Մարտ 31-ին, 81 տարեկան, Արցախի հերոս, զօրավար-մայոր Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս) մահացաւ: Այս մասին «Ազատութիւն»ին յայտնեց «Էրեբունի» Բժշկական Կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար՝ Շուշան Հունանեան, ան աւելցուց, որ Տէր Թադեւոսեան կը գտնուէր վերակենդանացման բաժանմունք` ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:
Արկադի Տէր Թադեւոսեան ծնած է 1939-ի Մայիս 22-ին, Խորհրդային Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ։
1991-ին Տէր Թադեւոսեան նշանակուած է ՀՀ պաշտպանութեան կոմիտէի արտազինուորական պատրաստութեան բաժնի պետ։ 1991-ի Հոկտեմբեր 30-ին Արցախի նորաստեղծ ինքնապաշտպանական ուժերը Տէր Թադեւոսեանի հրամանատարութեամբ իրագործուած ռազմագործողութեան շնորհիւ ազատագրած են Հադրութի շրջանի Տող գիւղը։ 1992-ի Մայիսին, Քոմանտոսը աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է Շուշի քաղաքի ազատագրման ռազմագործողութեան նախապատրաստման աշխատանքներուն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *