ԳՐԵՑ՝ Մ. Հայդուկ Շամլեան

Հետեւեալ (ներքեւ նշուած) յօդուածը, աւելի քան երբեք ի զօրու տեսակէտ մըն է, այսօր:

Քանզի արդէն, եղածը՝ եղաւ… Բան չմնաց…

Այս մարդը, անցեալին, մէկ անգամ յաջողեցաւ Հայոց աղէտալի ճակատագրին ընթացքը փոխել, սրբագրել: «Ազատութեան Ճանապարհին»ի Խային նման, որ Հայուն տեւաբար ողբերգական Ճակատագրին չէ՛ր հաւատար:

Հիմա, երբ որ պարապի գնաց իր ամէն կատարածը, ան ստիպուած չէ անգամ մը եւս նոյն գերմարդկային առաքելութիւնը ստանձնելու:

Մինչ հիմա, այլեւս ծայրագոյն կերպով հաստատուեցաւ որ «Հայաստան»ի ժողջանը՝ իրեն արժանի «ղեկավար»ը գտեր է: Թող նրանք շարունակեն ուրեմն զիրար վայելել:

Յիշեցնենք նաեւ որ Քոչարյանը երկու տարի բանտը նստաւ, այժմու քոսոտ չախխալների վարչակարգին ձեռքով – պիղծ թաթիկներով -, առանց որ ոե՛ւէ մէկը իսկապէս բան մը ընէ, նոյնիսկ բան մը ըսէ անգամ:

Նուազագոյն քաջութիւնը, արժանապատւութիւնը, տարրական երախտագիտութիւնը չունեցան՝ իրենց ճկոյթ մատերնի՛ն շարժելու, բոլոր անոնք, անհատներ ե՛ւ կուսակցութիւններ, որոնք այլազան մակարդակներու վրայ պարտական էին իրեն. եւ պէտք է որ զօրակցէին իրեն, ի դէմ այն բացայայտօրէն խորտակիչ ուժերուն, որոնք Հայ Ազգը կը տանէին դէպի Անդունդ – ուր հիմա արդէն ինկած, վերջացած ենք – :

Հիմա ուրեմն, երբ որ արդէն շա՜տ ուշ է, այդ անարժան անձերը, խմբակներն ու կուսակցութիւնները, ուրիշ մէկը թող գտնեն, ջանալ ձերբազատուելու համար՝ իր ծայրագոյն աւերները արդէն լրիւ գործած, դժոխածին այս վարչակարգէն:
Հա, եւ նաեւ՝ օ՛խ ըլլայ, բոլորիդ: Հասնում ա:
…………………….


«Քոչարյան՝ հանգստեան կոչուելու իրաւունքը»՝


[ Ստորագրեալը, Ռոբերտ Քոչարյանի բանտարկութեան ամենաառաջին օրերէն սկսեալ, շարունակաբար, հանրային կերպով ու ճակատաբաց, նրա անպայմանական եւ անշահագրգիռ համակիրն է, ինչպէս նաեւ ինքնակոչ եւ սիրայօժար պաշտպանը (տեսնել – ի միջի այլոց -՝ ստորեւ, պատկերին ներքոյ նշուած բազմաթիւ յօդուածները) : ]

Ռոբերտ Քոչարյանը պէտք չէ որ ունենայ որեւէ քաղաքական բնոյթի գործունէութիւն, լինի այդ հանրային կամ սեփական ոլորտներում, գոնէ մինչեւ այն ժամանակ որ նրա դատավարութիւնը ընթացքի մէջ է:

Անկէ ետք իսկ, նրա ազգասիրական յանձնառութիւնը պէտք է որ մնայ, միմիայն՝ զուտ տեսական մակարդակի վրայ: Սահմանափակուի՝ կարծիք արտայայտելու, լուսաբանումներ կատարելու, բացատրութիւններ տալու, նուազագոյն – եւ ներքաղաքական գետնի վրայ, չէզոք – ելոյթներով: Թէպէտ իր տեղը որ լինէի, այդքանը իսկ չէի անի…

Վերջին օրերի [Յուլիս 2020] իրադարձութիւններին հետեւելով, երեւի մարդը նեղութեան պիտի մատնեն նորէն, գլխին դարձեալ պելա պիտի բանան, իր իսկ կարգ մը համակիրները…

Հաճեցէք թողել զինք հանգիստ:

Իսկ ինչ ասել, նրա այժմու, իբրեւ թէ – թէական, ենթադրեալ – քաղաքական «դաշնակից»ների մասին…

Մէկը, [«Փի՛ւհ-Հը-Կը»ի հաստավիզ հողմնացոյց], յեղափոխութեան ջուր հայթայթող (այսինքն, տառացիօրէն՝ փողոցի ամբոխին ջուրի շիշեր հայթայթող, եւ փոխաբերական իմաստով՝ Փաշինյանի ջաղացքին ջուր տուող), որ հիմա չգիտես ինչ խաղ է խաղում:

Միւսը, Փաշինյանի նշանակած ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն մը, որ… ի՛նք է որ բանտ դրաւ Քոչարյանը !

Դեռ մէկալն ալ, անձեռոցը թեւին, ու խոնարհելով, երկիրը ափսէի մը վրայ յեղափոխականներին յանձնած կիսաղա-րաբաղցիին՝ խոհանոցային փեսան [Վա-տիկանի բլբուլը], Պետութեան եւ Ազգին հաշւոյն ճատրակ խաղացող իր այդ աներպապային շուքին տակ… Այդ կեղծ ղարաբացին, որ անմիջապէս անձնատուր եղաւ՝ – տառացիօրէն – փողոցային երեխա-ներու առջեւ, երկիրն ու պետութիւնը հեշտօրէն յանձնելով վայրի աւանակներու վոհմակի մը: Վրան ալ, դեռ՝ «Փաշինյանը ճիշդ էր…»: Հապա՜…
եւայլն., եւայլն…. [ոչ, Դաշնակցութիւնը պիտի չնշեմ. թէ ոչ, նորէն անիկա միմիակ մեղաւորը պիտի համարուի, ըստ սովորութեան… իր մի քանի տոկոս ժողովրդային ձայներով… մինչ վերոյիշեալ միւսներէն ամէն մէկը, հետեւորդներու եւ քուէատուներու իր խոշոր յաճախորդութիւնը ունի, այդ այլեւս իսկապէս անյոյս «երկրին» մէջ…]

Անհերքելի իրողութիւններու վերեւ պարզուած տարրական յիշեցման լոյսին տակ, տեղին է այստեղ նշել այն իմաստուն ասացուածքը, թէ [մօտաւոր թարգմանութիւն] ՝ «երբ որ այդպիսի ընկերներ ունիս, կարիքը չկայ դեռ վրան ալ թշնամիներ ունենալու…»

Երբեւիցէ որեւէ լուրջ նշան չկար, որ Ռոբերտ Քոչարյանը ուզում էր վերադառնալ իշխանութեան: Թէ` կեանքի իր այս հանգրուանին, na հետաքրքրուած էր դարձեալ ու անգամ մը եւս ստանձնելու այդ սոսկալի, գերմարդկային բեռն ու պատասխանատւութիւնը:

Մարդը երկրին մէջ իսկ չէ՛ր: Զինք կանչեցին, բանտը դրին:

Հիմա ել ամէնքը զինք գործածում են, ամէն մէկը՝ իր ուզածին համեմատ:
Թողէք, մարդը թոռնիկներուն հետ խաղայ, աւազանին մէջ լողանայ, առողջութիւնը խնամէ:

Ինք, իր գործն ու պարտականութիւնները կատարած, ամբողջացուցած է:

Լիքը այլ դերակատարներ կան հիմա քաղաքական դաշտում, որոնք ուզում են տիրանալ իշխանութեան, զիրար հրմշտկում են այդ ուղղութեամբ: Սակայն միայն Քոչարյանն է որ այդ – կարծեցեալ – պատճառով պէտք է որ բանտ նստի, ըստ երեւոյթին…
Ի դէպ, իշխանատենչ այդ բազմաթիւ անձերն ու իրենց համակիրներից ոմանք պարբերաբար կը խօսին յետագային այժմու վարչակարգի անդամները դատելու, բանտարկելու մասին:

Հաճեցէք թարգել այդ վնասակար սպառնալիքները:
Բոլորդ ալ յանձնուեցաք, ենթարկուեցաք յեղափոխութեան: Այս կամ այն կերպով, պահ մը, ընդունեցիք զայն: Հետեւաբար, մասնակից էք նրան: Ձեր ուշացած մօտեցման հիման վրայ՝ մեղսակից էք: Հիմա չէք կարող գալ ու ձեւացնել թէ, ատենին, խնդրոյ առարկայ իրադարձութիւնները համարած էիք անօրինական: Անձնատուր եղաք, ընդունեցիք, ենթարկուեցաք, մասնակցեցաք: Իսկ «Օրինաւոր յեղափոխութիւնը», ո՞րն է…

Իսկ ամէն դէպքում, այժմու իշխանաւորների նկատմամբ յետագայ հալածանքների վարկածային նիւթով, ընդգծենք նաեւ թէ՝ երկու անգամ կրկնուող սխալը, ճիշդ բան չի դառնար: Մինչ տեւաբար անցեալի մէջ ապրելով, յաւերժաբար՝ ներազգային անցեալի հաշիւներ մաքրելով, անհնար է որ մեր Ազգն ու Պետութիւնը որեւէ ապագայ ունենան:

Կը բաւէ, այլեւս:

Կ’արժէ նաեւ հանդարտ ու խոհեմ հայերին դիտել տալ հետեւեալ, հիմնականօրէն առարկայական տուեալները:

. Քոչարյանը արդէն բանտ նստաւ գրեթէ երկու տարիներ, առանց ըստ էութեան դատավճիռի:

. Միեւնոյն ողբերգական դէպքերի առնչութեամբ, հետաքրքրական զուգադիպութեամբ(?) մը, Փաշինյանն ալ բանտ նստած է, նոյնպէս՝ մօտ երկու տարիներ: Սակայն նրա պարագային, այդ տեղի ունեցաւ՝ ա) դատավճիռի հիման վրայ, բ) դատապարտման տեւողութեան ոչ իսկ մէկ երրորդը անցնելով ճաղերի ետեւ – ներումի կրճատումով- , եւ գ) երբ որ իր տարիքը, էն վախտ, երկու տարի բանտարկուած Քոչարյանին այժմու տարիքին՝ գրեթէ կէսն էր:

Այժմ Հայաստանի/Արցախի մէջ, քորոնաժահրն է որ ձեռնարկած է փաստօրէն անվերջանալի Հայոց Ցեղասպանութեան նորագոյն, երկարատեւ հանգրուանին: Համաճարակը ինքնին դեռ տեւելու է երկար ժամանակ, իսկ աւարտելէն ետք ալ՝ ընկերային եւ տնտեսական գետնի վրայ, օրհասական հետեւանքները շարունակուելու են, բազմաթիւ տարիներ:

Եկէք մեր բոլոր ուժերը կեդրոնացնենք, պայքարելու համար այդ աղէտին դէմ:

Եթէ ոչ իրարու հետ հաշտուելով (երազելն ալ չափ մը ունի, վերջապէս…), բայց գոնէ՝ զիրար հանդուրժելով:


Առաջ Աստուած:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
11 Յուլիս 2020

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *