Նախորդ շաբաթավերջին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ճատրակի տղոց բարձրագոյն դասակարգի 2021 տարուան ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Յովհաննէս Գաբուզեան, որ վերջին հանգրուանին սեւ քարերով մրցեցաւ Տիգրան Պետրոսեանի դէմ, յաղթանակ արձանագրելով հանդիսացաւ Հայաստանի 81-րդ ախոյեանը:
Գաբուզեան, որ 2017-ին եւս հանդիսացած էր ախոյեան, այս ախոյեանութեան առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովեց 8,5 կէտ:
Այսպիսով, ան իրաւունք ստացաւ մաս կազմելու Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին:
Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Արման Փաշիկեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան:
Նշենք, որ Հայաստանի աղջկանց ախոյեան հանդիսացաւ Սուսաննա Գաբոյեան:
