ԳՐԵՑ՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք կցուած գեղանկարը, որ անցեալ տարուան աշնան, Արցախեան գոյամարտի օրերուն, օգտուելով ամբողջ աշխարհի հայոց ուշադրութիւնը այդ գոյամարտին վրայ կեդրո-նացած ըլլալէն, տեղադրուած է Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարանին մէջ: Յիշեցնենք. կեդրոնը Մոսկուա գտնուող այդ թեմի առաջնորդը Ամենայն Հայոց հայրապետութեան գահին բազմած մարմնացեալ սատանայ, Գեղարդագող Գարեգին Բըըը Ներսիսեանի կրտսեր եղբայրն է՝ մանկապիղծ ու միասեռական Եզրասը:

Գեղանկարը կը պատկերէ նահատակ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանն ու Աւարայրի ճակատամարտի միւս վկաները՝ գեղանկարին աջ կողմը պատկերուած բազմութեան մը առջեւ ծնրադիր: Սովորական դիտորդը հաւանաբար չնկատէ մեր Եկեղեցւոյ կարգուկանոնին անյարիր երեւոյթը՝ սուրբերու ծունկի գալը մէկ ուրիշ սուրբի առջեւ, այս պարագային՝ Վարդանանց ծնրադրումը մեր Եկեղեցւոյ սրբացուցած Ղեւոնդ Երէցի առջեւ: Հաւանաբար կարենայինք դժուարութեամբ կուլ տալ Վարդանանց սուրբերու ծնրադրումը այդ սուրբին ու Մայր Հայաստանը խորհրդանշող արձանին առջեւ: Սակայն ի՞նչ ըսել, որ հայ զինուորական վկաները ծնրադրած են սովորական մահկանացուներու, առաւել եւս անսուրբ արարածներ Գարեգինի, Եզրասի ու Արշակի առջեւ: Եզրասը պատկերուած է Ղեւոնդ Երէցի աջ կողմը, իսկ Գարեգինի ձախ ուսին ետեւը կ’երեւի Ներսիսեան եղբայրներու ծննդավայր Ոսկեհատ գիւղի (երբեմնի 4-րդ սովխոզի) ծնունդ եւս մէկ պիղծ արարած՝ դիւանապետ Արշակ Խաչատրեանը, որ վերջերս արքութեան պատուի (sic !) ալ արժանացած է իր համագիւղացի աթոռակալէն՝ հաւանաբար Ռոպերթ Քոչարեան կոչուող արիւնարբու աւազակապետին իր ջերմեռանդ նուիրումին համար՝ ոչ առանց իր շէֆին հաւանութեան, թերեւս նաեւ՝ քաջալերանքով:
Մենք գիտէինք, որ սովորական մահկանացունե՛րն որ կը ծնրադրեն սուրբերու կամ անոնց պատկերներուն առջեւ՝ իրենց համար հայցելով անոնց բարեխօսութիւնը մեր Տիրոջ առջեւ: Սակայն, ինքն իրեն Հայ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան, աստուածաբանութեան եւ ամէն ինչին այբն ու քէն պատկերացնող Գեղարդագող Գարեգինը իրեն թոյլ կու տայ ամէն տեսակի խախտում եւ պղծում, այնքան ատեն, որ բազմութիւններ Մայր Աթոռ մտնելով զինք դուրս չեն շպրտեր այդ սրբավայրէն: Ըստ այդ անոպային՝ նոյնիսկ սուրբե՛րը պէտք է ծունկի գան իր առջեւ…
Ի՞նչ որակում տալ միւս փաստին՝ Գարեգին ու Եզրաս Ներսիսեան եղբայրներու հաւասարեցմանը Ղեւոնդ Երէցին, կամ առնուազն, Գեղարդագողն ու մանկապիղծը սուրբին համադաս դարձնելու անթաքոյց ձգտումը:
Մինչեւ ե՞րբ հայ հասարակութիւնը, մասնաւորաբար նուիրապետական միւս երեք Աթոռներու գահակալները, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ն ու Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը, Հայ Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ շուրջ 100 «եպիսկոպոս»ներուն իսկակա՛ն եպիսկոպոսները, հազա-րաւոր ծառաներն ու միլիոնաւոր հա-ւատացեալները պիտի լռեն այս աղաղակող պղծութիւններուն դիմաց, հանդուրժեն սրբապիղծներու ներ-կայութիւնը մեր սրբութիւն սրբոցին մէջ:
Յիշեցնենք, որ չորս տարիէ աւելի է, ինչ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը՝ մեր Տիրոջ Իջման Ս. սեղանով ԳՈՑ է հաւատացեալներուն առջեւ՝ նորո-գութեան պատրուակով, որու համար businessman Գարեգինը 10 միլիոն ամերիկեան տոլար կը պահանջէ՝ շանթաժի ենթարկելով աշխարհի հայութիւնը. 10 միլիոն տոլար եթէ չհաւաքէք՝ Մայր Տաճարը ձեր առջեւ երբեք բաց պիտի չգտնէք: Իր գոյութեան շուրջ 1718 տարիներուն ընթացքին, Մայր Տաճարը երբեւէ, նոյնիսկ մոնկոլ-թաթարական ու լենկթիմուրեան վայրագ հորդաներու արշաւանքներու տարիներուն այսքան երկար ժամանակ գոց չէ մնացած…
Ո՞վ ու ե՞րբ վերջ պիտի տայ Ներսիսեան եղբայրներու պղծութիւններուն: Համոզուած եմ, որ անոնց այդ պղծութեանց տրամաբանական հետեւանքն են այն աղէտները որոնք յատկապէս վերջին ամիսներուն իրարու կը յաջորդեն մեր հայրենիքին ու ընդհանրապէս հայութեան կեանքին մէջ: Չմոռնանք, որ մեր Տէրը միակ ԱՆՆԵՐԵԼԻ մեղք յայտարարեց Սուրբ Հոգիին հայհոյելը: Գրաբարեան իմաստով՝ հայհոյանք հասկացութիւնը շատ ընդարձակ է: Մի՞թէ Ս. Հոգիին հայհոյել չէր Գարեգին Ներսիսեանի «ընտրութիւն»ը կեղծիքով, կաշառքով ու զոռպայութեամբ 27 հոկտեմբեր 1999-ին՝ ուղեկցուած նոյն պահուն Հ. Հ.ի Ազգային Ժողովին մէջ իրագործուած աննախադէպ ու աներեւակայելի նախճիրով: Ըստ Աստուածաշունչ մատեանին՝ մեղքերու համար կը պատժուին նա՛եւ այդ մեղքերը գործող առաջնորդներուն հետեւողները:
Հայութիւնը պարտաւոր է վերջակէ՛տ դնելու Մայր Աթոռը իրենց պապական ագարակին ու առեւտուրի կեդրոնի վերածած Ներսիսեան եղբայրներու շահատակութիւններուն: Այլապէս՝ աղէտները կրնան շարունակուիլ, որու համար բոլորս ալ յանցաւոր պիտի ըլլանք՝ կապիկի երեք դիրքերուն մեր հաւատարմութեան պատճառով:
Գէորգ Եազըճեան
Երեւան, 7 փետրուար 2021