Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի թեկնածու Էնթընի Պլինքըն կողմ է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղա-րաբաղի անվտանգութեան, մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար տրուող ելեւ-մտական աջակցութեան շարու-նակման: Այս մասին կը հաղոր-դէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձ-նախումբը:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կա-տարուած վերջին արիւնահեղու-թենէն ետք, մեր վարչակազմը պիտի վերաքննէ Ազրպէյճանին տրուող զինուորական աջակցութիւնը, եւ եթէ հանգամանքները խնդիրներ ի յայտ բերեն, ապա մեր վարչակազմը պիտի փորձէ սրբագրութիւններ կատարել Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի պահանջներուն մէջ: Քոնկրեսի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ սերտօրէն պիտի համագործակցինք Հայաստանի եւ շրջանի անվտանգութեան խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով», նշած է Պլինքըն:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ Հայկական յանձնախումբի անդամ, քոնկրեսական Պոպ Մենենտես հետաքրքրուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ի՞նչ քայլ կը պատրաստուի կատարել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի տեսանկիւնէն:
Պլինքըն անոր գրաւոր պատասխանած է:
