ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Այս շաբաթուայ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթի մէջ (էջ 2-3) լոյս տեսած ՛՛«Գերագույն հրամանատար» ո՞րն է ճշմարտությունը՛՛ խորագիրը կրող Գեներալ-Լեյտենանտ Արմէն Զալինեանի տեղակագրութիւնը լոյս կը սփռէ վերջին օրերու ներազգային զարգացումներու վրայ:

Անկուսակցական ըլլալով, Գեներալ-Լեյտենանտ Զալինեան անաչար է իր մօտեցումներուն մէջ։ Ան ոչ նախկին իշխանաւորներու եւ ոչ ալ ներկայ իշխան-ութիւններու հանդեպ որեւէ պարտաւորութիւն ունի։ Գեներալ-Լեյտենանտ Զալինեանի հաւատարմութիւնը կþերթայ դէպի միայնումիայն հայոց պետականութեան եւ հայ ազգին։ Ան հիմնադիրն է «Իրաւունք եւ Անվտանգութիւն» համահայկական շարժումին։

Այս անցումային հանգրուանին երբ քաղաքական հրապարակը կը փորձեն գերակշիռ կերպով զբաղեցնել աջէն՝ նախկին գողապետական իշխանաւորները եւ ձախէն՝ ներկայ իշխող կուսակցութիւնը իր՝ ապազգային սորոսական հատուածով։
Սակայն բարեբախտաբար առողջ մտածող մեր ժողովուրդին հետսհետէ առաւել ընդլայնուող հայրենասէր-պետականասէր-ազգասէր շրջանակները կը դառնան կեդրոնական կորիզ՝ ուժը։ Այդ կեդրոնական ուժն է որ ի վերջոյ պիտի կարենայ ամրապնդել հայկական գերիշխանութիւնը եւ հիմնադիրը դառնայ նոր հանրապետութեան մը որ իր գոյութիւնը կը խարսխէ տնտեսապէս բարգաւաճ, սոցիալապէս արդար, քաղաքականպէս եւ զինւորապէս հզօր պետութեան մը վրայ։

Ըստ իսիւրաքանչիւր հայկական պետութեան զօրակից-անհատ պէտք է կարդայ եւ իրազեկուի այս տեղեկագրութեան մէջ բարձրաձայնուած ներքին ծալքերու մասին եւ առաւել եւս սերտօրէն ծանօթանայ յօդուածին մէջ տեղ գտած ճակատագրական հարցադրումներուն, որպէսզի բոլորս տքնինք ճշգրիտ տեղեկութիւններով օժտել մեր հաւաքական իմացութիւնը:

Ոստի` խիստ հարկաւոր է, որ ժամ առաջ Համազգային Ճշմարտութեան Յանձնաժողով մը կազմուի քաջատեղեակ եւ անաչար անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ որպէսզի ոչ-կողմնակալ եւ լիակատար հետաքննութիւն իրականացուի յօգուտ արդարութեան եւ ճշմարտութեան: Կենսական է, որ մեր ազգը իր սխալներէն սորվի զանոնք չկրկնելու համար:

Մեր ազգը արժանի է իմանալու բաձարձակ ճշմարտութիւնը որպէզի նման խնդիրներու առջեւ ապագային եւս մէկ անգամ չկանգնի հայոց պետութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հայ Ազգը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *