ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը #ProtectPaylan արշաւին սկսած է, թրքական հալածանքներէն պաշտպանելու համար Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, որուն պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնը խնդրոյ առարկայ է:
«Տեղեկացուցէք Amnesty International-ին, Human Rights Watch-ին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որ թրքական կառավարութիւնը մտադիր է անձեռնմխելիութիւնէ զրկելու Թուրքիոյ խորհրդարանականները, ներառեալ՝ Կարօ Փայլանը (@GaroPaylan-ին (որ հայ է):
Գրէք Twitter-ի վրայ՝
– Amnesty International՝ @ amnesty
– Human Rights Watch՝ @hrw
– Արտաքին գործոց նախարարութեան ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակ՝ @ StateDRL», կ՛ըսուի Հայ Դատի հաղորդագրութեան մէջ:
