Չորս օրուայ ընթացքին շատ արագ տարածուած հիւանդութեանց դէմ անհաւասար պայքարէ ետք, 16 Մարտ 2021-ի ժամը 22-ին ի Տէր ննջեց Գէորգ Եազըճեանի կեանքի ընկերը՝ Նատալիա Մալիկովան: Չհերիքեց ընդամէնը 50 օր՝ նշելու իրենց ծանօթացման 40-ամեակը…
Նատալիան հասկացողութեամբ եւ համբերութեամբ թիկունք կանգնած էր Գէորգի բոլոր քայլերուն, թէեւ յաճախ զայն զգուշութեան կը հրաւիրէր: Իբրեւ կին, ան շատ կը փափաքէր, որ ամուսինը իրեն շատ աւելի ժամանակ յատկացնէ: Սակայն, մեր ազգային կեանքի բարակարգման համար պայքարողներուն՝ նման պերճանքը հնարաւոր չէ:
Նատալիան կը սիրէր ըսել, թէ ինք «հայացած ռուս կին է», իսկ Գէորգը կը սիրէր կատակել, թէ ռուսերը հարիւր հազարաւոր հայեր կը ձուլեն իրենց մէջ, թող հայերն ալ գոնէ քանի մը տասնեակ ռուսեր ձուլեն: Նատալիան կը խօսէր արեւելահայերէն, նոյնիսկ արեւմտահայերէն որոշ բառեր ու դարձուածքներ:
Իր կնոջ մահուան վաղաժամ մահուան առթիւ Գէորգ Եազըճեան ստացած է հարիւրաւոր ցաւակցագիրներ ու հեռախօսազանգեր: Ցաւակցողներու շարքին են մտաւորականներ, գիտնականներ, հասարակական գործիչներ, տանտիկիններ, արհեստաւորներ, գիւղատնտեսներ եւ ամենատարբեր մասնագիտութեան տէր մարդիկ թէ՛ Հայրենիքին մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ:
Ցաւակցողներու շարքին եղած են.
Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Կորիւն Վրդ. Առաքելեան, Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան, Զարեհ Աւագ Քահանայ Սահակեան, Աբէլ Քահանայ Մանուկեան, Վահան Քահանայ Գույումճեան, Տոքթ. Մհեր Պապեան, Տոքթ. Յովիկ Մելիտոնեան, Տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան, Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեան, Դոկտ. Ամատունի Վիրաբեան, Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան, Դոկտ. Մարգարիտ Խաչատրեան, Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, Դոկտ. Անդրանիկ Սիմոնեան, Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան, Մեթր Ժոզէֆ Կանիմեան, Պետրոս Անսըրլեան, Ներսէս Անսըրլեան, Գեղարդ.քոմի անձնակազմ, Ռաֆֆի Տուտագլեան, Երան Գույումճեան, Զաւէն Եկաւեան, Տիգրան Եկաւեան, Գրիգոր Ճանիկեան, Յովիկ Վարդումեան, Վահագն Գրիգորեան, Գուսան Հայկազուն, Արսէն Համբարեան, Պերճ Տէր Սահակեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Նշան Սրկ. Պասմաճեան, Գէորգ Քէօշկերեան, Մաշտոց Չօպանեան, Ոսկան Մխիթարեան…