Շաբաթ, 6 փետրուարին, Միքայի նախկին մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Վահագնի Սիթի եւ «Մետ Ֆոքսիս»:
Վահագնի Սիթի միայն առաջին քորթըրին տիրապետեց (28-25), մինչ մնացեալ երեքին տիրապետեց «Մետ Ֆոքսիս» (51-49, 78-75 եւ 94-93):
Կէտի մը տարբերութեամբ` 94-93 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, «Մետ Ֆոքսիս», որ 2020 թուականի ընթացքին կազմուած էր (Վահագնի Սիթիի նման), հանդիսացաւ Հայաստանի բաժակակիր:
Նշենք, որ պարգեւատրումը կատարեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան փոխնախարար Կարէն Գիլոյեան:
