ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Նախկին երեքԼեւոն Տէր-Պետրոսեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսյանի ռեժիմներէն «կտակ» մնացած Նիկոլ Փաշինեանի «Իմ Քայլական» իշխանութեան վարած ազգավնաս եւ պետականավնաս քաղաքականութիւնը յստակօրէն կը միտի.
ա - Վտանգել Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը եւ հայոց պետական գերիշխանութիւնը,
բ- Կասեցնել եւ հունէն դուրս բերել Թուրքիոյ ձեռամբ գործադրուած 1915-1923ի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը,
գ- Մեղրիի միջանցքի բացումով՝ կամուրջ բանալ Թուրքիոյ եւ Ատպէյճանի միջեւ հակահայ համաթուրանիզմի առջեւ,
դ- Սրբապղծել Շուշիի պատմական հայկական ինքնութիւնը,
ե- Անհիմն կերպով արդարացնել 2020-ի աշնան 44-օրեայ բեմադրուած պատերազմի, միջազգային դաւադրութեան եւ ներազգային դաւաճանութեան ծխածածկոյթի տակ Արցախի եօթը շրջաններու բռնազաւթումը Ատրպէյճանի կողմէ,
զ- Խեղդամահ ընել 1915-1923ի Հայոց Ցեղասպանութենէն բղխող մասսայական զրկուածութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ բըռնա-գըրաւուած պապենական հողերու առնչութեամբ արդարութեան պահանջատիրութիւնը:
Հարկաւոր է այս ազգավնաս եւ պետականավնաս լեւոնա-ռոբո-սերժա-նիկոլական քաղաքականութիւնը բուռն կերպով քննադատել եւ դատապարտել, հակազդել, կասեցնել եւ ուղղել։ ԱՆՇՈՒՇՏ
ՈՉ ԹԷ ՆԱԽԿԻՆ ԳՈՂԱՊԵՏԱԿԱՆ-ՕԼԻԳԱՐԽԱԿԱՆ ՌԵԺԻՄՆԵՐՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՎ:
Անոնք որոնք կը քննադատեն ներկայ իշխանութիւնները որպէսզի ճանապարհը բանան նախկիններու վերադարձին, ապա ուրեմն նոյնպէս՝ կամայ-ակամայ կը հետեւին ազգավնաս եւ հակահայ օրակարգի:
ՄԵՐ ԱԶԳԻ ՆԵՐԿԱՅԻ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ԻՆՉՊԷՍԵՒ? ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ, ՏԵՂ ՉՈՒՆԻՆ Ո՛Չ ՆԱԽԿԻՆՆԵՐԸ ԵՒ Ո՛Չ ԱԼ ՍՈՌՈՍԱԿԱՆՆԵՐԸ: ԱՅԼ՝ ՄԻԱՅՆ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՆԵՐԸ, ԻՍԿԱՊԷ՛Ս ԳԵՐԻՇԽԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶՕՐԱԿԻՑՆԵՐԸ: