ԳՐԵՑ՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Ողջունելի է Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի վերա-յայտնումը: Միշտ հաճոյքով կը կարդամ անոր գրութիւնները, որոնք կը հեղինակուին սրտցաւու-թեամբ, փաստական անհերքելի տուեալներով յագեցած, եւ՝ ուսուցողական են ընթերցողներուն համար:
Այս թիւին մէջ, պարզ աչք մը նետելով նիւթերուն վրայ, նկատեցի ուղղագրական ՄԵԾԱՔԱՆԱԿ սխալներ: Հայերէնի ուղղագրութիւն իմացող չունի՞ք: Ամօթ չէ՞ որ տասնամեակներու խմբագրական վաստակ ունեցող խմբագրակազմով թերթին մէջ այդքան շատ սխալներ կը յայտնուին:
Հրապարակուած տարբեր նիւթերուն մէջ հակասութիւններ կան: Միայն թէ, Աստուծոյ սիրոյն, մի՛ ըսէք, թէ բազմակարծութեան կը հաւատաք: Մինչ Վարդգէս Գուրուեան իրաւամբ կը պահանջէ, որ ՀՀի նախագահն ու «կաթողիկոսները» (իրականութեան մէջ՝ ԿԹՈՂիկոսներ, Կտրիճ-կտրիչ Գարեգինի պարագային՝ նաեւ ԿՆԱԹՈՂիկոս) ազգային միասնութեան համար գործեն, անդին, ողորմելի Յակոբ Աւետիքեանը, Քոչարեանէն աւելի քոչարեանական դարձած (գաղտնիքը փնտռել դրամատուներուն մէջ…), ինքն իրեն եւ Գուրուեանի յօդուածի միտք բանիին հակասող բաներ մը կը ցաբռտէ: Աւելին, ան կը համարձակի «խելք» տալ իրմէ տարիքով ու վաստակով մեծ, արդէն իր 90-ամեակի շեմին գտնուող արժ. Տէր Զաւէն աւագ քահանայ Արզումանեանին, որ իբրեւ ՀՈՎԻՒ ՔԱՋ, համարձակած էր քննադատել երկու չ-կաթողիկոսները՝ քաղաքական կեանքին անոնց անտեղի ու վնասակար միջամտութեան համար՝ շատ յստակօրէն զանազանելով պետութիւն եւ պետականութիւն հասկացութիւնները, որոնց մասին պարզապէս կը ճամարտակէ Յակոբ Աւետիքեանը: Ամօթ չէ՞ք զգար հրապարակելով անոր ՍՈՒՏը, թէ ՀՀ-ի այսօրուան վարչապետին մերժողները ամբողջ հայրենի ժողովուրդն է, մինչդեռ անոր միայն ՄԷԿ ՄԱՍԸ կը կազմէ միայն:
Յանուն Աւետիքեանի մը (որ խմբագրական ՈՉԻՆՉ կը կատարէ ՊԱՅՔԱՐին մէջ. ապացոյցը հայկական բանասիրական համալսարանական կրթութիւն ունեցող այդ անձի «խմբագրակազմի անդամ»ութեամբ ՊԱՅՔԱՐ-ի թիւերուն մէջ լեզուական մեծաքանակ սխալներն են), որուն ով եւ ինչ ըլլալը շատեր գիտեն: ՄԻ՛ ԶՈՀԷՔ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆը: Ատիկա բնաւ պատիւ չի բերեր թերթիդ խմբագրակազմի միւս անդամներուն:
Գէորգ Եազըճեան, Երեւան
17 յունուար 2021, առտու շատ կանուխ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *