Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հաւանական ճանաչումը քայլ էպատմական սխալը ուղղելու ճամբուն վրայ: Այս մասին գրած է «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի լրագրող Էմիլի Շրետըր: Հեղինակը իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգ-ներու Սպիտակ տան Հայոց ցեղա-սպանութիւնը ճանչնալու վերաբերող դրական ազդակներունընդգծելով, որ Իսրայէլը մինչեւ օրս կը հրաժարի ճանչնալ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-ին քրիստոնեայ հայերուն դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը: «Իսրայէլի պարագային կառավարութիւնը կը հրաժարի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէԹուրքիոյ հետ անկայուն, սակայն ռազմավարական-քաղաքական յարաբերութիւններուն պատճառով: Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիան շանթաժի ենթարկած է ժողովուրդները եւ սպառնացած է անոնց, նոյնիսկ երբ անոնք քննարկած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարելիութիւնը», գրած է Շրետըր: Ան նկատել տուաւ, որ եթէ նախապէս Իսրայէլ կախուածութիւն ունէր Թուրքիայէն իբրեւ միակ իսլամ երկիր, որուն հետ անիկա կը համագործակցէր եւ ունէր դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ապա արդէն տասնամեակներ է, որ Թուրքիան ակնյայտ թշնամական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ այդ երկրին նկատմամբբռնապետ ու իսլամական նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ: «Այսօր Իսրայէլ նուազ կախեալ է Թուրքիայէն, յատկապէս արաբական պետութիւններուն հետ զարգացող յարաբերութիւններու լոյսին տակ: Այսուհանդերձ, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ աներկբայօրէն պատմութեան ճիշդ կողմը կանգնելու փոխարէն, Իսրայէլի կառավարութիւնը նոյնիսկ այսօր «վաճառեց» հայ ժողովուրդը Ազրպէյճանին զէնք վաճառելով, որպէսզի այդ երկիրը ռմբակոծէ հայկական քաղաքները:
Յօդուածագիրը կը գրէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ամէնէն սարսափելի ձեւով կազմակերպուած ցեղասպանու-թիւնն էր, որուն այն ժամանակ ականատես եղաւ աշխարհը, եւ ատիկա կատարուեցաւ ոչ թէ պատերազմի պարունակին մէջ, այլ ուղղակի այն պատճառով, որ հայերը քրիստոնեայ էին:
Ան բացարձակապէս անտրամաբա-նական կը նկատէ այն, որ բազմաթիւ երկիրներ մինչեւ օրս թոյլ կու տան Թուրքիոյօգտագործել իր աշխարհա-քաղաքական դիրքը ստիպելով անոնց հրաժարիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն:
«Տասնամեակներ շարունակ Թուրք-իան աշխուժ ձեւով հետապնդած է այն անձերը, որոնք երկրին մէջ ճանչցած են ցեղասպանութիւնը, եւ նոյնիսկ ոչնչա-ցուցած է ապացոյցներ: Նախապէս նոյնիսկ բանտարկած է ակադեմա-կաններ, որոնք համաձայն էին Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանել ցեղա-սպանութիւն:
«Մինչ Գերմանիոյ մէջ, որուն աշ-խարհը պատասխանատուութեան կան-չեց, հակաօրինական է Ողջակիզումի հերքումը, Թուրքիան անօրինական դարձուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը չժխտելը, եւ ամբողջ աշխարհը յանցակից դարձուցած է` թոյլ տալով այդպէս վարուիլ:
«Եթէ առաջին իսկ օրէն աշխարհի նոյնիսկ փոքրաթիւ գերտէրութիւններ ճանչնային Հայոց ցեղասպանութիւնը, այսօր մենք կ՛ապրէինք լրիւ այլ իրականութեան մէջ, ուր աւելի փոքր երկիրները չէին վախնար ճանչնալէ ակնյայտ պատմական փաստերը:
«Պայտընի վարչակազմին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ բարոյապէս անհրաժեշտ ուղերձ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Հայաստանի ժողովուրդին, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին: Ճանաչման ժամանակը հիմա է», կ՛եզրափակէ յօդուածագիրը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *