ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի կողմէ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան ստորագրումէն անմիջապէս յետոյ, իրաւաբանական գիտութիւնների դոկտոր, Հայաստանի գեներալ-լեյտենանտ Արմէն Զալինեան նախաձեռնած է կարեւոր հռչակագիրուղղուած միջազգային մարմիններուն եւ ամենակարեւորը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն յանձինս՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի: Հայցադիմումն ըստ էութեան անվաւեր կը ճանաչնայ Նոյեմբերի 9-ի Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի կողմէ ստորագրուած յայտարարութեան 2րդ, 6րդ, 7րդ եւ 9րդ կէտերը: Որպէս պահանջագրի հիմնական նախաձեռնող՝ ան կապի մէջ եղած է Մինսկի համանախագահների գրասենեակներու հետ: Որոշ թիւ կազմող Սփիւռքահայեր միացան գեներալ-լեյտենանտ Զալինեանին հչռակագիրը ստորագրելու համար:

Գեներալ-լեյտենանտ Զալինեանի հչռակագրի կողմնակիցները կը նշումեն. «Մերժելով 2րդ, 6րդ, 7րդ եւ 9րդ կէտերը, մենք ժամանակին կրնանք ջանքեր գործադրել՝ վերացնելու համար 2րդ, 6րդ, 7րդ եւ 9րդ կէտերու մէջ նշուած խիստ անբարենպաստ պայմանները: Դրանով մենք կը ստեղծենք աւելի լաւ բանակցութեան դիրք, քանի որ յայտարարությունը ստորագրուած է Ատրպէյճանա-թուրքական զէնքի սպառնալիքի ներքոյ։ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 9-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ Է ՀԱՐԿԱԴՐԱՆՔԻ ՆԵՐՔՈՅ»:

Ըստ յայտարարութեան 2րդ կէտին, «Աղտամի շրջանը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Ղազախի շրջանի մէջ հայկական կողմէ պահուող տարածքները կը վերադարձուին Ատրպէյճանական կողմին մինչեւ 2020թ. Նոյեմբեր 20-ը»:

Աղտամի շրջանը ոչ միայն կենսական նշանակութիւն ունեցող գօտի է, այլեւ ան կը հանդիսանայ հիմնական բանակցային զէնք: Նոյեմբեր 9-ի դրութեամբ Աղտամը եւ տարածքներու 70%-ը կը գտնուէր Հայաստանի վերահսկողութեան ներքոյ: Անոնցմէ հենց այնպէս հրաժարուի՞լ: Պիտի ըսեմ, որ աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ համաշխարհային ընդդիմութիւնը կþօգնէ ամրապնդել հայերու դիրքերը բանակցութիւններէ ներս:

Ըստ յայտարարութեան 6րդ կէտին, «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Քելբաջարի շրջանը կը վերադարձնէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մինչեւ 2020 թ. Նոյեմբեր 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը մինչեւ 2020թ. Դեկտեմբեր 1-ը՝ թողնելով Լաչինի միջանցքը (5 կմ լայնութեամբ), ինչը կ՛ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ եւ միեւնոյն ժամանակ կը շրջանցէ Շուշի քաղաքը»: Կողմերու համաձայնութեամբ, յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին որոշուելու է Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղու կառուցման նախագիծը, որը կ՛ապահովէ կապը Ստեփանակերտի եւ Հայաստանի միջեւ, հետագային՝ այդ ճանապարհը պաշտպանելու համար ռուսական խաղաղապահ զօրախմբի վերաբաշխմամբ: Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը Լաչինի միջանցքում կ՛երաշխաւորէ քաղաքացիներու, տրանսպորտային միջոցներու եւ ապրանքներու համար երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով ալ:
Հիմա, երբ ռուսերը Արցախի մէջ են եւ Արցախի վրայ թռիչքներու արգելման գօտի կայ, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը զայրացած են, որ ռուսները թոյլ չեն տար անոնց տեղափոխուիլ Քելբաջար: Ռուսաստանը նաեւ հրաժարած է թրքական խաղաղապահ ուժերուն մուտք թոյլ տալ Շուշի եւ Ստեփանակերտ:
Ստորագրելով հռչակագիրը, որով յայտարարուած 6-րդ կէտը Հայաստանին կուտայ քաղաքական ապահովութիւն, անհրաժեշտ է ՉՀԱՍՏԱՏԵԼ, ըստ յայտարարութեան վերջնաժամկէտի՝ Նոյեմբեր 15-ը «Քելբաջարի շրջանը Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն վերադարձնել մինչեւ 2020թ Նոյեմբեր 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը մինչեւ Դեկտեմբեր 1, 2020թ.», ըստ այդմ պահպանելով Շուշին բացառապէս Ռուսաստանի վերահսկողութեան ներքոյ:

Ըստ յայտարարութեան 7րդ կէտին, «Ներքին տեղահանուած անձինք եւ փախստականները կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղ եւ հարակից տարածքներ՝ ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ»:

7-րդ կէտի լիարժեք կատարումը կը նշանակէ, որ հարիւր հազարաւոր Ատրպէյճանցի թուրքեր կը թոյլատրուին տեղափոխուիլ Արցախ, ինչը ժողովրդագրական տեղաշարժ կ՛ըլլայ յօգուտ թուրքերու: Մենք ամեն գնով պէտք չէ թոյլ տանք, որ ատիկա տեղի ունենայ:

Ըստ յայտարարութեան 9-րդ կէտին, «Տարածաշրջանի մէջ բոլոր տնտեսական եւ տրանսպորտային կապերը կ՛ապաշրջափակուին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ապահովէ տրանսպորտային կապեր Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ՝ քաղաքացիներու, տրանսպորտային միջոցներու եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով կազմակերպելու նպատակով:

Տրանսպորտային հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնն կ՛իրականացնեն Ռուսաստանի ԱԴS Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները:
Կողմերու համաձայնութեամբ կ՛ապահովուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ատրպեյճանի արեւմտեան շրջաններու հետ կապող նոր տրանսպորտային նոր ուղիներու շինարարութիւնը:

Ապաշրջափակելով Մեղրիի միջանցքը եւ տրամադրելով «տրանսպորտային կապեր Ատրպեյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ, որպէսզի կազմակերպեւի քաղաքացիներու, տրանսպորտային միջոցներու եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը երկու ուղղութեամբ», Հայաստանը փաստացիօրէն ձեռքէ կուտայ հարաւային միջանցքի մէջ իր գերիշխանութիւնը եւ կը նպաստէ դժոխային պանթուրքական մայրուղիի բացման: Թիւ 9-ի գործադրումը կը նպաստէ համաթուրքական կայսրութեան ստեղծման, որու մասին կ՛երազէին Անգարան եւ Պաքուն: ԱՍԻԿԱ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԿՏՐԱԿԱՆԱՊԷՍ ՄԵՐԺԵԼ:

ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԱԾ ՀԱՐՑՈՒՄ ԿԱՄ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹՒՒՆ. «Ասում են, որ այս համաձայնագիրը չի խոչընդոտում ԵԱՀԿ գործընթացին, քանի որ այն չի վերաբերում Արցախի երկարաժամկէտ կարգավիճակին կամ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Իրավիճակային առումով մենք կը գտնուինք ակտիւ պատերազմի սցենարի մէջ. ԵԱՀԿ-ն մշակա՞ծ է արդէօք պատերազմական իրավիճակը կարգաւորելու արձանագրութիւն: Արդէօ՞ք դա չի համապատասխանում ՄԱԿ-ի միջազգային օրէնքին, որը կը վերաբերի «Պատերազմով բռնագրաւումն ու տարածքային նուաճումը արգելելու մասին», քանի որ գիտէք, որ ատիկա մեր մարտահրաւէրն է. Եթէ ՄԱԿ-ը ընդունէր մեր ինքնորոշումը, մենք կը հրաժարուէինք այդ հողերէն, բայց ՄԱԿ-ը այդ հողերը կը համարէ Ատրպէյճանի տարածքի մաս, ուստի այս համաձայնագիրը կրնայ ուժի մէջ մնալ:

Բայց ասելով, որ ասիկա եւս հարկ է նշել, ըստ էութեան իրէնց ռազմական գործողութիւններու շնորհիւ, ատրպէյճանական կողմն ըսաւ, որ իրենք այլեւս չեն աշխատի ԵԱՀԿ-ի հետ:

ԻՄ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ. «Պահանջաֆրի տակ ստորագրելով, հայկական կողմը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին կու տայ իրենց դիրքը վերստանալու ոսկէ հնարաւորութիւն եւ արտակարգ առաքելութիւն:

Արդէօ՞ք անոնք կ՛օգտագործեն հնարաւորութիւնը: Մենք չենք գիտեր. Եթէ անոնք առիթը չօգտագործեն վերստին վերահսկելու գործընթացը, ապա չպէտք է բողոքեն, եթէ Ռուսաստանը կատարէ իր լիազօր պարտականութիւնը եւ ինքնուրոյն կառավարէ իրավիճակը, ինչը հայերու կողմէ ընդունելի է: Այժմ, երբ ռուսները Արցախի մէջ են եւ Արցախի թռիչքների արգելման գօտի կայ, Թուրքիան եւ Ատրպեյճանը զայրացած են այն բանի համար, որ ռուսները թոյլ չեն տար անոնց տեղափոխուիլ Քելբաջար: Ռուսաստանը նոյնպէս կը մերժէ թրքական խաղաղապահ ուժերուն մուտքի իրաւունք տալ Շուշի եւ Ստեփանակերտ:

ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԱԾ ՀԱՐՑՈՒՄ ԿԱՄ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹՒՒՆ.

«Նոյնիսկ եթէ մենք մերժենք 2,6,7,9 պայմանները, ի՞նչն է ասում է, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը համաձայնուին:

Անոնք, ի վերջոյ, կ՛առաջնորդուին իրենց նպատակով՝ ամեն ինչի ռազմական լուծմամբ:

Իհարկէ, հողային պայմաններու փոփոխութիւնը հնարաւոր չէ դիտարկել բացառապէս առանց հաշուի առնելու աւելի լայն պատկերը, Հայաստանի նպատակները կամ ենթաօրէնսդրութիւնները, որոնք կը միտին աւելի հնարաւոր փոփոխութիւններուն (օրինակ՝ Ռուսաստանի ռազմական ներգրաւուածութիւնը եւ ապագայ գործողութիւններու հակումը դէպի իր շահերը, ինչը կը նշանակէ, որ Ռուսաստանը պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, եթէ կþուզէ մնալ այնտեղ, այլ է, եթէ ըլլան այլ սցենարներ, ինչպիսիք են պատերազմի վերսկսումը, կամ նոյնիսկ Կարսի պայմանագրի վերաբերեալ բանակցութիւնները եւ այլն):

Բացի այդ, ի՞նչ կը նշանակէ Մինսկի խումբի համանախագահներու ապագայ կարգավիճակը, եթէ անոնք համախմբուին եւ ճանաչեն Արցախի կարգավիճակը, ի՞նչ կը նշանակէ այդ խմբին անդամակցելու իրաւունքը, կամ նոյնիսկ գոյութիւն ունենալը:

Իհարկէ, եթէ համաձայնութեան մէջ կան բացեր, որոնցից մենք կրնանք օգտուել իրավիճակներ եւ սցենարներ ստեղծելու համար, ուր մենք ստիպուած չենք հողեր տալու, որտեղ մենք կրնանք համատեղել տակտիկական կամ ռազմավարական գործողութեան տարրեր՝ աւելի մեծ պատկերին հասնելու համար, եւ միեւնոյն ժամանակ աջակցութիւն ունենանք Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւնից, ապա արժէ հետամուտ ըլլալ:

Պայմանները միայնակ փոխելը՝ առանց ամուր փոխարինող ծրագրի եւ գործելու կամ հետեւանքներու լուծման պարտաւորութեան, միայն գործն աւելի կը բարդացնէ: (Երկրում առկայ սոցիալական եւ քաղաքական խոցելիութեան եւ անկայունութեան պատճառով)

ԻՄ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ. Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար շատ ուշ է, որեւէ բան փոխել: Ռուսերը ներսն են: Ատրպէյճանը այնքան հիմար էր, որ կուլ տուաւ Շուշիի խայծը:
(Տե՛ս գեներալ-լեյտենանտ Արմէն Զալինեանի հռչակագիրը էջ՝ 4-5)


ԱՆՑՈՒՄ ԴԷՊԻ ՀԶՕՐ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Հին կոռումպացուած ռեժիմները՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեանի դաշնակիցները սփիւռքի դաշնակցական եւ «Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» հատուածներու ղեկավարները մտադիր են սաբոտաժի ենթարկել որեւէ ջանք Հայաստանի մէջ կայունութիւն ապահովելու համար եւ ստիպելու ներկայիս կառավարութեան ամեն գնով ձախողումը, որպէսզի անոնք կարողանան համակարգել հին կոռումպացուած ռեժիմի վերադարձը իշխանութիւն:

Եթէ անոնք յաջողին, մենք բոլորս կը ձախողինք:
Աշխարհի հայերը պէտք է կայունացնեն եւ համախմբուին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան Նոյեմբեր 9ին նախորդող դիրքերու վերականգնման համար: Անոնք պէտք չէ թոյլ տան, որ որեւէ գողապաետական տարր ինչպիսիք են Քոչարեան, Սարգսեան, Տէր-Պետրոսեան, Գարեգին Բ եւ իրենց կամակատարները աւելի վատթարացնեն ներազգային դրութիւնը:

Աշխարհի հայերը պէտք է ընդդառաջ շարժուին եւ Ազգային Ճշմարտութեան Յանձնաժողովը կեանքի կոչեն, որը կը հետաքննէ նախորդ եւ ներկայ բոլոր ռեժիմները՝ Տէր-Պետրոսեան (1991-1998), Քոչարեան (1998-2008), Սարգսեան (2008-2018), Փաշինեանի ներկայիս ռեժիմը ( 2018-առ այսօր):
Ժամանակն է դաս քաղել մեր սխալներէն, շտկել անցեալի կոպիտ անարդարութիւնները եւ կանխել ապագայ անարդարութիւնները եւ կոռուպցիոն գործողութիւնները։

Պատճառը, որ մեր ազգը կը շարունակէ կրկնել նոյն սխալները (1918-1920)ի Առաջին Հանրապետութենէն ի վեր, այն է՝ որ մեր ազգը պատշաճ կերպով չէ գնահատած

  • ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ. Հայաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն (1918-1920);
  • ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ. Հայաստանի Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութիւն (1921-1991);
    Եւ ամենակարեւորը`
  • ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը (1991-էն մինչ օրս) իր երեք նախկին ռեժիմներով + այսօրուայ Փաշինեանի վարչակազմը:


Ոչ մէկ պարագայի, մեր ազգը պէտք չէ թոյլ տայ ներկայ կառավարութեան հապճեպ հրաժարականը:

Օրէնքի գերակայութիւնն օրուան հրամայականն է:

Արդիւնաւետօրէն ընդդառաջ մղուելու համար կայունութիւնը անհրաժեշտ է: Փաշինեանի կառավարութեան վաղահաս պաշտօնանկութիւնը նախկին Քոչարեան-Սարգսեան ռեժիմներու օգտին է, որովհետեւ անոնք բոլոր ֆինանսական միջոցները եւ մարդուժը ունին ապօրինի կերպով կազմակերպելու իրենց իշխանութեան վերադարձը, ինչը կործանարար կը դառնայ Հայաստանի եւ Արցախի համար:

Մենք պէտք չէ ընտրութիւն կատարենք այսօրուայ «միջակութեան» եւ երեկուայ «աւելի վատի» միջեւ: Հարկաւոր ընհտրութիւն կատարել «լաւի»ի եւ «աւելի լաւի» միջեւ։

ԱՍԻԿԱ ՄԵՐ ԱԶԳԻ ՈՍԿԷ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ Է՝ ՀԻՄՔ ԴՆԵԼՈՒ ՀԶՕՐ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ:

Աբօ Գրիգորի Չափարեան
Լոս Անճելոս, ԱՄՆ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *