ՎԱՐՇԱՒԻԱ.- Լեհ քաղաքական գործիչ Թոմաշ Լեխ Պուչեք յայտարարեց, որ Ատրպէյճան իրեն առաջարկած է 50.000 տոլարԱրցախի մէջ հայերուն դէմ Ատրպէյճանի զինուորական յանցագործութիւններուն մասին գիրք չհրապարակելու համար:
Այս աղմկայարոյց յայտարարութիւնը Պուչեք ըրաւ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ: Ան նաեւ տեղադրած է նկար մը, որ կ՛ապացուցէ կաշառքի փորձը:
«Նախագահ Ալիեւ հաւանաբար լսած է իմ հրապարակումին մասին: Ես առաջարկ ստացայ չհրապարակել Ատրպէյճանի
Արցախի մէջ հայերուն դէմ կատարած զինուորական յանցագործութիւնները՝ 50.000 տոլարի դիմաց: Իմ պատասխանս ՊաքուինԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ», գրած է լեհ գործիչը:
Նշենք, որ Պուչեք աւարտած է իր
Ալիեւը Լա Հէյի Քրէական միջազգային ատեանին մէջ դատելու համար սկսած ստորագրահաւաքը` հաւաքելով հարիւր հազարէն աւելի ստորագրութիւններ:
