Մեծ վշով իմացանք, «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման» Համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան Յայտարարած. Վազգէն ՄանուկեանՎարչապետի Միասնական Թեկնածուի հրաժարականի մասին։ Այս տխուր առիթով, մեր յորդորն է հայաստանաբնակ մեր քոյր եւ եղբայրներուն, որ նկատի ունենալով «Հայրենիքի Փրկութեան» անյետաձգելիութինը, անյապաղ ձեռնարկեն երկիրը օժտելու նոր եւ ամբողջական վարչակազմով։ Հետեւաբար, կը թելադրենք հետեւեալը
ՀՀ Նախագահի պաշտօնին կոչել, ՀՅԴ Բիւռոյի «ՆԱԽԱԳԱՀ» Տիար Արմէն Ռուստումյան։

ՀՀ Վարչապետի պաշտօնին՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան։

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար, ՀՅԴի անդամ՝ Գեղամ Մանուկեան

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարար, ՀՅԴի անդամ՝ Արծվիկ Մինասյան։

Ու տեսէք սիրելի ժողովուրդ, թէ ինչպէս այս հերոսները ազգիս Հայոց մեզ կը վերադարձնեն Արցախը, Նախիջեւանն ու Արեւմտահայաստանը իրենց ամբողջութեամբ ու Ապարանը կը վերածեն ԼԱՍ ՎԵԿԱՍի։
Յոյսով մնացէք,
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *