Միացեալ Նահանգներու դեմոկրատական քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ «Ասպարէ.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, թէ Քոնկրեսը պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է դարձեալ ներգրաւուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման բանակցութիւններուն մէջ:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է դարձեալ կատարէ իր այն գլխաւոր դերը, որուն համար ստեղծուած է: Մեզմէ շատեր տարիներ շարունակ զգուշացուցած են, որ Ազրպէյճանին արտօնուած է իրականացնել իր սադրիչ զինուորական գործողութիւնները, եւ այդ ընթացքին Մինսքի խմբակի անդամները, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը, միայն երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէին վերջ տալու բռնութեան», նշած է քոնկրեսականը:
Ան յայտնած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ այս զինուորական արշաւին դիմելը ունէր մէկ նպատակուժի կիրարկումով փոխել քարտէսը: «Խնդիրը տակաւին լուծուած չէ: Բազմաթիւ հիմնախնդիրներ կան, որոնք կը վերաբերին տարածքային հարցե-րուն, պատերազմական գերի-ներուն, պատերազմական յան-ցագործութիւններուն, պատմա-մշակութային կոթողներուն վնաս հասցնելուն: Այս առումով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է սկսի աշխատիլ եւ գործընթացի սկսի այս խնդիրները լուծելու համար: Ասիկա այն ամէնն է, որուն, յոյս ունիմ, նոր վարչակազմը (Միաց-եալ Նահանգներու, «Ա.») ձեռ-նամուխ պիտի ըլլայ եւ առաջնա-հերթութիւն պիտի տայ: Մենք չենք ուզեր, որ այս հարցերը Ռուսիան կամ Թուրքիան լուծեն: Ատիկա իրականութեան մէջ ճիշդ այն է, ինչ որ տեղի ունեցած է այս պարագային: Մենք կ՛ուզենք, որ Մինսքի խմբակը որոշումներ տայ, որպէսզի մենք ունենանք երկա-րատեւ եւ իմաստալից խաղա-ղութիւն: Արցախի հարցը Մինսքի խմբակի թղթապանակին մէջ է, եւ կապ չունի, թէ ասիկա Ռուսիոյ, Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանին հաճելի՞ է, թէ՞ ոչ: Այս հարցին լուծումը Մինսքի խմբակի առաքելութիւնն է: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, իմ կարծիքով, Միացեալ Նահանգները պէտք է ներգործական ղեկավարութիւն ցուցադրեն: Ի հարկէ, Ֆրանսան եւս մեծ առաջնորդ էր այս հարցին մէջ: Հաշուի առնելով վերջինս մենք պէտք է համագործակցինք Ֆրանսայի հետ: Յստակ է մէկ բանԱրցախի հարցը չէ լուծուած: Կնքուած է ժամանակաւոր զինադադար, որ դարձեալ կը խախտուի Ազրպէյճանի կողմէ», ըսած է քոնկրեսականը: Շիֆ իր խօսքին մէջ շեշտած է նաեւ, որ շարք մը այլ քոնկրեսականներու հետ նախապէս Քոնկրես ներկայացուցած էին օրէնսդրական թղթածրար մը, որով պէտք էր ճանչցուէր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքն ու անկախութիւնը: «Երբ կը խօսինք ինքնորոշման մասին, պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ Ազրպէյճանին չարտօնենք ցեղային զտում կատարել այս շրջանին մէջ ապրող մարդոց դէմ: Ես յոյս ունիմ, որ այդ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը դարձեալ պիտի ներկայացուի եւ պիտի յառաջ մղուի Քոնկրեսին մէջ: Ասիկա կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ ճնշումը պահելու համար այն նպատակով, որ Մինսքի խմբակը սկսի գործել: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը խաղաղութեան հոլովոյթի հասնելու բանակցութիւններու բացակայութեան պարագային:
«Միացեալ Նահանգներ պէտք է յստակօրէն նշեն, թէ այստեղ Ռուսիա-Թուրքիա գործողութիւն պէտք չէ ըլլայ: Նոր վարչակազմը (Ամերիկեան, «Ա.») պէտք է սկսի այնտեղէն, ուր կանգնած էրպատժամիջոցներու կիրարկում Թուրքիոյ դէմ «Էս-400» ռուսական համակարգերու ձեռքբերման համար, որով ան փաստացիօրէն խախտած է իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր իր պարտականութիւնները», մանրամասնած է ազդեցիկ քոնկրեսականը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *