Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ մէջ «Վերա-նորոգութեան աշխատանքներ»-ու անուան տակ Ազրպէյճան կ’աղաւաղէ հայկական հոգեւոր մշակութային արժէքներէն մէկընպատակ ունենալով ոչնչացնել հայկական ներկայութիւնն ու հետքը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադառնալով ազրպէյ-ճանցիներուն կողմէ եկեղեցւոյ մէջ տարուող «շինարարական աշխատանքներուն»:
«Ազրպէյճանը չի կրնար վերականգնել ժողովուրդի մը մշակութային արժէքը, որուն նկատմամբ տարիներ շարունակ պետական մակարդակով համակարգուած ատելութիւն կը տարածէ: Այսպէս կոչուած «նորոգման աշխատանքներու» քողի տակ ազրպէյճանցիները կ՛աղաւաղեն հայկական հոգեւոր մշակութային կարեւորագոյն արժէքներէն մէկըՇուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցին: Բազմաթիւ դէպքերով մենք տեսած ենք, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանը կը վերաբերի հայկական մշակութային արժէքներուն, եւ արդէն իսկ հասկնալի է, թէ «վերանորոգման աշխատանքներ»-ու անուան տակ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը կատարուի. նպատակը հայկական ներկայութիւնն ու հետքը ոչնչացնելն է», նշեց մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: Ան շեշտեց, որ տարիներ շարունակ Ազրպէյճան վարած է Արցախի մէջ հայկական քրիստոնէական մշակոյթը իբրեւ ալպանական ներկայացնելու կամ այլ ազգերու վերագրելու պետական քաղաքականութիւն, որ բազմիցս քննադատութեան արժանացած է պատմաբաններու եւ մշակութաբաններու կողմէ պարզ այն պատ-ճառով, այդ փորձերը անհիմն են թէ՛ պատմական ժամանակագրութեան, թէ՛ մշակութային-ճարտարապետական առանձնայատկութիւններու տեսանկիւնէն:
Ան աւելցուց, որ հարցը քննադա-տութիւններէ կամ կոչերէ անդին չ’անցնիր, յստակ եւ ճշգրիտ քայլերու անհրաժեշտութիւն կայ: Ան ըսաւ, որ թողտուութիւնն ու անպատժելիութիւնը Ազրպէյճանի սանձարձակ պահուածքին հիմնական պատճառներն են:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *