Յունիս 20, 2021-ին, արդէօ՞ք Հայ ժողովուրդը, մեր հայրենի ազգակիցները, ՀՀ քաղաքացիները պիտի կրնան պատմագրական իրենց դերակատարութիւնը ճիշտ ձեւով կատարել, իրենց պարտականութեան գիտակցութեամբ իրենց քուէաթերթիկները ներկայացնեն եւ իրենց խղճամիտ եւ արդարամիտ քուէարկութեամբ ճանապարհը հարթեն ԴԷՊԻ ԱՌՈՂՋ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, ԴԷՊԻ ՀԶՕՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ վերաբերեալ իրենց կարծիքը կը յայտնեն՝ USA Armenian Life TV-ի զրուցավար, հետազօտող լրագրող, ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ շաբաթաթերթի հիմնադիր հրատարակիչ եւ գլխ. խմբագիր Աբօ Չափարեան, լրագրող, հրապարակախօս, բանաստեղծուհի Ասյա Ասատրեանը եւ Աստուածաբան, գրող, հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեանը: Ստորեւ՝ հատուածներ զրոյցէն։ Ամբողջական զրոյցը դիտել հետեւեալ կապով.
http:// https://www.youtube.com/watch?v=hKC_ObptM8k  

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Պատճառը, որ Նաիրա Զոհրաբեան անցեալ օր լուտանք արձակեց սփիւռքահայութեան դէմ այն է, որ 17+3-ի անդամ Նաիրան յուսախաբ է, որ Սփիւռքը չհասաւ իրենց օգնութեան, այսինքն՝ մերժելով մերժեց զինակցութիւն տրամադրել նախկին գողապետականներուն: Այն ժամանակները անցած են, երբ Սփիւռքի մէջ կամակատարներ, հրապարակը կը զբաղեցնէին եւ անընդհատ իրենց հաւատարմութիւնը (loyalty) կը յայտնէին նախկին գողապետական ռեժիմներուն եւ այնպէս մը կը թուացնէին, որ ամբողջ Սփիւռքը համախոհ է Լեւոն Տէր-Պետ-րոսեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի հետ: Այդ ժամանակները անվերադարձ՝ անցած են: Սփիւռքը ոչ մէկ ռեժիմի կողմակից չէ: Պարզապէս, ինձի ծանօթ Սփիւռքը, որքան որ ես ծանօթացած եմ բազմաթիւ սփիւռքահայերու հետ եւ հետեւած եմ իրենց ակնարկներուն, սփիւռքահայութեան, ինչպէս եւ մեր հայրենի ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հաւատարմութիւն կþընծայէ միայն ու միայն հայոց պետականութեան: Հայոց պետականութիւնը մնայուն՝ կառա-վարութիւնները՝ գնայուն։ Եթէ ես այսօր համախոհ չեմ սորոսական կառավարութեան հրաժարականին, ատիկա պարզապէս կանխելու համար է նախկին թալանչիներու վերադարձը: Վաղուայ Հայաստանը՝ 4-րդ Հանրապետութիւնը տեղ չունի եւ տրամադրութիւնը չունի իր կազմէն ներս ընդունելու ո՛չ նախկին թալանչիական ռեժիմները եւ ո՛չ ալ սորոսականները:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը պատկանի պարկեշտ, ազնուամիտ, առիւծասիրտ, արծուի ուժականութիւն ունեցող քաղաքացիներուն: Այս պահի ճակատագրական հարցումը. Արդէօ՞ք Հայաստանի քաղաքացին պիտի շարունակէ «բանանային» քաղաքացի ըլլալ, ինչպէս նախորդ 32 տարիներու ընթացքին: Պատասխանը յստակ է. Նոր սերունդը — ինչպէս կը տեսնենք, յախուռն, քաջ եւ ազնուասիրտ կերպով կþարտայայտուի այն բոլորի մասին, որ սխալ կը տեսնէ: Այնտեղ է մեր փրկութիւնը:

ԱՍՅԱ ԱՍԱՏՐՅԱՆ – Ժողովուրդը շատ լաւ գիտի նախկինների՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի դէմքը: Երբ հարցումներ են կատարւում, հասկանում ենք, որ ժողովուրդը սարսափած է յատկապէս Ռոբերտ Քոչարեանից: Իսկ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, որ վաղեմութիւնը կորցրեց եւ ոտքի կանգնեց, ինձ պատմեցին, որ նա գնացել է Վիկտոր Համբարձումեանի մահուան ժամանակ նրա տուն, եւ Վ. Համբարձումեանի որդին նրան ասել է, որ իր հայրը իրեն յանձնարարել է, թոյլ չտալ իրեն ոտք դնել իրենց տուն: Եւ, երբ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը մահանայ, պէտք է սա գրել իր տապանաքարի վրայ, որպէսզի բոլորը իմանան, թէ ով է եղել նա իր ազգի համար… եւ ես շատ եմ ափսոսում, որ որոշ մարդուկներ համարուեցին առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ նախագահներ: Որեւիցէ մէկը արժանի չէր այդ պատւաւոր տիտղոսին:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Կը կարծեմ, որ ժողովուրդը եկաւ այն յստակ գիտակցութեան, որ բոլոր անոնք, որ փողոց փակեցին, սնանկացած նախկին իշխանաւորներ էին: Հետեւաբար, ժողովուրդի մէջ այս նոր արթնութիւնը աւելիով պէտք է խթանել, որպէսզի որեւէ ատեն, յաջորդ ընտրութեանը ընդառաջ չծախեն իրենց ինքնութիւնը: Ինքնութիւն ծախել, կը նշանակէ Հայրենիք ծախել:
Կտոր մը հացի համար, կտոր մը որեւէ տնտեսական առաւելութեան համար պէտք չէ մարդ-անհատը իր նկարագիրը ծախէ. սա կը նշանակէ, որ ինք հայրենիքի հանդէպ ոչ սէր ունի, ոչ ալ յարգանք: Հետեւաբար, ընտրութիւններու մասին խօսիլը այլեւս աւելորդ է, ժամավաճառութիւն է: Ժողովուրդը պէտք է առաջ նայի, պատրաստուի Յունիս 20-ին համար, իր դառն փորձառութենէն օգտուի եւ անգամ մը եւս չկրկնէ իր անցեալի սխալները: Թէկուզ, ոմանք պարտադրուած՝ քաջութիւն պէտք է ունենան եւ հրաժարին ուրիշներու թելադրանքէն: Հոս է, որ մենք աշխատանք պիտի տանինք, որպէսզի ժողովուրդը արթննայ, եւ իր խղճի ձայնով իր քուէն տայ:

ԱՍՅԱ ԱՍԱՏՐՅԱՆ – Ժողովուրդը պէտք է ընկալի, որ ինքը վաճառելու է իր ապագան, իր երեխաների վաղը, իր Հայրենիքի վաղը, պէտք է զգոն լինի եւ սթափ:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Եթէ այն հայրենակիցները, որ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են, խոստանան ազգային գաղափարախօսութեան ջատագովներ ըլլալ, մենք պէտք է այդ թեկնածուներուն ներկայացնենք ամենակարեւոր հարցումներէն առաջինը. Արդէօ՞ք, պրն. Շիրինեան, կամ Գրիգորեան, կամ Նորիկեան, դուք համախոհ էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անցնող 32 տարուայ ընթացքին այդ ժխտական փորձառութիւնը, որ ունեցանք թալանչիական ռեժիմներու պատճառով մինչեւ սորոսականներու ռեժիմը, արդէօ՞ք կը խոստանաք, որ կողմ պիտի քուէարկէք ԱԶԳԱՅԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ կեանքի կոչման:

Եթէ մեր ժողովուրդը ազգային ճշմարտութեան յանձնաժողովը կեանքի չկոչէ եւ եթէ նախորդ 4 ռեժիմները յետաքննութեան չենթարկուին եւ ախտաճանաչում չընենք, ապօրինի կերպով թալանչիներու իւրացումները բռնագանձման չենթարկենք, այս հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ «բանանային» հանրապետութիւն ըլլալ:

Արդէօ՞ք մենք համախոհ ենք, որ Հայաստանի քաղաքացին իր քուէն վաճառէ 20 000 կամ 50 000 դրամով եւ մենք կորսնցնենք ամբողջ ապագայ մը, ամբողջ պետութիւնը թալանի ենթարկուի հերթական եւս մէկ անգամ:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Բոլոր անոնք, որ հրապարակ ելան, փողոց փակեցին, հրահրեցին ժողովուրդը եւ խոստումներ տուին, իրենց բոլոր ճիգերը ձախողեցան, որովհետեւ անոնք սնանկացած կազմակերպութիւններ էին: Հետեւաբար՝ ժողովուրդը անգամ մը եւս անդրադարձաւ, որ նախկին իշխանաւորները այսօր եկան աթոռատենչով, նոր շռնդալից խայտառակութիւններ հանելով փողոցներու վրայ, պարզապէս իրենց քաղաքական վերջին շունչն է որ կը փչէին: Ժողովուրդը թող գիտակցի, որ բոլոր անոնք, որոնք ընտրութեան պիտի առաջադրուին, պէտք է վստահեցնեն իրենց գործելակերպով, իրենց պատրաստութեամբ, որ իրենք կը մտածեն հայրենիքի վերելքի մասին, տնտեսութեան բարգաւաճումին՝ յանուն գալիք սերունդներու:

ԱՍՅԱ ԱՍԱՏՐՅԱՆ – Ասեմ, որ հրապարակում հաւաքուող այդ ամբոխը ժողովրդին օգնեց՝ դիմակազրկուելով, եւ այս ընթացքում ժողովուրդը տեսաւ իրենց իրական դէմքերը:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Հայ ազգ ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք: Հայ ազգը կþընդգրկէ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր հայրենի ժողովուրդով եւ հայ ազգին անքակտելի մաս՝ լայնամասշտաբ Սփիւռքը:

Հայ ազգի ապագային մէջ տեղ չունին ոչ սորոսականները, ոչ թալանչիները, այլ միայն ու միայն՝ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՆԵՐԸ:

Արդեօ՞ք մեր հայրենի ժողովուրդը ուշքի պիտի գայ, հայ ընտրողը Հայաստանի մէջ պիտի կարողանայ Ո՛Չ ըսել 20 000 կամ 50 000 դրամի ընտրակաշառքներուն, եւ իր խղճի, իմաստութեան հիման վրայ իր քուէն վստահի այնպիսի առողջ ուժերու, որոնք կþարտացոլան ազգային գաղափարախօսութեան հզօրութիւնը: Ազգային գաղափարախօսութիւնը մեր միակ փրկութիւնն է։ Ազգային գիտակցութիւնը՝ մեր միակ ապաւենը, փրկութեան միակ ճանապարհը ամբողջ հայ ազգի համար՝ իր պետականութեամբ եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդով:

Այնպէս որ, սիրելի հայրենակիցներ, Հայաստանի եւ ամբողջ սփիւռքի տարածքին բոլոր սրտացաւ հայորդիներու առաջադրանքն է, Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն ընտրակաշառք չընդունիլ, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը փրկենք թալանչիներէն, միեւնոյն ժամանակ եւ սորոսականներէն, ապազգային ուժերէն:

ԱՍՅԱ ԱՍԱՏՐՅԱՆ – Պէտք է կոչ անել իմ հայրենակիցներին, չտրուել գագիկների խոստումներին, նարէկ մալյանների եւ բազմաթիւ դէմքերի սադրանքներին։ Իրատես լինել, փրկել մեր վաղը եւ մեր Հայրենիքը:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ես Կոչ Կ’ուղղեմ բոլոր թեկնածուներուն, որոնք իրենց թեկնածութիւնն են առաջադրած գալիք Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն. անոնք որոնք կը հաւատան Ազգային գաղափարախօսութեան եւ իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն կողմ քուէարկելու այնպիսի առաջադրանքներու, որ հայոց պետականութիւնը կը վերածաղկեցնէ, եւ յատկապէս, Ազգային Ճշմարտութեան Յանձնաժողովի կեանքի կոչման առաջադրանքը, որ պէտք է յետաքննէ անցնող 4 ռեժիմներու սխալները եւ թալանչիութիւնները, որոնք կատարուեցան, եւ ար-դարութիւնը վերականգնէ Հայաստանի մէջ, այդ թեկնածուները կը հրաւիրեմ, որպէսզի այս հեռուսայաղորդումէն ելոյթ ունենան եւ իրենց նախընտրական քարոզարշաւը ներկայացնեն հայ հասարակութեանը:

Թէկուզ մեր ժողովուրդին դէմ ճառացած խնդիրները վիթխարի են, մենք պէտք է մտաբերենք չինական ասացուածքը. «1500 քայլ պահանջող ճանապարհորդութիւն մը կը սկսի առաջին քայլով»: Մենք առաջին քայլը ազգովին առնելու սկսած ենք, որպէսզի նախկին թալանչիները ոչ մէկ կերպ Ազգային Ժողովի մէջ ներկայութիւն չապահովեն, սորոսականներու թուաքանակն ալ պակսի, եւ ազգայնականները ներկայութիւն ունենան Ազգային Ժողովի մէջ, որ կը դառնայ իսկական արտացոլումը մեր ժողովուրդի իղձերուն եւ երազանքներուն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *