«Արմէնփրէս».- ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ 37 ծերակուտականներ եւս միացած են ԱՄՆ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսի նամակինկոչ ուղղելով նախագահ Ճօ Պայտընին հետեւելու Քոնկրէսին եւ ամբողջութեամբ ու պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղա-սպանութիւնը: Մենենտես նամակին մէջ Պայտընին յիշեցուցած է, որ նախապէս 2020 թուականի նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ան ճանչցած է Հայոց Ցեղա-սպանութիւնը: «Մենք կը յորդորենք նոյնը ընել նախագահի պաշտօնի ընթացքինյստակացնելով, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը կը ճանչնայ այս սարսափելի ճշմարտութիւնը», ըսուած է նամակին մէջ: Ծերակուտականը յիշեցուցած է, որ Դեկտեմբեր 2019-ին ԱՄՆ ծերակոյտը, իսկ Ապրիլ 2020-ին նաեւ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած էին համապատասխան բանաձեւեր, որով 1915 թուականին կատարուածը կը ճանչնային որպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն: Ան ընդգծած է, որ ժամանակն է գործադիր մարմինը եւս ճանչնայ պատմական իրողութիւնը:
«Դուք ճշմարտօրէն յայտարարած էք, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմքը պէտք է ըլլան մեր արժէքները եւ յարգանքը համաշխարհային իրաւունքներուն նկատմամբ: Այդ արժէքները կը պահանջեն, որ մենք ճանչնանք ճշմարտութիւնը ու կարելին ընենքկանխելու ապագայ ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ միւս յանցագործութիւնները: Ինչպէս նշած էիք նախորդ Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը կատարած ձեր յայտարարութեան մէջ «Յատկապէս կարեւոր է խօսիլ այս մասին ու ոգեկոչել այս պատմութիւնը այնպիսի պահ մը, երբ մենք ամէն օր աւելի կը գիտակցինք ճշմարտութեան ուժը եւ մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնը` կանգնելու ընդդէմ ատելութեան, որովհետեւ լռութիւնը յանցակցութիւն է»: Երկու կուսակցութիւններուն վարչակարգերը լուռ եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան հարցով: Մենք կոչ կ’ուղղենք Ձեզ կոտրելու յանցակցութեան այս օրինաչափութիւնը եւ պաշտօնապէս ճանչնալու, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն էր», ըսուած է նամակի եզրափակիչ բաժինին մէջ :

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *