ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Դեկտեմբեր 31-ին Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակեց իր ուղերձը 2021 թուականի Ամանորի եւ Հայկական Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ:

Վարչապետ Փաշինեանի ուղերձը կարեկցա-բար անդրադարձաւ Հայաստանին, Արցախին եւ Սփիւռքին յուզող կարեւորագոյն հարցերուն: (Տե?ս ամբողջական հաղորդագրութիւնը էջ՝ A3):

Այնուամենայնիւ, ազգային հրատապութեան շարք մը խնդիրներ չնշուած մնացին .

1) ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՄէՆԱՇՆՈՐՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Տնտեսական մէնաշնորհ-ութիւններու կտտացման կարեւորութիւնը, որ կը վերահսկուի մի քանի նախկին գողապետական «կլեպտոկրատական» ռեժիմներու ղեկա-վարներու եւ զինակիցներու կողմից: Հայաստանը պէտք է բռնագրաւէ նախկին գողապետական ռեժիմներու ղեկավարներէ եւ զինակիցներէ, բոլոր թալանուած պետական եւ մասնաւոր ունեցուածքը եւ անոնք վերաբաշխէ ազգային հրատապ կարիքներուն, ինչպիսիք են հայկական բանակի արդիականացումը, ֆինանսական օգնութիւն տրամադրէ հազարաւոր նահատակուած կամ վիրաւոր հայ զինվորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:

2) ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՆԱՇՆՈՐՀՈՒԹԻՒՆ. ԶԼՄ-ներու մենաշնորհը կը վերահսկուի խումբ մը նախկին գողապետական ռեժիմներու ղեկավարներու եւ զինակիցներու կողմէ: Այսպէս կոչուած նոր ,ընդդիմադիրե լրատուամիջոցները տխրահռչակ ապատեղեկատուական արշաւ իրականացուցած են ե՛ւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, ե՛ւ ետքը եւ կեղծ լուրեր տարածեցին, որոնք նպատակ ունէին բարոյազրկել առաջնագծի վրայ գտնուող զինւորներուն՝ բեմադրելու համար Հայաստան-Արցախ պարտութիւնը եւ հին ռեժիմի իշխանութեան վերադառձը:

3) ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՈԿՐԱԻԱ. Կառավարութեան բիւրոկ-րատիայի մէնաշնորհը դեռեւս հիմնականին մէջ կը վերահսկուի գողապետական ռեժիմներու նախկին ղեկավարներու խմբի կողմէ.

4) ԴԱՏԱԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՄԷՆԱՇՆՈՐՀՈՒԹԻՒՆ. Արդարա-դատութեան համակարգի մէնաշնորհը տակաւին հիմնականին մէջ կը վերահսկուի գողապետական ռեժիմներու նախկին ղեկավարներու կամակատարներու կողմէ: Վարչախումբի նախկին ղեկավարներն ու համագործակիցները մինչ օրս արդարութիւնէ փախչելու հիմնական պատճառն այն է, որ վիժեցուած արդարութիւնը կոռումպացուած դատաւորներու եւ դատախազներու օրոք, որոնք տակաւին կը հուանաւորուին Տեր-Պետրոսեանի, Քոչարեանի եւ Սարգսեանի կողմէ: Բոլոր կոռումպացուած դատաւորներն ու դատախազները պէտք է հեռացուին աշխատանքէ եւ պատասխանատւութիւն կրեն իրենց իրաւական պարտականութիւնները դիտաւորեալ անտեսելու համար.

5) ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԷՆԱՇՆՐՀՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՆԱԽԿԻՆ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ. Այն կը շարունակուի վերահսկուիլ կոռումպացուած եւ ԽԾԲ-ական կաթողիկոս Գարեգին բըըը-ի, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանի, Ռուսաստանի Թեմի արք. Եզրասի եւ անոնց միջազգային յանցաւոր քարթելի կողմէ: Ի տարբերութիւն Սփիւռքի Ազատ աշխարհի հայերու, Հայաստանի եւ նախկին սովետական տարածքի մէջ գտնուող հայերը կը շարունակեն զրկուիլ եկեղեցիէն ներս իրենց (սահմանադրական) օրէնսդրական ծխական իրաւունքներէ: Հայաստանի դատաիրաւական համակարգը պէտք է թոյլ տայ, որ — Սփիւռքի նման՝ իւրաքանչիւր եկեղեցական համայնք կազմակերպուի որպէս ինքնավար ծխական համայնք Հայաստանի եւ Արցախի:

6) ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՆԱՇՆՈՐՀՈՒԹԻՒՆ. Այն կը վերահսկուի փոքր խումբի մը եւ հայկական սփիւռքի «թղթէ վագրիկ» մի քանի կազմակերպութիւններու կողմէի վնաս Հայաստանի ազգային շահերուն: Յարաբերութիւններու մէնաշնորհատէրերը դժուար թէ կարողանան ներկայացնել Սփիւռքի նոյնիսկ 1%-ը: 7) ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՆԱՇՆՈՐՀՈՒԹԻՒՆ. Այս կենսական յարաբերութիւնները պէտք չէ մէնաշնորհը մնայ նախկին գողապետական ռեժիմի ղեկավարներ՝ Տեր-Պետրոսեանի, Քոչարեանի, Սարգսեանի եւ Գարեգին Բ-ի, որոնք համակարգուած կերպով կը խաբեն Հայաստանին, Արցախին եւ Սփիւռքինչարաշահելով Մոսկուայի վստահութիւնը:
Վարչապետ Փաշինեան նշեց. «Ամանորեայ այս երեկոյին մեր սրտերն ու մտքերը Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու հետ են: Ձեր սերն ու ամենօրեայ գորովանքը Արցախի ու Հայաստանի նկատմամբ զգալի է նոյնիսկ հազարաւոր կիլոմետրերից, եւ մեր ամբողջութիւնը որեւէ ձեւով չի կարող խաթարվել»:
Անցած 30 տարիներու ընթացքին հայկական սփիւռքը կրնար աւելին ընել, բայց չըրաւ: Ինչո՞ւ:

Վերջին 30 տարիներու ընթացքին սփիւռքահայերու 99.5% -ը սիստեմատիկօրէն դուրս մնացած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու սերտացման գործընթացէն: Այլ կերպ ըսած, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու մէնաշնորհատէրերը, ինչպիսիք են Սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու կոռումպացուած ղեկավարները, Հայաստանին եւ Արցախին զրկած են հնարամիտ Սփիւռքի աւելի լայն մասնակցութենէն: Հայկական Սփիւռքի իրական ներուժի միայն մէկ մասն է որ օգտագործուած է ի շահ Հայաստանի քաղաքական, սոցիալական, տնտեսական եւ տեխնոլոգիական զարգացման:

Վերջին 30 տարիներու ընթացքին Հայաստանը կորսնցուցած է շարք մը ոսկէ առիթներ լայնամասշտաբ եւ արագ զարգացման մէջ, առաջին հերթին այն պատճառով, որ Սփիւռքի 99.5% -ը դուրս մնացած է Սփիւռքի նախկին միջնորդներու պատճառով, ինչպիսիք են ՀԲԸՄ ինքնակալ Պերճ Սեդրակեան, ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ / ANCA WR մէնատէրեր Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեաններ եւ ղեկավարութիւնը չարաշահող այլ անձինք, ինչպիսիք են Էտմոն Ազատեան եւ Արեւմտեան Թեմի վարկազրկուած Արք. Յովնան Տէրտէրեան:

Հայաստանն ու Սփիւռքը պէտք է ազատուին Սփիւռքի այսպէս կոչուած նեղ շրջանակներէ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կ?առեւանգեն Հայաստանի եւ անոր հսկայական ազգային ռեսուրսիհայկական սփիւռքի յարաբերութիւնները: Վարչապետ Փաշինեան ճիշտ վարուեցաւ՝ ուշադրութիւն դարձնելով շարք մը հայ հրապարախօսերու խորհուրդներուն՝ թոյլ չտալ, որ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի կեղծ Համահայկական Խորհուրդը ապօրինի իւրացնէ համայնքի ներկայացուցչութեան տիտղոսը, ՀՀ Վարչապետի Լոս Անջելես կատարած վերջին պաշտօնական այցելութեան ընթացքին: ՀԲԸՄի Սինան Սինանեան, ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ / ANCA WR Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեաններ եւ Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեան ձախողեցան ապօրինի իւրացնել «համայնքի ղեկավար» կոչումները: Վարչապետ Փաշինեան նշեց. «Մեր անվտանգային հիմնական գործընկերոջ՝ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնների ամրապնդումը եւ այս համատեքստում անվտանգային նոր երաշխիքների ստեղծումը»: Հայաստանն ու անոր սփիւռքը այլեւս պէտք չէ թոյլ տան, որ նախկին գողապետականներ՝ Լեւոն Տեր-Պետրոսեան, Ռոբերտ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան եւ մաֆիոզ կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն չարաշահեն իրենց յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ եւ խաբեն հայ ազգին: 2020-ի Արցախեան գոյամարտէն ետք Քոչարեան, Տեր-Պետրոսեան, Սարգսեան եւ Գարեգին Բ-ն այնպիսի բեմադրութիւն փորձեցին, կարծես Ռուսաստանը թաքուն միայն իրե՛նց «կը սատարէ» Հայաստանի մէջ՝ անոնց իշխանութեան վերադառնալու համար: Ի դժբախտութիւն անոնց Նախ. Վլադիմիր Պութին դիմակազերծեց անոնց բլեֆը եւ յայտարարեց, որ Վարչապետ Փաշինեան լաւ առաջնորդ է Հայաստանի համար: 2020 թ. Դեկտեմբեր 2-ին, Նախագահ Պութին ողջունեց ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քաջութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ խաղաղութեան գործարքին համաձայնութիւն տալու հարցին մէջ: Ի պատիվ իրեն, Հոկտեմբեր 31-ի պաշտոնական նամակի միջոցով Վարչապետ Փաշինեանն ակտիվացուց Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ 1997 թուականի Օգոստոսի 29-ի ,Ընկերութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան պայմանագրի մասինե 2-րդ յօդուածը: 2020-ի Նոյեմբեր 4-ին ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ հիմնադիր Աբօ Չափարեանին ուղղուած նամակի մը մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Հարցերու Յանձնակատարի Աշխատակազմի Ղեկավար Սառա Այնճարղօլեան նշեց. «Յարգարժան պարոն Չափարեան, ի պատասխան ձեր նամակին Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 2020 թ. Հոկտեմբեր 23-ի սոյնով մենք տեղեկացնում ենք ձեզ, որ հաշուի առնելով (թշնամու) ռազմական գործողութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու անմիջական հարեւանութեամբ. ՀՀ տարածքում իրաւախախտումներու փորձ կատարելու մասին, Հոկտեմբեր 31-ին ՀՀ Վարչապետն արդեն իսկ դիմել է Ռուսաստանի Դաշնութեան Նախագահին անյապաղ խորհրդակցութիւններ եւ սահմանելու աջակցութեան տեսակներն ու չափը: Դրանք Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կարող է այդ յատկացնել Հայաստանի Հանրապետութեաննիր անվտանգութեան ապահովման համար հիմք ընդունելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները եւ 1997 թ. Օգոստոսի 29-ի «Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան մասին» պայմանագրի 2-րդ յօդուածը»:

Այնճարղօլեան յաւելեց. «Միեւնոյն ժամանակ, տեղեկացնում ենք, որ Հայաստանը շարունակում է հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ իր դիւանագիտական ջանքերը Աերիկայի Միացեալ Նահանգների հետ, որը հադիսանում է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկիր»:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց. «Վշտի, անհանգստութեան այս դժվարին պահին, այո, մենք չպէտք է մոռանանք երջանկութեան մասին, մեր երեխաների, մեր սերունդների երջանկութեան մասին, որովհետեւ որեւէ ուրիշ նպատակ մեզ ապրելու այնքան ուժ չի տալիս, որքան մեր երեխաների երջանկութեան նպատակը: Եւ որպէսզի աւելի ու աւելի ուժեղ լինենք, մենք պիտի աւելի ու աւելի շատ երեխաներ ունենանք, բազմազաւակ ընտանիքը, որտեղ 4-5 երեխայ կա, մեզանում պիտի դառնայ կանոն: Մայրութիւնը խթանելու նորանոր պետական ծրագրեր պիտի իրագործենք 2021 թվականից, որովհետեւ հենց ծնունդն ու մայրութիւնն են մեր կենսունակութեան ու հզորութեան անհերքելի սիմվոլը»:
Հայաստանը կը գտնուի ժողովրդագրական լուրջ պատերազմի մէջ, որ հայ ազգը պէտք է յաղթանակէ: Աշխարհի հայ բնակչութեան համապարփակ եւ կայուն աճը կենսական նշանակութիւն ունի ե՛ւ Հայրենիքի ե՛ւ Սփիւռքի մէջ: Որպէսզի Հայաստանը եւ հայ ազգը դառնան կենսունակ պետութիւն եւ ազգ, անոնց անհրաժեշտ է ստեղծել մասսայական զանգուած:
Վարչապետ Փաշինեան նաեւ նշեց. «Սուրբ Ծննդեանը ընդառաջ՝ ուզում եմ քեզ դիմաւորել Նոր կտակարանի՝ Լեռան քարոզի հետեւեալ խօսքերով.

  • Երանի՜ սգաւորներին, որովհետեւ նրանք պիտի մխիթարւեն:
  • Երանի՜ նրանց, որ քաղցն ու ծարաւն ունեն արդարութեան, որովհետեւ նրանք պիտի հագենան:
  • Երանի՜ նրանց, որ սրտով մաքուր են, որովհետեւ նրանք Աստծուն պիտի տեսնեն:
  • Երանի՜ խաղաղարարներին, որովհետեւ նրանք Աստծու որդիներ պիտի կոչւեն:
  • Երանի՜ նրանց, որ հալածւում են արդարութեան համար, որովհետեւ նրանցն է երկնքի արքայութիւնը»:



Աւետարանը ընդհանրապէս կը քարոզուի Հայաստանի մէջ։ Հայ ազգային եկեղեցի՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցին բռնագրաւուոած է միջազգային քրէական քարթելի մը կողմէ, գլխաւորութեամբ` Գարեգին Բ կաթողիկոսի, արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի: Եկեղեցին պէտք է ազատագրուի ներքին մակաբոյծներէ: Առանց Հայ եկեղեցւոյ ազատագրման ներկայ համակարգուած հանցաւոր գործողութիւններէ, կոռուպցիայէ եւ նեպոտիզմէ Գարեգին Բ-ի օրոք, հոգեւոր առողջութիւնն ու ազգի ուժը կը շարունակեն խարխլվուիլ եւ սաբոտաժի ենթարկվուիլ:

Վարչապետ Փաշինեան աւելցուց. «Մենք պէտք է մեր լաւատեսութիւնը կառուցենք նորոուի, եւ ուզում եմ, որ 2021 թվականը սկսենք հենց այսպիսի տրամադրութեամբ: Արցախի շուրջ, Հայաստանի շուրջ միջաւայրը փոխվել է: Մեր կռիվն ու պայքարը անոր համար էր, որ միջաւայրի նման փոփոխութիւն տեղի չունենայ»:

Լաւատեսութիւնը կու գայ ոչ միայն ակադեմիական կրթութենէ, այլեւ հոգեւոր դաստիարակութենէ: Գարեգին Բ-ի եւ անոր քարթելի օրոք Հայաստանի, Արցախի եւ նախկին խորհրդային տարածքի մէջ գտնուող հայ եկեղեցին դժբախտաբար ձախողած է իր առաքելութեան մէջ:

Նոր՝ 2021 թուականը համաշխարհային հայութեան նոր հնարաւորութիւններ կը բերէ կարգի բերելու համար իրենց Ազգային Տունը: Հարկաւոր է համախմբուիլ եւ գործել:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *