ, իր ընտրուելէն Գարեգին Բ յետոյ բաւականին մեծ մարդոց գլուխները կերաւ, այնպիսի հոգեւորականներու, որպեսզի յետագային չպահանջեն անոր դուրս գալը – հրաժարականը եւ անորա տեղը նստիլը, ազնիւ հոգեւորականնների Բոզապալեան արքեսպիսկոպոսի գլուխը կեռաւ։
Մոսկուայի նուիրեալ առաջնորդ Տիրան Արք Կիւրեղեանին ապօրինի կերպով պատօնանկ ըրաւ եւ անոր տեղը բռնի իր մանկապիղծ երբայրը Մոսյկուայի Եզրասը նստեցուց։
Այդ մէկը դեռ միակը չէ, դեռ շատ կասկածներ կան, որ անգամ կաթողիկոսը այդ բաներու մեջ ընկղմուած էր… կը յիշէք այդ տեսաերարիզը Յովնան Տէրտէրեանի ուրախութիւնը, որը մեծ ուրախությամբ համբուրում է նրա մահվան լուրը, կարծես անհամբեր սպասում էին՝ ինքը և կաթողիկոսը: Մի՞թե այն մարդիկ, ովքեր տեսնելով և իմանալով այս բոլորը հանցագործ չեն համարվում, որ չեն կանչվում արդարադատության դեմ և հարցվեն. «Այ Հովնան, այ կաթողիկոս,դուք ո՞ւր էիք, ինչպե՞ս իմացաք, և ինչո՞ւ էիք այդքան հրճված»: Ուրեմն այս բոլորը պիտի ազգի մեղքը լինի:
Մի՞թե չգիտեին , որ Քոչարյանը կաշառակեր է, նա ծախեց ամբողջ Հայաստանը, ինչո՞ւ այն ժամանակ ոտքի չէին կանգնում և ասեին., թե՞, որ մի քանի դոլարով, որ ծախել էին, իրենց հոգիները Քոչարյանին ընտրության համար, բերանները փակվել էր: Դրանից հետո եկավ Սերժը, բոլորն էլ գիտեին, թե Սերժը ով է, Սերժի եղբայրը ով է, ի՞նչ է անում, ինչքա՞ն մարդկանց գլուխներ կերան: «Մարտի 1» է, «Ապրիլ 24» է, «2016թ» է, ինչո՞ւ այդ ժամանակ չելան պահանջելու այդ մարդկանց հեռացումը եւ արդարութիւն բերելու: Եթե Նիկոլին մե՛նք ընտրեցինք, ապա ուրեմն մե՛ր վիզի պարտքն է, որ օրինականութիւնը պաշտպանենք: Բայց նոյն ժամանակ եթէ ինքը սխալ գործած է ազգի հանդէպ, ուրեմն պէտք է պատժուի: Պէտք է բոլորիս յստակ ըլլայ, որ բոլոր անոնք որոնք յանցագործութիւն ըրած են պէտք արդարադատութեան առջեւ կանգնին եւ ամբողջական պատասխանատւութեան ենթարկուին: Ամեն մէկ մարդ, որ կը լռէ , ան կը դառնայ հանցագործ:
Եթէ մենք լուռ մնացած ենք ուրեմն այդ կը նշանակէ, ամբողջ ազգով մենք թշնամի եղած ենք մեր ազգին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին, եթէ կը կարծէք, որ Սփիւռքը ինչ-որ բանով աւելի լաւ է, քան Հայաստանը, ապա չարաչար կը սխալիք: Նոյն տեսակի վիճակի մեջ է նաեւ Սփյուռքը: Երբ, որ տարիներ շարունակ «Բարեգործական» կոչուող հակահայակական գործողութիւններ կը գործադրուէին Պերճ Սեդրակեաններու եւ Էտմոն Ազտեաններու ձեռամբ, վաճառելով սփիւռքի բոլոր հայկական դպրոցները եւ զանոնք փակելով։
Երբ որ անհատներ կը պայքարէին անոնց դէմ, որ չթողեն դպրոցները փակել եւ ծախել,ոչ մէկը ոչ մի բան չէր ըսեր: Արդէօ՞ք անոնք տեղեակ չէին թէ ինչ կը կատարուէր:
Ըստ երեւոյթին փառասէրներ համար աւելի կարեւոր էր «լաւ մարդ» եւ «ժպտադէմ՝» երեւնալ լուսանկարներու կամ «selfie» նկարերու մէջ իրենց անունը պրոպականդելու համար եւ ոչ մէկ անգամ չքարկոծէին Պերճ Սեդրակեանին կամ Սինան Սինանեանին – կեղծաւորներու նոյն հաւաքածոյ՞: Երբ որ «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանը ծախեցին,անկեղծ հայ մարդիկ կոչ կþընէին, որ չծախեն։
Խակայն եկէք տեսէ՛ք։ Ծախելէ ետք որոշ տարրեր այնք՜ան ուրախ էին, որ գրպանները լեցուցին։ Նոյնիսկ «Թէքէյեան Մ. Միութեան» Ռամկավարները մեծ ուրախութեամբ նշեցին, որ «առաքելութիւնը յաջող կերպով աւարտած է» (“mission accomplished”):
Ո՞ւր էին այդ Ռամկավարները; Ի՞նչ կþընէին։ Մի՞թե չէին տեսներ, որ իրենք ազգակործան գործ է, որ կþընեն: Մէջներնիդ տղամարդ չկա՞յ։ Չէիք գիտեր , որ սխալի մէջ էք։ Ինչո՞ւ ոչ մէկդ չի բարձրաձայներ: Ամբողջ Հայաստանը գիտէ, թէ Գարեգինը ով է եւ թէ ինչպէ՛ս վաճառեց մեր եկեղեցիները, թէ ինչպէ՛ս կը քանդէ մեր հոգեւոր հարստութիւնները եւ դէպի ուր տարաւ մանկապղծության տիղմին մէջ նետեց մեր եկեղեցիները: Իսկ ազնիւ հոգեւորականները դուրս նետուեցանլ Ի՞նչ է։ Այս մարդիկը չե՞ն գիտեր, թէ Գարեգինը ինչ կþընէ։ Արդէօ՞ք իրոք «էշի ականջին քնած են»:
Բազմահազար ամերիկահայ եւ հայրենաբնակ ընթերցողներու հաւանաութեամբ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթը կը շարունակէ հաստատ մնալ իր խմբագրական համողզմունքին վրայ եւ անշեղ՝ կը շարունակէ իր ուղղութիւնը։
Չկարծէք, որ Սփիւռքը սրբութիւն սրբոց է: Ու՞ր են անցնող 30 տարիներուն Հայաստանին եւ Արցախին արջի ծառայութիւն մատուցողները։
Սինան Սինանեաները, Ալպերթ Պօյաճեանները, Պերճ Սեդրակեանները, Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեանները, Հերմինէ Ժանոյեանները, Սալբի Ղազարեանները եւ այլք
Ամերիկահայ Սփիւռքի social butterfly-ները կամ «սոցիալ թիթռնիկները» կամ փառասէրները, անցնող 30 տարիներուն, Նիւ Եորքէն մինչեւ Լոս Անճելոս, արջի ծառայութիւն մատուցեցին Հայաստանին եւ Արցախին այն սխալ տպաւորութիւնը ստեղծելով պաշտօնական Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ, որ իբրեւ թէ անոնք միայնակ՝ Ամերիկահայութեան ներկայացուցիչներն են։ Միթէ՞ կարելի է երբ բոլոր կազմակերպութիւններու եւ այսպէս կոչուած «կարոյցներու» անդամներուն ընդհանուր թիւը չանցնիր ընդհանուր հայկական ազգաբնակչութեան 2%-ը։ Ի՞նչ երեսով անոնք անընդհատ իրենք զիրենք կը ներկայացնին եւ կը շարունակեն ներկայացնել որպէս ողջ ամերիկահայութեան «ներկայացուցիչներ»։ Այսքան ստախօսութիւն շատ չէ՞։
Զարմանալի թող չի թուի երբ Հայաստանի նոյն հանցագործները իրենք իրենց ուժեղ զգան քանի որ Սփիւռքի մէջ գտած են իրենց կցորդները։ Բայց հիմա Սփիւռքի կցորդները թաքնուած վիճակում են…
Ամեն օր այս վերջինները կը փաստեն որ վերջին երկուք ու կէս տարիներուն ինչ, այն ամենը որ մենք կ՛ըսեինք ու կը գրէինք, դժբախտաբար, ամեն րոպէ կը փաստուի որ մենք ճիշտ ենք եւ բարոյական իրաւունք կը վերապահենք իրենց երեսովը տալով:
Ամբողջ այդ «յատուկ» շրջքանակի ժողովուրդին մեղաւոր հանելու իրաւոնք ունինք։ Եւ օէտք է որ ընենք որպէսզի հանկարծ չմտածեն գլուխնին ցցելու մասին եւ հրապարակը ապականեն։
Խփիւռքեան հրապարակները պէտք է ինքնամաքրուին յօգուտ Հայաստանի, Արցախի եւ ողջ հայ ժողովուրդին։
Մեր միակ փրկութիւնը մեր ընթացքին ճիշտ ուղին գտնելու մեջն է։
Այնսպէս որ երբ աչքիդ առջեւ յստակ է որ կողքինդ սխալ կ՛ընէ, բարձրաձայնէ՛, բողոքէ՛ եւ մանրամասն պատասխան պահանջէ՛:
Պետականութեան քանդումը եւ ազգադաւումը այնպիսի հանցագործութիւններ չեն որ «վնաս չունի» ըսենք եւ կոյր ձեւանանք։
Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր իրաւաբաններուն։ Իրաւաբանութիւնը սուրբ գործընթաց ո մարդու իրաւունքները պաշտպանելու։ Բայց որոշ փաստաբաններ կը փորձեն պաշտպանել անպաշտպանելի տարրեր, ինչպէ՜ս Հայաստանի այդ արդարադատութիւնը կը պաշտպանէ Քոչարեանին։ Մէկ կողմէ կը բռնեն, միւս կողմէ ազատ կþարձակեն։ Ամօ՜թ պարոնայք եւ կանայք անսկզբունք պաշտպաններ , որ աներեսաբար կը պաշտպանէք այդ անպաշտպանելիներուն: Քաջ իմանալով հանդերձ, թէ «ում էք պաշտպանում» այնպիսի «չքնաղ» առոգանութեամբ կը պաշտպանէք, որ ողջ հայութեան զարմանքը կը սասկացնէք։ Բայց իրականության մէջ դուք շատ լաւ գիտէք, թէ իրենք ում էք պաշտպանում: Նոյնն էլ կատարւում է Սփիւռքում: Երբ մի ստախօս, գող, հակաազգային հոգեւորական, ինչպիսին են Յովնան Տէտէրեանը եւ Մանուկ Մարգարյանը, անոնց պաշտպան կը կանգնի մէկ այլ հայ դատապաշտպան՝ Lawyer, որ արդեն յայտնի էր սրանից տարիներ առաջ, երբ որ Insurance-ի փողերը շոքիացուց:
Մի՞թէ այդ փաստաբանը չի գիտեր, թէ ով է Յովնան Տէրտէրեանը կամ Մանուկ Մարգարյանը, որ այդպիսի մեծ ուրախութեամբ կը պաշտպանէ իր գրպանի շահերու համար, առանց ամչնալու։
Փոխանակ անոնց խրատելու, որ «ամօթ է։ Դուք մեղք էք գործում։ Եւ բացի այդ՝ կը խայտառակէք մեր ազգը, մեր բարերարներու դէմ է, որ դուրս կուգաք», հիմա այդ անբարոյական փաստաբանը իրենց կը պաշտպանէ:
Արդէօ՞ք այդ փաստաբանը գիտէ թէ իրենց յանձնուած խոշոր գումարները հայ հաւատացերալներէ գողցուած դրամներն են։
Ինձ կը թուի, որ այս իրաւաբանները, որոնք իմանալով հանդերձ որ կը պաշտպանեն չարագործներուն, նախ իրենք պէտք է դատուին: Նոյնն ալ Հայաստանի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի ժողովուրդին, որոշ դրամապաշտներ կը նստին ասոնց կողքը նկարուելու կամ մի քանի նկար նկարուելով՝ կը հպարտանան, կարծելով, թէ իրենք մարդ են: Իսկ իրականութեան մէջ իրենք չեն հասկնար, թէ իրենք ինչպէ՜ս կը քանդեն մեր եկեղեցին, մեր ազգը, մեր հայրենիքը:
Ամեն մի առիթէ կ՛օգտուին, որպէսզի կարենան իրենք իրենց ցուցադրեն, իրենց «սելֆիները» ընեն, իրենց նկարները հսկա-հսկա նկարեն եւ թերթերու մեջ դնեն, թէ իբր մե՜ծ գործ են կþընեն, կամ դրամահաւաք կը կամակերպեն:
Դրամահաւաք կազմակերպելը կարեւոր չէ, ամեն մէկը առանց որեւիցէ բան մը ի սրտէ տալու իրենց գովազդ՝ նկարները կարծես Hollywood sign-ը հանեն եւ իրենց նկարները դնեն այնտեղ կամ ալ Լոս Անջելեսի freeway-ի sign-երը հանեն եւ անոնց տեղը այս մեր «բարերար» կոչուած, «ազգային գործիչներ» կոչուած տէրտէրներուն եւ միւս կազմակերպութիւններուն՝ Ռամկավար, Դաշնակ, Հնչակ… անոնց նկարներն այնտեղ կþուզեն դնել: Անսոնք մարդ կ’ըլլա՞ն…
Այս գողերուն թիկունք կը կենան ըստ պատուէրի հակաազգային թերթեր եւ հեռուսատակայաններ ու կը գովաբանեն անոնց, որովհետեւ անոնց մեծ մասը նոյն շրջանակին կը պատկանին։ Մէկ մասը Քոչարյանին միւս մասը Սերժ Սարգսյանի փեսային՝ Միշինիկն։
Տեսնենք այս խեղկատակութիւնը դեռ եւս ինչքան պիտի շարունակուի։