Թիւ 1763, Հունվար 08-14, 2021

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
2020-ի կէսերուն, 44-օրեայ Արցախեան գոյութե-նական պատերազմէն առաջ, Հայաստանի վերաքննիչ դատարանը չեղեալ յայտարարած էր Միքայէլ Մինասեանի նկատմամբ կալանքի որոշումը:
Միքայէլ Մինասեան Գարեգին Բ Կաթողիկոսի զինակիցն է ինչպէս եւ՝ Գարեգինի արիւնակից եղբայրմանկապիղծ Մոսկուայի արք. Եզրասի եւ միջազգային յանցաւոր քարթելի «գործընկեր» արք. Յովնան Տէրտէրեանի, որ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ է: Մինասեանի աներհօր նախկին գողապետական նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընկերներու կողմէ կալանքի որոշումի ապօրինի ջենջումէ ետք, Հայաստանի քննիչները յայտնեցին, որ անոնք ընդլայնած են նախկին նախագահ Սարգիսեանի երկրէն փախած փեսային դէմ առաջադրուած կոռուպցիոն մեղադրանքները: Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն (ՊԵԿ) տեղեկացուց, որ Մինասեանին մեղադրանք առաջադրուած է «ապօրինի հարստացման», հարստութիւններու կեղծ ներկայացման եւ փողերու լուացման համար՝ ալ աւելի շատ մեղադրանքներով: ՊԵԿ կը պնդէր, որ «աննախընթաց» տեղեկատւութիւն հաւաքած է անոր կասկածելի ֆինանսական գործունէութեան մասին: Մինասեանին առաջին անգամ մեղադրանք առաջադրուեցաւ 2020 թուականի Մարտին, ՊԵԿ-ի՝ անոր դէմ ձերբակալութեան որոշումէն մէկ ամիս առաջ: Երեւանի շրջանային դատարանը համաձայնեցաւ Մայիսի 6-ին անոր նկատմամբ ձերբակալման հրահանգ կայացնել: Այնուամենայնիւ, Հայաստանի վերաքննիչ դատարանը, որ կը շարունակէ վերահսկուիլ նախկին վարչակարգի կողմէ, բեկանեց այդ որոշումը, որ պատճառ դարձաւ Փաշինեանի վարչակազմի դէմ հասարակական լայնածաւալ քննադատութիւն: Այդ օրերուն հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ ՊԵԿ-ը մեղադրանք առաջադրած է այն մասին, որ Մինասեան նոյնպէս թաքցուցած է իր «փաստացի» սեփականութիւնը Հայաստանի խոշորագոյն «Սպայկա» սննդամթերք արտահանող ընկերութեան 49 տոկոսի բաժնեմասի վրայ: Բաժնեմասը պաշտօնապէս կը պատկանէր մէկ այլ անձի՝ Ռօզա Ստեփանեանին: Ըստ յայտարարութեան, անոր նոյնպէս մեղադրանք առաջադրուած է որպէս նոյն քրէական գործի մաս: Կապուած զարգացումներու հետեւանքով՝ իշխանութեան հետ համախոհ օրէնսդիր Հրաչեայ Յակոբեան ըսաւ, որ քննիչները Մինասեանին պատկանող համակարգիչէն ձեռք բերած են հազարաւոր ջնջուած արխիւներ: Ան պնդեց, որ արխիւները կը պարունակեն մանրամասն տեղեկութիւններ Մինասեանի ֆինանսական գործարքներու եւ ապօրինի ձեռք բերուած հարստութիւններու մասին: 42-ամեայ Մինասեան քաղաքական եւ տնտեսական խոշոր ազդեցութիւն ունէր Հայաստանի մէջ, երբ 2008-2018 թուականներուն երկիրը կը ղեկավարէր իր աներ հայրը: Կþենթադրուի, որ ան նաեւ զարգացուցած է լայն բիզնեսի հետաքրքրութիւններ Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ: 2018-ի վերջին Վատիկանի մէջ դեսպանի պաշտօնէն հեռացուելէ անմիջապէս յետոյ Մինասեան փախաւ Հայաստանէն: Մինասեանի դէպքը թելին միայն մէկ ծայրն է: Բոլոր նախորդ երեք ռեժիմները՝ սկսած Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանէն մինչեւ Սերժ Սարգսեան, ներառեալ՝ Գարեգին Բ Կաթողիկոսը, Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանը եւ այլ բարձրաստիճան կոռումպացուած հոգեւորականներ ներգրաւուած են զանգուածային ապօրինի իւրացումներու մէջ՝ սկսած դրամներու գողութենէն մինչեւ ապօրինի ձեռք բերուած հարստութիւններ: Տէրտէրեան Գանատայի մէջ թեմական առաջնորդ եղած ժամանակ Արցախի առաջին պատերազմին զոհուած զինւորներու ֆոնտէն փող գողցած է։ Բացի այդ, Հայաստանի մէջ աշխարհականները -- քաղաքացիական հասարակութիւնը -- զրկուած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ իրենց սահմանադրական - օրէնսդրական իրաւունքներէն ի հակապատկեր Սփիւռքի հայրենակիցներու:
Մինչ Սփիւռքի՝ ազատ աշխարհի մէջ, հայեր կը վայելեն լիակատար ժողովրդավարական իրաւունքներ Սուրբ Էջմիածնի իրաւասութեան ներքոյ գործող բոլոր սփիւռքեան եկեղեցիներու մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հայերը զրկուած են նման իրաւունքներէ: Մինչ սփիւռքահայերը լիովին լիազօրուած են Հայ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեամբ՝ իրենց հովիւին աշխատանքի կոչելու կամ անկէ ազատելու: Նոյնպէս՝ ընտրելու թեմական տարեկան ժողովներու պատգամաւորներ
թեմական առաջնորդներուն հաշուտւութեան ենթարկելու եւ թափանցիկութիւն ապահովելու համար: Սակայն Հայրենիքի մէջ հայերը զրկուած են նման բոլոր իրաւունքներէ: Գարեգին Բ Կաթողիկոսը իւրացուցած է այս բոլոր իրաւունքները: Գարեգին Բըըըն եւ անոր «գործակիցները» կը ղեկավարեն Եկեղեցին որպէս իրենց անձնական «բիզնեսը» եւ որպէս իրենց միջազգային յանցաւոր «քարթելի» հիմնաքար, որ կը զբաղուի փողերու լուացմամբ, նորածիններու վաճառքով եւ այլ չարագործութիւններով:
Հայաստան պէտք է պաշտպանէ իր քաղաքացիներուն իրաւունքներըՍուրբ Էջմիածնի իրաւասութեան ներքոյ գործող Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ստեղծելու, իրականացնելու եւ պահպանելու հայ եկեղեցական օրէնսդրութիւնը - սահմանադրութիւնը: Գարեգին Բ կաթողիկոսին եւ անոր աւազակախումբի դաշնակիցներուն թոյլատրուած չէ ոտնահարել քաղաքացիներու իրաւունքները: Գարեգին Բ-ն չէ, որ պէտք է նշանակէ թեմական առաջնորդներ Հայաստանի տարբեր թեմերու համար:
Հաւատացեալներու կողմէ ընտրուած պատուիրակներն են, որոնք պէտք է ընտրեն թեմական առաջնորդներ: Ճիշտ այնպէս, ինչպէս կը կատարուի Սուրբ Էջմիածնի իրաւասութեան ներքոյ գործող Սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներու մէջ: Որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ղեկավար, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բեռը բաւականին ծանր է: Բայց անոր ոչ մէկ բան պէտք չէ խանգարէ կատարելու իր մանդատը: Փաշինեանին յանձնարարուած է 1) ամբողջութեամբ կիրառել «Ապօրինի ձեռք բերուած գոյքի բռնագրաւման մասին» օրէնքը. 2) մաքրել Հայաստանի դատաիրաւական համակարգը բոլոր կոռումպացուած դատաւորներէ եւ դատախազներէ, որոնք դառձած են նախկին գողապետականներու եւ օլիգարխներու կամակատարներ. 3) մաքրել պետական բիւրոկրատիան պետական կոռումպացուած բոլոր աշխատակիցներէ, որոնք հիմնականին մէջ «գնած» են իրենց պաշտօնները
համակարգուած կաշառքի միջոցով հարստանալու համար:
Վարչապետ Փաշինեան պէտք է գնահատանքի արժանանայ այն բանի համար, որ ան որոշակի յառաջխաղաց կատարած է, բայց առջեւ դրուած խնդիրը հսկայական է եւ կը պահանջէ համառ հետապնդում, հետեւողական ուշադրութիւն եւ գործադիր կամք: