Թիւ 1761, Դեկտեմբեր 25-31

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Դեկտեմբերի 24-ին Սահակ քահանայ Գալստեան ցնցող բացայայտում կատարեց «Amenor Am» հեռուստաընկերութեան եթերով՝ նշելով, որ մի քանի օր առաջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն եւ համագործակից, «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախագահ Սարգսեանի նախկին խորհրդական ազգային անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ Գառնիկ Իսագուլեանը բացայայտօրէն կոչ ըրաւ սպանել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Կը հաղորդուի, որ Գառնիկ Իսագուլեան յայտարարած է, որ «Նիկոլին սպանողին պէտք է տրուի Ազգային Հերոսի կոչում կամ մէկ միլիոն տոլար պարգեւ»: (ԴԻՏԵՑԷ՛Ք՝ https://youtu.be/SbivPNO_wa4)
Միջազգային յանցաւոր քար-թելի ղեկավար «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս» Գարեգին Բ-ն եւ անոր համախոհները երկար ժամանակէ ի վեր, ուժեղ կասկածի տակ են մեղսակից ըլլալու՝ 1999-ի Հոկ-տեմբերի 27-ին տեղի ունեցած Հայաստանի Ազգային Ժողովի մէջ գործադրուած սպանդին, որ խլեց կեանքերը վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի, Խորհրդարանի Խօսնակ Կարէն Տէմիրճեանի եւ այլ պետական այրերու:
Գարեգին Բ-ի հետ մէկտեղ ներգրաւուած են նաեւ նախկին նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեանը եւ զինակից Սերժ Սարգսեանը:
Գարեգին Բ-ն եւ հին գողապետական ռեժիմի ղեկավարներն ու «համախոհները» պէտք է պատասխան տան իրենց բոլոր նենգ գործունեութեանց համար, ներառեալ սպանութիւններ, զանգուածային կոռուպցիա, պետական պիւտճէի եւ հիմնարկներու թալան, ներառեալ հայկական բանակը, եւ անցեալի ընտրութիւնները կեղծելու համար:

Անդրադառնալով Գարեգին Բ-ին, Լոնտոնի Arm News-ի Միհրան Քէհէյեանը յայտարարեց, որ «թալանչին (Եկեղեցւոյ եւ ազգի աւազակ) խարդախը պէտք է վռնտուի եկեղեցիէն: … (Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ) ճնշող պահանջ չի կայ, որ վարչապետը հրաժարական տայ, բացի սովորական դերակատարներէ, ինչպիսիք են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ), որոնց յանձնարարուած է հնարաւորինիս չափ շատ աղմկել ամբողջ տարածքի մէջ, քանի որ իրենց Երեւանի հանրահաւաքները ոչ այլ ինչ են, քան ձախողութիւն: ՀՅԴ-ն այժմ հարբած է իշխանութեան հասնելու համար, որպէսզի կարենայ կոալիցիայի մէջ ծածկել իրենց բազմաթիւ յանցագործութիւնները, ինչպէս նաեւ պահպանել իրենց երկար տարիներու թալանը իրենց կոռումպացուած եւ յանցաւոր կոալիցիայի գործընկերներու հետ միասին: Անոնց բոլոր գողցած գումարները պէտք է առգրաւուին: Անոնց աւազակախումբին մէջ կը մտնեն բոլոր նախկին նախագահները, վարչապետները, նախարարները, եւ թալանչի Գարեգին Բ-ն։ Բոլորն ալ պէտք է դատուին, թէ չէ` Հայաստանը երբէք չի կրնար ընդառաջ շարժուիլ եւ միշտ յայտնուելու է կոյուղիի մէջ»:
Գողապետական երեք հին ռեժիմները՝ Տէր-Պետրոսեան, Քոչարեան, Սարգսեան + Գարեգին Բըըը-ն, ինչպէս նաեւ իրենց կամակատար 17 «ընդդիմադիր» կուսակցութիւնները խորապէս անհանգստացած են, որ հայ հասարակութիւնը մասսայաբար չի միանար իրենց՝ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջներուն:
Հին գողապտական ռեժիմները + Գարեգին Բ-ն տեղեակ են, որ ինչքան երկար ժամանակ չեն կրնար իշխանութիւնը գրաւել Երեւանի մէջ, այնքան աւելի կ’ենթարկուին ձերբակալման եւ պատասխանատւութեան վտանգին իրենց բազմաթիւ յանցագործութիւններուն համար: Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայ քաղաքացիական հասարակութիւնը երթալէն աւելի վճռական կը դառնայ Հայաստանի մէջ օրէնքի եւ կարգապահութեան պահպանման պահանջներու խնդրին մէջ:
Ինչու՞ «ընդդիմադիր» 17 կուսակցութիւններու խմբաւորումը չի յաջողիր ստիպելու վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը: Ինչո՞ւ վարչապետ Փաշինեանը դեռ իշխանութեան գլուխն է:
Քաղաքական մեկնաբան Արամ Ամատունին գրեց 1in.am-ի մէջ. «Ահա թէ ինչու է Նիկոլ Փաշինեանը նոյեմբերի 9-ից ոչ միայն 2-3 օր անց, այլ արդեն մօտ երկու ամիս անց շարունակում լինել վարչապետ: Որովհետեւ նրանից առաջ եղած համակարգը 2018-ից յետոյ չի ունեցել հասարակութեան առաջ անկեղծ խոնարհուելու եւ ներողութիւն խնդրելու, նախայեղափոխական համակարգի սխալներու, արատներու մասին հանրութեան հետ բաց խօսելու համարձակութիւն ու ազնւութիւն»:
Պէտք չէ զարմանալ՝ իմանալով, որ 2020-ի Արցախեան գոյամարտէն յետոյ հայերու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կողմնակից է՝ փոխելու կառավարութեան ղեկավա-րութիւնը։ Սակայն, չեն շտապեր։
Որովհետեւ, հին վարչախումբի կողմէ ֆինանսաւորուող 17 կուսակցութիւններուն կը թոյլատրուի ժամանակաւորապէս մինակը գրաւել ընդդիմութեան քաղա-քական ասպարէզը բացայայտելու համար սեփական քաղաքական սնանկութիւնը եւ ոչ կարողունակութիւնը:
Միեւնոյն ժամանակ, հրամայական է, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը ինքնիրեն եւ նախորդ բոլոր երեք վարչակարգերուն ենթարկէ հանրային հետաքննութեան: Վարչապետ Փաշինեան պէտք է կազմակերպէ հանրաքուէ՝ անկախ եւ որակաւորուած հայեր Ազգային Ճշմարտութեան Յանձնաժողովի անդամ ընտրելու համար, 1991 թուականէն մինչեւ այս պահը իրերայաջորդ վարչակարգերը լիարժեք հետաքննելու համար:
Կասկած չի կայ, որ բոլոր չորս ռեժիմներն ալ՝ նախագահ Տեր-Պետրոսեանէն սկսեալ (1991-1998), մինչեւ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան (1998-2008), Նախագահ Սերժ Սարգսեան (2008-2018) եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (2018-առ այսօր) պէտք է հետաքննուին:
Աշխարհի հայութիւնը պէտք է զօրկացի, որ Ճշմարտութեան Ազգային Յանձնաժողովը լիովին կատարէ իր առաքելութիւնը, որպէսզի լաւ որակաւորուած, կառուցողական եւ հայրենասէր ուժերը գան իշխանութեան եւ չեզոքացուի անցեալի սխալները կրկնելու վտանգը:
Բոլոր հայրենասիրական եւ ազգայնական ուժերը պէտք է աւելի լաւ կազմակերպուին Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի մէջ
1) որպէս պատուար ծառայելու համար հին գողապետական իշխանութեան վերադառնալու դէմ.
2) լիազօրել հայ ժողովրդին, գոյաթենական անցումային մակարդակէն անցնիլ կեսնագործման ե՛ւ պետական ե՛ւ համազգային մակարդակի վրայ:
Հայ ազգը պէտք է ընտրութիւն ունենայ լաւի եւ աւելի լաւի միջեւ, այլ ոչ թէ՝ վատի եւ աւելի վատի: