ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


2020-ին հայերու դէմ Թուրքիոյ/Ատրպէյճանի 44-օրեայ բնաջնջումային յարձակումի Պաքուի կողմէ վերջին ցեղասպանական պատերազմն է:

Վերջերս հաղորդուեցաւ թէ Ատրպէյճանի քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, փրօֆեսօր Ճումշուտ Նուրիեւ պայթումնային կանխատեսում կատարած է 2021-ի վերջին մասի վերաբերեալկապուած իր երկրի ապագայի հետ: Շարք մը գաղտնի փաստաթուղթերէ հաւաքուած որոշակի տուեալներու հիման վրայ ան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը կասկածի տակ է»:


Ան ըսաւ. ,... մեր մէկ միասնական պետութիւն ունենալը հարցականի տակ է: Եթէ կատարուի իմ կանխատեսած ծրագիրը, ապա, ըստ նախապէս գծուած սցենարի, Ատրպէյճանը բաժանուելու է 3 պետութեան միջեւ, եւ այս մասին ես յայտարարում եմ ամենայն պատասխանատվութեամբ: Պատկերը էսպիսին է լինելու. Քուռ գետի ձախ ափի երկայնքով դէպի հիւսիս երկարող մեր տարածքներն ամբողջութեամբ կը միանան ՌԴ կազմին, Քուռի եւ Արաքսի միջեւ ինկած տարածքներ՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեանը, մնացածը կը միացուի լեռնային Ղարաբաղին եւ այդ կազմով ամբողջութեամբ կը մտցուի Հայաստանի Հանրապետութեան կազմի մէջ...»

Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլին, իր առանձին յայտարարութեան մէջ, Ատրպէյճանի մասին նշած է, (այդ յայտարարութիւնը յետագային հանուած է). «Կեցցէ բռնապետական, հետամնաց Ատրպէյճանը, որ շուտով մասնատելու ենք: Նախիջեւանն ու մինչեւ Կուռ-Արաքսեան հատումը պէտք է վերադարձուի ՀՀ-ին, մնացածի վրայ կարող է մի քանի պետութիւն ստեղծուիլ՝ ըստ ազգութիւններու: Ատրպէյճանը արհեստական ստեղծուած երկիր է, որն էլ վերանալու է»: Անկախ այն հանգամանքէն, թէ այս չհաստատուած կանխատեսում-ներն իրականութիւն կը դառնան, հայերը երկար ճանապարհ ունին անցնելու անկախ Արցախի Հանրապետութեան իրենց ազգային նպատակին մէջ:

Նախքան որ անոնք սկսին բարձրացնել իրենց ակնկալիքները այդպիսի ցնցող աշխարհաքաղաքական զարգացման վերաբերեալ, հայերը ներքուստ ինքնազննման շատ մեծ աշխատանք ունին ընելու, որպէսզի զօրացնեն իրենց դիրքերը:

Անոնք պէտք է պատասխան գտնեն բոլոր ծանր հարցումներուն, թէ ի՞նչպիսի սխալներ կատարուած են հայերու կողմէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի 44-օրեայ յարձակման ընթացքին:

Արդէօ՞ք բոլոր հայ զօրավարները նոյն նպատակները կը հետապնդէին: Թէ՝ կարեւոր հատուած մը կը ղեկավարուէր ներքին եւ արտաքին ուժերու կողմէ, որոնք կամա կամ ակամա կը խարխլէին հայկական ռազմական ջանքերը:

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի ապագային, ապա յայտնի փաստ է, որ 1920-ին սովետական բռնակալ Ժոզէֆ Ստալինը որպէս «նուէր» մատուցեց արհեստականօրէն ստեղծուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Նախիջևանի եւ Արցախի հայկական տարածքները:


Հայերու հետ տարածքային հակամարտութիւններէ զատ, Պաքուն տարածքային հակամարտութիւններ ունի նաեւ այլ փոքրամասնութիւններու հետ Ատրպէյճանէն ներս, հետեւեալ կերպ. 1) ԱՐՑԱԽ. 2) Ավարները, 3) Բուտուխները. 4) Լեզգիները, 5) ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ, 6) Թալիշները, 7) Ցախուրները, 8) Ուտիքցիները, 9) Հիւսիսարեւմտեան Իրանի Ապտրպատական; 10) Փայտակարան. (Տե՛ս քարտեզը)


Բայց նախքան Ատրպէյճանը մասնատելու վրայ կեդրոնանալը, հայերը պէտք է կարգի բերեն իրենց ազգային տունը՝ ստեղծելով Ճշմարտութեան Ազգային Յանձնաժո-ղով հետաքննելու բոլոր իրողութիւնները որոնք մեր ժողովուրդին պատճառեցին աղի-տալի հետեւանքներ:

Այդ յանձնաժողովին հարկաւոր է տրամադրել լիազօրութիւն՝ լոյս սփռելու ներքին մութ ծալքերու վրայ եւ քաղաքացիական հասարակութեան հնարաւորութիւն տալով դասեր քաղելու իր մօտ անցեալի սխալներէն:

Ինչպէս աստուածաշնչեան խօսքը կ’ըսէ. «Եւ ճշմարտութիւնը կ’ազատէ ձեզ»:

Միայն այդ պարագային է, որ Հայաստան կրնայ շարժուիլ ընդդառաջ:

Այս առումով, USA Armenian Life Magazine-ի եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի խմբագրական խորհուրդը կը վերանորոգէ իր յանձնառութիւնը ընթերցողներու հանդեպ՝ աջակցելու ճշմարտութեան բացայայտման սիրոյն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *