Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է «Երկիրներու2020 թուականի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան զեկուցում»-ը, որուն մէջ «Երկիրներու
2020 թուականի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան զեկուցում. Հայաստան» բաժինին մէջ անդրադարձած է նախորդ տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին մասին բաժնին մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է. «Ազրպէյճան, աջակցութեամբ Թուրքիոյ, կրցած է իր վերահսկողութիւնը վերականգնել 4 շրջաններու վրայ, իսկ նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ յաւելեալ երեք շրջաններ խաղաղ ճամբով անցած են Ազրպէյճանին»:
«Երկիր» կը նշէ, որ այսպիսով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաստատէ պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը Ազրպէյճանին:
